Վատիկան կատարած իր միօրեայ այցելութեան ընթացքին, որուն նպատակը Վատիկանի Արեւելեան եւ Գրիգորեան համալսարանին մէջ դասախօսութիւն տալ էր, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդական հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի հետեւեալ բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ.
Ա) Վատիկանի վարչապետը նկատուող կարտինալ Փարոլինի բացակայութեան, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար կարտինալ Քալաղըրին հետ քննարկուեցան յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւնները եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
Բ) Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխին հետ անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս միջեկեղեցական շարժումին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան:
Գ) Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու բաժանմունքի պատասխանատու կարտինալ Կիւճերոթիին հետ քննարկուեցան միջինարեւելեան երկիրներու մէջ հաստատուած կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ ուղղափառ ու բողոքական եկեղեցիներու գործակցութիւնը եւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած հարցեր: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի ժողովուրդին միջազգային հովանաւորութեամբ վերադարձին եւ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման:
Դ) Հաւատք եւ դաւանանք բաժանմունքի պատասխանատու կարտինալ Ֆերնանտեզի հետ քննարկուեցաւ աստուածաբանութիւնը վերարժեւորումի ենթարկելու կարեւորութիւնը` ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:
Յայտնենք, որ Վատիկան կատարած իր կարճ այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետը հիւրը եղաւ հոգեւոր տիրոջ, որ ի պատիւ կաթողիկոսին` ընթրիք մը տուաւ Լեւոնեան վարժարանին մէջ: Հայրապետին ի պատիւ նաեւ ընթրիք կազմակերպեցին Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազենը եւ կարտինալ Քոխը:
«Կրօնի Դերը Անժխտելի Է Աշխարհաքաղաքականութեան Մէջ».
Արամ Ա. Կաթողիկոս` Վատիկանի Արեւելեան Համալսարանին Մէջ
Երեքշաբթի, 11 յունիս 2024-ին, «Կրօնի դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ» նիւթին շուրջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն մը տուաւ Վատիկանի Արեւելեան համալսարանին մէջ:
Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր յիշեալ համալսարանի, Գրիգորեան համալսարանի եւ Լիբանանի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ:
Նորին սրբութիւնը նախ պարզեց հին դարերէն սկսեալ կրօնի առանցքային դերը աշխարհաքաղաքականութեան մէջ: Յիշելէ ետք, որ պատմութեան ընթացքին կրօնի դերը հոլովոյթի ենթարկուած է աշխարհաքաղաքական պայմաններու փոփոխութեան զուգահեռ, ընդգծեց միաստուածեան կրօններու (մովսիսականութիւն, քրիստոնէութիւն, իսլամութիւն) ունեցած կեդրոնական դերը յատկապէս Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ծիրէն ներս կրօնին ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ` իր դրական ու բացասական երեսներով ու հետեւանքներով: Այս շրջագիծէն ներս նորին ս. օծութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.
Ա.- Հաւատք եւ բանականութիւն: Միաստուածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին հաւատքի ու բանականութեան փոխյարաբերութեանց գծով: Որքանո՛վ բանականութիւնը կը հակակշռէ հաւատքի հասկացողութեան ու արտայայտութեան վրայ, որքանո՛վ հաւատքը նկատի կ’առնէ բանականութեան մօտեցումները, ինչպէ՛ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել այս երկուքին միջեւ` հեռու մնալով մէկուն կամ միւսին բացարձակ գերակայութենէն:
Բ.- Ի՞նչ է կրօնին եւ քաղաքականութեան իւրայատուկ յարաբերութիւնը: Ճիշդ չէ կրօնը նոյնացնել քաղաքականութեան հետ, միաժամանակ կարելի չէ կրօնը քաղաքականութենէն հեռու պահելը: Դարձեալ, ինչպէ՞ս կարելի է ներդաշնակութիւն ստեղծել անոնց յարաբերութեան մէջ, մէկ կողմէն առանց քաղաքականացնելու կրօնը, եւ միւս կողմէն` առանց կրօնական բովանդակութիւն եւ ուղղութիւն տալու քաղաքականութեան:
Գ.- Կրօնը թէ՛ միացնող եւ թէ՛ բաժանարար ազդակ է: Այսպէս կը վկայեն պատմութիւնը եւ ներկայ իրականութիւնը: Իր բնոյթով ու նպատակով կրօնին դերը միշտ կը մնայ միացնող եւ հաշտեցնող, այլ խօսքով, կամուրջի դեր ունի կրօնը: Սակայն կրօնը նաեւ օգտագործուած է քաղաքական նպատակներու համար, եւ հետեւաբար պատճառ դարձած է յաճախ բաժանումներու ու պատերազմներու:
Վերոյիշեալ երեք երեւոյթներուն անդրադառնալէ ետք, վեհափառ հայրապետը յիշեց հետեւեալ կէտերը, որոնք պէտք է կազմեն կրօնին իւրայատուկ դերը ներկայ ընկերութեան ու յատկապէս Միջին Արեւելքէն ներս.
Ա.- Փոխադարձ վստահութեան ամրապնդում: Կարելի չէ մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատել, երբ կը պակսի փոխադարձ վստահութիւնը: Որքան ալ քաղաքական ծիրէն ներս խաղաղութեան դաշնագիրներ ստորագրուին, երբ ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը կը պակսի, խաղաղութիւնը միշտ կը մնայ փխրուն ու ժամանակաւոր:
Բ.- Խաղաղութիւնը պէտք է հաստատել արդարութեան հիման վրայ: Որքան ալ խաղաղութեան պայմանները ըլլան փոխադարձաբար ընդունելի, արդարութիւնը պէտք է կազմէ հիմքը մնայուն խաղաղութեան:
Գ.- Կրօնի դերը կենսական է ընկերութեան կեանքէն ներս` մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Ընկերութիւնը կառուցուած պէտք է ըլլայ կառավարման այնպիսի միջոցներով ու սկզբունքներով, ուր թափանցիկութիւնն ու հաշուետուութիւնը դառնան մղիչ ուժերը ընկերութեան կեանքին:
Դ.- Պայքար` արմատական շարժումներու դէմ: Ներկայ ժամանակներուն քաղաքական ու գաղափարախօսական նպատակներէ մեկնած` արմատական շարժումներ յաճախ կը յառաջանան ընկերութիւններու կեանքէն ներս: Կրօնը զգուշ պէտք է ըլլայ նման շարժումներուն կողմէ շահագործուելէ եւ պէտք է դառնայ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու պահապանը:
Ե.- Տագնապներու կանխազգուշացման մէջ առանցքային է դերը կրօնին: Տագնապներ լուծելը շատ աւելի դժուար է, քան` զանոնք կանխարգիլելը: Կրօնը կոչուած է` որպէս բարոյական հեղինակութիւն, կարեւոր նպաստ բերելու հարցերու լուծման եւ կողմերու միջեւ հասարակաց յայտարարներ որոնելու ուղղութեամբ:
Յիշեալ կէտերուն անդրադառնալով` նորին սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց կրօնին իւրայատուկ դերը: Իր խօսքի աւարտին, անդրադառնալով Միջին Արեւելքին պարզած ներկայ փոթորկալից կացութեան, վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ կրօնը Միջին Արեւելքի ընկերութեան պատմութեան ու ներկայ կեանքին մէջ իր ունեցած գործօն ներկայութեամբ եզակի դերակատարութեամբ կրնայ կարեւոր նպաստ բերել հարցերու լուծման, խաղաղ գոյակցութեան ամրապնդման եւ փոխադարձ վստահութեան ծաւալման` պատմական տուեալներէն ու արդարութեան սկզբունքներէն մեկնած: Վեհափառ հայրապետը առաջարկեց, որ երեք կրօններու բարձրագոյն ներկայացուցիչները հանդիպին Երուսաղէմի մէջ, ուր պատմականօրէն ամրագրուած է անոնց ներկայութիւնը, եւ խաղաղութեան կոչ ուղղեն:
Վեհափառ հայրապետին դասախօսութենէն առաջ յաջորդաբար խօսք առին` համալսարանի տնօրէնը, Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպանը եւ Վատիկանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Քոխը: Անոնք անդրադառնալէ ետք կաթողիկոսին կենսագրական գիծերուն` շեշտեցին, որ ան միջազգային դէմք է` միջեկեղեցական ու միջկրօնական աշխարհին մէջ իր ունեցած տարիներու փորձառութեամբ, հեղինակած գիրքերով եւ միջազգային համագումարներու մասնակցութեամբ:
Դասախօսութեան ներկայ էին` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը, այլ առաքելութեամբ մը Հռոմ ժամանած Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեանը, համալսարաններու դասախօսներ, դեսպաններ եւ Վատիկանի զանազան բաժանմունքներու պատասխանատուներ: