Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

July 2, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 18 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը` ներկայութեամբ Ճեմարանի անձնակազմին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

Բացման խօսքը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան, որ ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Ինչպէս ամէն սկիզբ վերջ մը ունի, նոյնպէս ալ մեր Կանաչ դասարանի փոքրիկներուն մանկապարտէզի երեք տարիները վերջ գտան: Այսօր մեր փոքրիկ հետազօտողները պիտի ճոխացնեն բեմը իրենց գունազարդ տարազներով եւ մեզ պիտի տանին արտասովոր պտոյտի մը ցամաքամասէ ցամաքամաս: Անոնք պիտի ծանօթանան զիրենք շրջապատող աշխարհին, բնական ու կենդանական հարուստ միջավայրին եւ մեծ հետաքրքրութեամբ պիտի բացայայտեն ցամաքամասերը` իրենց երկիրներով եւ հրաշալիքներով»: Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն` ան ըսաւ. «Սիրելի՛ փոքրիկներ, դուք հրաժեշտ պիտի տաք ձեր սիրելի մանկապարտէզին եւ պիտի անցնիք տարրական բաժին: Դուք պիտի ըլլաք` ապագայ հայ ուսուցիչը, արուեստագէտը, գիտնականը, ղեկավարը, հայ հայրն ու մայրը: Եղէ՛ք քաջ, ազնիւ, համեստ, աշխատասէր, ուրախ, եւ թող ժպիտը չպակսի ձեր դէմքերէն»:

Այնուհետեւ, մանկապարտիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն` իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Եզրափակելով իր խօսքը, Եահնիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց գործակցութեան եւ վստահութեան համար:

Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր` «Հաճելի օր մը ցամաքամասէ ցամաքամաս»:  Կանաչ դասարանի փոքրիկները որոշեցին ուսումնասիրել ցամաքամասերը եւ ընտրեցին հրթիռը` իբրեւ փոխադրամիջոց, որպէսզի արագացնեն իրենց աշխատանքը: Անոնք գունաւոր հագուստներ հագած` բարձրացան Ճեմարանի մանկապարտէզէն ընթացք առնող հրթիռը եւ  երգելով, նուագելով ու պարելով ներկայացուցին աշխարհի տարբեր ցամաքամասերը մինչեւ հրթիռին վայրէջքը դէպի Ճեմարանի տարրական բաժին: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ Կապոյտ դասարաններու փոքրիկները երկու պարերով:

Հանդէսի աւարտին բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները. Ժրէյժ Մարի Անիս, Ժրժես Գլօէ, Լօշխաճեան Անի, Լօշխաճեան Լօրի, Համբարեան Կայէլ, Ռաստելէնեան Ալիք, Քեպապճեան Լիլա, Օհանեան Էվա, Ալ Հաժ Լին, Ալթունեան Լիլիթ, Կարապետ Արեւ, Ղարիպեան Տեսիլ, Ճանսըզեան Էմմա, Մալաճեան Նաթալիա, Մանտալեան Ալիք, Նեմշէհրիլեան Մակալի, Քէլէշեան Նանար, Եսայեան Ռուբէն, Իմաստունեան Վարագ, Միթիլեան Արէն, Սամուէլեան Էնտրու, Տեմիրճեան Մհեր, Տէր Պետրոսեան Ստեփան, Աղուորեան Ալեքս, Թամուկեան Հրանդ, Թանկուքեան Ժիրայր, Թաշճեան Մոնթէ, Մկրտիչ Գէորգ Արի, Սամուէլեան Արթըր:

Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «Վա՛րձքը կատար» ըսաւ բոլորին:

Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ:

 

 

Նախորդը

Սրբազան Պայքարին Ներքին Տրամաբանութիւնը

Յաջորդը

Քոփա Ամերիքա. Մեքսիքա Դուրս Մնաց, Էքուատոր Հասաւ Քառորդ Աւարտական

RelatedPosts

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ.  «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»
Գաղութային

2026 Տարուան Հայրապետական Հռչակագիրը Կարդացուեցաւ Մայրավանքին Մէջ. «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»

January 14, 2026
Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ
Գաղութային

Մանուկներու Եւ Տարեցներու Տօնակատարութիւններ` ԼՕԽ-ի Նախաձեռնութեամբ

January 12, 2026
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը  Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին
Գաղութային

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.