Հինգշաբթի, 6 յունիս 2024-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ խանդավառ մթնոլորտով տեղի ունեցաւ վարժարանի 2023-2024 տարեշրջանի «Ես մի ծիլն եմ քո արտի» խորագիրը կրող հանդէսը:
Ներկայ էին` վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, խնամակալութեան անդամներ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան եւ վարչութեան անդամներ, Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ԼՕԽ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցիներու թաղականութիւններու եւ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, ծնողներ ու ուսուցիչներ:
Արցախի նուիրուած ազգային ու հայաշունչ ոգիով լեցուն այս հանդէսին հերթաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները եւ ներկայացուցին տարբեր երգեր ու պարեր, նաեւ արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով, ինչպէս` «Ղարաբաղ իմ», «Արդեօք ովքեր են» եւ այլն: Յատկանշական էր Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն արտասանուած խօսքերը` նուիրուած արցախահայութեան, անոր իրաւունքներու վերատիրացման ու հայրենի հողի կարօտին, ինչպէս նաեւ` անոնց պատրաստած ասմունք տեսերիզը: Սրահի բեմն ու յարակից մասերը իւրայատուկ կերպով զարդարուած էին այս առիթով:
Վարժարանի մանկապարտիզպանուհին` Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ այդ օրը դպրոցի ամէնէն երիտասարդ սաներուն` Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու կեանքին մէջ մեծ իրադարձութիւն մըն է: Ան նշեց, որ մանկապարտէզի այս տարուան հունձքը կը կազմեն օրուան 15 աստղերը, որոնք կու տան ուժ եւ յոյս` շարունակելու ու զարգացնելու, որովհետեւ անոնք են մեր ներկան ու ապագան: «Միշտ հպարտ ենք իրենցմով եւ մեր շարունակականութիւնը` իբրեւ հաւաքականութիւն, կը տեսնենք իրենց աչքերուն մէջ, հոգիներուն ու մտքերուն մէջ,
կը տեսնենք այն հսկայական ներուժը որ պահուած է անոնցմէ իւրաքանչիւրի մէջ», նշեց ան:
Խօսքը ուղղելով Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն` Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան ըսաւ, որ այդ երեկոյ սկիզբը կը դրուի կեանքի ճամբորդութեան նոր փուլի մը, որ լի է արկածախնդրութիւններու եւ նոր գիտելիքներու ձեռքբերումներով: Ան յորդորեց աշակերտները` միշտ յիշելու մանկապարտէզի տարիներուն սորվածները, վստահելու իրենց կարողութիւններուն, քաջութեամբ ու վճռակամութեամբ դիմագրաւելու ամէն դժուարութիւն եւ միշտ հաւատալու, որ պիտի հասնին աւելի բարձրին ու լաւին:
Մանկապարտիզպանուհին նաեւ անդրադարձաւ հանդէսի խորագիրին եւ կարեւոր նկատեց Արցախը մեր առօրեային անքակտելի մաս պահելու հրամայականը եւ ըսաւ. «Արցախը անցալ մը չէ եւ պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ մեր դպրոցներուն մէջ տիրական կը դարձնենք` անոր ներկայութիւնը, անոր շունչն ու դարերու պատգամը, պատմութիւնն ու հերոսութիւնները: Անցեալ մը չ՛ըլլար, երբ մեր տուներուն մէջ կ՛երգենք ու կը յիշենք արցախցիին սխրագործութիւններուն մասին: Հետեւաբար պիտի ապրեցնենք որպէսզի նոր ծիլեր տալով` այդ արտը պահպանուի ու վերամշակուի, պիտի ապրեցնենք, որպէսզի պաշտպանած ըլլանք արցախահութեան իրաւունքները, պիտի ապրեցնենք, որպէսզի վերականգնի հայու արժանապատուութիւնը: Վերջապէս, պիտի ապրեցնենք, որպէսզի մնայ հայկականութիւնը, հայոց լեզուն, մշակոյթն ու սովորութիւնները:»
Աւարտին ան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց` պատկան մարմիններուն, երեսփոխան Յակոբ Թէրզեանին, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդին, դպրոցի խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ` մանկապարտէզի ուսուցիչներուն ու պաշտօնակիցներուն:
Ապա տեսերիզի ուղեկցութեամբ բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները` ծնողներուն ու ներկաներուն փոխանցելով նոր կեանք ու յոյսի ապրումներ: Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ` ձեռամբ պետական երեսփոխան ու վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Թէրզեանի, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի եւ կրթական տնօրէն Գրիգոր Էքմէքճեանի:
Վկայականներ ստացան Ալեակ Պարսումեան, Սէլին Տուզմանեան, Գրիգոր-Պայքար Վարդանեան, Գրիգոր Լեւոնեան, Լիլա Պետրոս, Փիեռ Տաուտեան, Գլոի Եամմին, Էլենա Գույումճեան, Կարէն Ճորեան, Յարութ Օհաննէսեան, Մարիէլ Օհաննէսեան, Մաթէոս Սալամէ Պարժ, Լիանա Քէշիշեան, Սիլա Աքիքի եւ Յակոբ Փարիզեան:
Վերջապէս, Շնորհք քհնյ. Տէր Արթինեանի «Պահպանիչ» աղօթքով հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին` հաւատքի ու յոյսի ներշնչումով դիմաւորելու յառաջիկայ աշխատանքներն ու մարտահրաւէրները: