«Համախմբուի՛նք Համահայկական Օրակարգի Մը Շուրջ»
Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով Այսօր 21 սեպտեմբեր է. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրն է. այլ խօսքով, սովորական օր չէ՛, պէտք չէ՛ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար: Մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի անկախութեան համար պայքարեցանք, ստեղծագործեցինք, նոյնիսկ արիւն թափեցինք այն խոր գիտակցութեամբ, որ անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է եւ, հետեւաբար, սրբազան արժէք է եւ անոր անվթար պահպանումն...




















