Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբադասման Ուղիին Վրայ Գտնուող Երջանկայիշատակ Աստուծոյ Ծառային` Կարտինալ Աղաճանեանի Մարմնին Լիբանան Վերադարձը Նոր Յոյս Կը Ներշնչէ Լիբանանցիներուն Եւ Նոր Սուրբ Մը Կը Շնորհէ Մայրիներու Երկրին

Սեպտեմբեր 20, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աստուծոյ ծառայ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին մարմինը, 53 տարի Հռոմ մնալէ ետք, հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, MEA օդանաւով, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքին եւ քանի մը հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ ժամանեց Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայանը, ուր երանաշնորհ կաթողիկոս-պատրիարքին անփուտ մարմինը ընդունեցին` հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, մայրապետներ, պետական, երեսփոխանական եւ համայնքային անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ` օդակայանի անվտանգութեան ու ներքին ապահովական ուժերուն հրամանատար զօրավարներ, բարձրաստիճան սպաներ ու պատասխանատուներ:

Ժամանելէ ետք տասներկու կղերականներ Աղաճանեանի մարմինը տեղափոխեցին Պէյրութի օդակայանին մէջ արքաներու եւ նախագահներու ժամանումին վերապահուած պատուոյ դահլիճը, ուր աղօթքով եւ շարականով տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւնը:

Մինչ այդ մայրաքաղաքին կեդրոնը գտնուող Նահատակաց հրապարակին վրայ, ապահովական խիստ միջոցառումներու տակ, արդէն սրբաշնորհ  ծիրանաւորին ակնդէտ կը սպասէին բազմահազար հաւատացեալներ, որոնք անոր մէջ կը տեսնէին աստուածային զօրութեան ու հոգեկան խաղաղութեան յոյսը: Ժողովուրդը սրբակեաց հոգեւորականին մարմինը ընդունեց արցունքներով, վարդերով, ծափողջոյններով եւ ուրախութեան այլ դրսեւորումներով:

Սրբաշնորհ կաթողիկոս-պատրիարքին ապակեայ արկղը, հայ սկաուտներու երաժշտական շեփորախումբի հնչիւններուն ներքոյ, իսլամ թէ քրիստոնեայ` լիբանանեան բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչ 12 երիտասարդներուն կողմէ, ուսամբարձ եւ վեհաշուք թափօրով մը հասաւ հրապարակը` եպիսկոպոսներէ եւ քահանաներէ բաղկացած շքախումբի առաջնորդութեամբ, եւ տեղադրուեցաւ այս առիթով յատուկ պատրաստուած խորանին վրայ, ուր ժամը 7:00-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ սկսաւ պաշտօնական, համալիբանանեան եւ համազգային հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքին եւ ներկայութեամբ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներէն ծիրանաւոր, ամենապատիւ, արհիապատիւ, սրբազան, գերապայծառ, գերյարգելի ու մեծաւոր հոգեւոր հայրերու եւ իսլամ կրօնապետներու, կրօնաւորներու ու մայրապետներու, ինչպէս ալ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, մշակութային ու կուսակցական անձնաւորութիւններու, ապահովական եւ դատական ղեկավարներու, բանակային ու լիբանանեան տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու, զորս գլխաւորեց Նեժիպ Միքաթի` պաշտօնակատար վարչապետը:

Տօնահանդէսը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ, ապա հսկայ զոյգ պաստառներուն վրայ ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդին պատշաճ եւ կարտինալ Աղաճանեանի կեանքը ներկայացնող վաւերագրական տեսանիւթ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները ծանօթացան` անբասիր հոգեւորականին, սրտցաւ հայուն, հայրենասէր լիբանանցիին, անձնուէր կարտինալ հայրապետին ու «դժուար առաքելութիւններ իրականացուցած» մեծ հայորդիի եզակի անձնաւորութեան եւ անոր բարեմասնութիւններուն մասին:

Լիբանանեան բանակին նուագախումբը հնչեցուց հայերէն եւ արաբերէն հոգեւոր տաղեր, նաեւ` հայահունչ եղանակներ: Տարբեր լեզուներով քանի մը երգերով շատ յաջող ելոյթ ունեցաւ Լայալ Նաամէ-Մաթար շնորհալի երգչուհին: Այսպէս,  գեղարուեստական ներկայացումներու ընդմիջումներով եւ հանրածանօթ խօսնակ Մաժետ Պու Հետիրի փայլուն հանդիսավարութեամբ, յայտագիրը տեւեց մէկ ժամ:  Իրենց սրտին խօսքերը արտասանեցին` հոգեւոր տէրը, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, իսկ շնորհակալական խօսքով` Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահ:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք իր խօսքը սկսաւ երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի վերջին բառերով. «Ծարաւի եմ, ծարաւի եմ ձեր սրբութեան, սիրելիներս»:

«Այո՛, ասոնք էին մեզի ուղղուած անոր վերջին խօսքերն ու մաղթանքները` այս աշխարհէն անոր մեկնումէն 53 տարիներ առաջ, եւ ասոր համար ալ բոլորս ձգտելու ենք այս սրբութեան:

«Այս դժուար օրերուն ու մեր սիրելի հայրենիքը` Լիբանանը շրջապատող վտանգներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց` մենք ստանձնեցինք այս ծանր պատասխանատուութիւնը եւ Լիբանան բերինք Աստուծոյ ծառային` կարտինալ Աղաճանեանի մարմինը: Զինք հոս բերինք վեհ նպատակի մը համար. հայ ըլլալով հանդերձ, ան լիբանանցի է եւ Լիբանանի յառաջատար անձնաւորութիւններէն մին, որ կրած է անոր դիւանագիտական անցագրին բացառիկ աստիճանը 1943 թուականէն` անկախութեան տարիէն, եւ` ոչ միայն անցագիր մը, այլ նաեւ ան կրեց «Մայրի» շքանշանը, որ ստացած է վսեմաշուք նախագահ Շարլ Հելուէն: Զինք բերինք Լիբանան` ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու համար մեր համերաշխութիւնը, համամիութիւնն ու փոխադարձ սէրը համայնքներուն եւ բոլոր կողմերուն միջեւ: Ահաւասիկ այս համայնապատկերը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան ընտանիքը ներկայացնող բոլոր համայնքները, որոնք հիմա կը կրեն անոր մարմնին արկղը:

Ուստի, այսօր իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մեր մեծ հայրենիքին` սիրոյ ու նուիրուածութեան հայրենիքին, հոգեւոր ու ընկերային խորհրդանիշներու հայրենիքին, սուրբերու օրրանին եւ համակեցութեան երկրին: Ես, աւելի քան երբեք, պարտք կը զգամ իմ մեծ շնորհակալութիւնս յայտնելու այս երկրին ժողովուրդին, իմ հայրենիքին` Լիբանանին, գլխաւորութեամբ այսօրուան պետական իշխանութիւններուն ու ներկայ պաշտօնեաներուն, որոնք ամէն ջանք կը թափեն անոր ապահովութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճումին համար, ինչպէս նաեւ` բոլոր պատկան ու տեսչական մարմիններուն, որոնք ամէն առիթ օգտագործեցին, որպէսզի միասնաբար մեծարենք Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Աղաճանեանը` պատմական Դերակատարը արդարութեան ու խաղաղութեան, որոնց շնորհքներուն ալ ծարաւն ունինք այսօր:

Ոչ միայն շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր հայրենիքին եւ պատասխանատուներուն, այլ նաեւ, երախտագիտութեան զգացումէն աւելի, իմ մեծագոյն սէրս կ՛արտայայտեմ ձեզի, որ ձեր մասնակցութեամբ կը դրսեւորէք ձեր գնահատանքն ու մեծարանքը ոչ միայն Աստուծոյ ծառային, այլ նաեւ` անոր Ս. Եկեղեցիին զաւակներուն, որոնք դարերէ ի վեր արմատացած են Լիբանանի մէջ:

Շնորհակալ եմ բոլորիդ եւ Տիրոջմէս ու Աստուծոյ ծառայէն` կարտինալ պատրիարք Աղաճանեանէն կը խնդրեմ, որ ձեր վրայ հսկէ այնպէս, ինչպէս որ այս հաւատարիմ ծառան մեզի խոստացաւ երկնային երանութեան շնորհները, յատկապէս` այս դժուար օրերուն եւ վճռական ժամանակներուն, որոնք կը յատկանշուին արդարութեան ու խաղաղութեան բուռն պահանջներով` անոր այս սրբազան երկրին մէջ: Ասիկա էր սկզբունքը մեր սիրելի հայրապետին, զոր այսօր մեր առջեւ կը տեսնենք` փակ աչքերով, բայց ինչպէս որ ըսաւ ու գրեց իր կտակին մէջ, «Ես հիմա կոյր եմ, ոչինչ կը տեսնեմ, բայց երբ աչքերս փակեմ առ յաւէտ, այն ատեն կրնամ օգնել ձեզի»:

Այո՛, ես կը հաւատամ Աստուծոյ ծառային այս խօսքերուն, քանի ուրոյն փորձառութիւնն ունեցայ իմ անձնական կեանքիս մէջ, երբ անոր մահէն ետք անկէ յատուկ եւ անգնահատելի օրհնութիւնը ստացայ. ես, որ կ՛ուզէի հեռանալ իմ յատուկ կոչումէս ու զբաղիլ աշխարհիկ կեանքով: Ան ինծի տուաւ քահանայութեան կոչումը, որուն հաւատարիմ կը մնամ:

Այո՛, կը հաւատամ Աստուծոյ ծառային խոստումին, երբ ըսաւ, որ ձեզի պիտի օգնեմ յաւերժութենէն, հետեւաբար, այս ազնիւ, անկեղծ ու հաւատարիմ մարդուն խօսքերէն մեկնելով` ես վստահ եմ, վստահ եմ, որ ան ճիշդ խաղաղութեան համար պիտի միջնորդէ այս սիրելի հայրենիքին համար, ինչպէս որ իր կեանքին ընթացքին զայն բերաւ Լիբանանին:

Այո՛, Լիբանանին ապահովեց անոր բռնագրաւուած իրաւունքները եւ զայն պաշտպանեց` խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը բերելով անոր զաւակներուն միջեւ: Այսօր հոս մեր բոլոր համայնքներուն միասնական ներկայութիւնը այդ իրականութեան վառ ապացոյցն է: Այն խաղաղութեան ապացոյցը, որուն համար կը գործենք քաղաքական հաշտութեան, համակեցութեան ու համերաշխութեան ի նպաստ:

Այսօր Աստուծոյ ծառային` կարտինալ կաթողիկոս Աղաճանեանի հայրենիք վերադարձով եւ այստեղ ձեր առջեւ անոր մեծարումով` անկէ կը խնդրեմ իմ անունովս եւ ձեր անունով, որ մեզի արդար ու ցանկալի խաղաղութիւնը շնորհէ, մեզի տայ այս շնորհը, ինչպէս որ խոստացաւ:

Բայց ես շատ աւելին կը ցանկամ, մինչ կը կանգնիմ անոր մաքրամաքուր մարմնին առջեւ եւ կ՛ուզեմ ուղղակիօրէն անոր դիմել իմ անունովս եւ ձեր անունով` անոր հարցնելով, «Թէ արդեօ՞ք դուն կը տեսնես այս մեծ բազմութիւնը, որ եկած է քու հանդիսական ու պաշտօնական ընդունելութեանդ համար, ո՜վ սիրեցեալ հայրապետս: Կը զգա՞ս, թէ ի՛նչ սէր ու մեծարանք ունին քեզի հանդէպ: Ո՜վ սիրեցեալ հայրապետ, նայէ՛ մեզի, թէ ինչպէ՛ս բոլորս` իսլամներս եւ քրիստոնեաներս, կողք կողքի կանգնած ու սրտանց համախմբուած ենք` ձգտելով խաղաղութեան եւ բարեկեցիկ կեանքին, ինչպէս նաեւ` կառչած մնալով համամարդկային, բարոյական, ընկերային ու հոգեւոր արժէքներուն:

Նայէ՛ մեզի եւ մեզ օրհնէ՛ Տիրոջ անունով, որպէսզի անոր շնորհով վերադառնանք մեր խիղճերուն եւ նուիրուինք մեր հոգեւոր, աշխարհական ու ազգային պարտականութիւններուն` ի նպաստ արժանապատիւ եւ ազատ Լիբանանին` համերաշխութեան ու առաքելութեան մեր երկրին ու հայրենիքին:

Այո՛, ո՜վ հայրապետ, դուն կու գաս «Յաւիտենական Քաղաք»-էն, որպէսզի մեզի հետ բաժնես այս տագնապը, մեզ մխիթարես եւ աջակցիս այս հանգրուանին, ինչպէս ալ քու յաւերժական աչքերովդ նայիս մեր մարդկային տկարութիւններուն` ամրապնդելու համար մեր կամքը, լուսաւորելու համար մեր ուղին եւ մեր կարիքներուն ընդառաջելու համար մեր Տիրոջ շնորհով:

Մենք ալ, մեր կարգին, նախաձեռնութիւնը կ՛առնենք մեր անձին, եղբայրներուն եւ ընկերութեան հետ հաշտութիւնը կնքելու համար: Նախաձեռնութիւնը կ՛առնենք ի նպաստ ազգային ու քաղաքական հաշտութեան, որպէսզի մեր հայրենիքը` Լիբանան, վերագտնէ իր գեղեցկութիւնն ու մակարդակը` վերադառնալով իր սահմանադրական կարգավիճակին եւ հանրապետութեան նախագահ, պետութիւն ու արդարադատութիւն ունենալով, որոնց սկզբունքն ըլլալու է մասնակցութեամբ եւ հաւասարութեամբ ծառայել ազգային ամբողջականութեան ու պահպանել միասնականութիւնը»:

Իսկ այժմ, ձեզի կը դառնամ, ո՜վ սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, եւ իմ շատ սիրելի քաղաքական գործիչներ ու մեր սիրելի հայրենիքին` Լիբանանի ներկայացուցիչներ, դո՛ւք ալ նայեցէք ձեր դիմաց բազմած այս լուռ մարմնին, որ երկինքէն մեզի կը նայի ու կ՛ըսէ, որ չվախնա՛նք, որովհետեւ ան մեր հետն է, պիտի օգնէ մեզի, ինչպէս որ խոստացաւ, ուստի կանգնեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք այն, ինչ որ ձեզմէ կը խնդրէ եւ Տիրոջ օրհնութիւնը ձեզի հետ ըլլայ:

Վերջապէս, իմ խորին շնորհակալութիւնս, երախտագիտութիւնս ու սէրս կը յայտնեմ ձեզի, Աստուծոյ ծառային` Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի բարեխօսութեամբ, որ մեզ սիրեց ու կը շարունակէ սիրել այն եղբայրական ոգիով, զոր միասնաբար ապրելու ենք: Հետեւաբար ես վստահ եմ, որ այս հանդիսութիւնը երբեք անպտուղ պիտի չմնայ:

Եղբայրնե՛ր ու քոյրեր, մէկ անգամ եւս ընդունեցէ՛ք իմ խորին շնորհակալութիւնս.  ամենայն յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը խոնարհիմ ձեր առջեւ` ձեր մասնակցութեան համար այս հանդիսական արարողութեան, որ նախասկիզբն է Աստուծոյ առատաձեռն ծառային` կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին սրբադասումին համար»:

Պշարա Ռայի պատրիարք, իր կարգին, խօսք առնելով` տուաւ իր անձնական վկայութիւնը Աղաճանեան ծիրանաւորին մասին եւ անոր ազդեցութիւնը իր կեանքին վրայ: Ան վկայեց, որ կարտինալին առաջին անգամ ծանօթացած է 1953-1954-ին, երբ ինք տակաւին ուսանող էր Մարեմեան մայր վանքի` Սէյիտեթ Լուէյզի վանքին մէջ, ուր նաեւ կը ծառայէր խորանին: Այստեղ է, որ Աղաճանեան, երանելի Եաագուպ Հատտատ Քապպուշիի հրաւէրով, Յիսուս Փրկիչի տօնին առթիւ պատարագ մատուցած էր: Ապա պատրիարք Ռայի 1962-ին դարձեալ հանդիպած էր ծիրանաւոր կարտինալին` Վատիկանին մէջ, ուր խոր ակնածանքով նայած էր անոր` վստահութիւն յայտնելով որ ան պիտի հանդիսանայ հրաշալի երանելի մը եւ սուրբ մը` նոր սերունդներուն համար:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ կարտինալ Աղաճանեանի բացառիկ անձնաւորութեան, ինչպէս նաեւ նշեց անոր լիբանանեան ու համամարդկային յատուկ դերակատարութիւնը, յատկապէս` մեր երկրին դժնդակ ու տառապալից օրերուն: Ան շատ կարեւոր նկատեց մեր հայրապետին վերադարձը դէպի մեր հայրենիքը, յատկապէս` այս դժնդակ օրերուն, երբ խիստ կարիքը կը զգացուի անոր հայրենանուէր, անձնուրաց ու հաշտարար շունչին եւ օրինակելի տիպարին:

Վարչապետի պաշտօնակատարը իր ելոյթի ընթացքին մատնանշեց, որ կարտինալի անձին մէջ միատեղուած էին զանազան ինքնութիւններ` լիբանանեան հայրենիքի նմանողութեամբ. «Ան եղած էր հայ-վրացի-լիբանանցի,  արեւելեան-հռոմէական քրիստոնեայ կարտինալը, որ միշտ բաց էր ուրիշներուն` սիրով եւ հաւատքով, պահպանողն էր Կաթողիկէ Ընդհանրական եկեղեցիին քահանայութեան առաքելութեան եւ հաստատուն պահապանը Լիբանանի ազգային պատկանելիութեան, երկրի մը, որ կը յորդի հաւատքով ամէն անգամ, որ դժուարութիւններ կը կուտակուին»:

«Ես այսօր պիտի չխօսիմ կարտինալ-պատրիարք Գրիգոր Աղաճանեանի կեանքին ու քահանայութեան, ոչ ալ նոյնիսկ անոր ազգային դերին մասին Լիբանանի թէ՛ բարգաւաճումին ու զարգացումին, թէ՛ ներքին պառակտումներու ու յեղափոխութիւններու ժամանակներուն մասին: Անոր սխրագործութիւնները ամենապերճախօս վկայութիւններն են: Այն, ինչի մասին այսօր կ՛ուզեմ խօսիլ, «Լիբանան պատգամն» է, մանաւանդ որ այս պատգամին հրաշալի օրինակն է կաթողիկոս-պատրիարք Աղաճանեան կարտինալը, որուն մարմինը կը դիմաւորենք այսօր:

Արդարեւ, լիբանանցի ժողովուրդը, որ այսօր կ՛ապրի այլազանութեան հարստութիւնը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, կոչուած է ապրելու միասնականութեան եւ համերաշխութեան հարստութիւնը` իր բաղադրիչներու եւ տարրերուն միջեւ: Եւ ա՛յս էր նաեւ անոր առաքելութիւնն ու դերը ներքին գետնի վրայ, միջինարեւելեան տարածաշրջանին եւ համայն աշխարհին մէջ օրինակ հանդիսանալ ողջ մարդկութեան, որ տարբերութիւնն ու բազմազանութիւնը չեն նշանակեր վէճեր, պատերազմներ եւ միւսի վերացում, այլ կը հանդիսանան որպէս մերձեցումի լաւագոյն միջոցը, որ կ՛ուղղորդէ դէպի կեանքին կառուցումը»:

«Կարտինալ պատրիարք Աղաճանեան ապրեցաւ այս եզակի փորձառութիւնը իր էութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ու ազգային մակարդակներու վրայ իր պաշտօններուն ընդմէջէն` հանդիսանալով մերձեցումի օրհնութեան լաւագոյն արտայայտիչը, մարդկային այն վսեմ արժէքը, զոր պէտք է մարմնաւորեն բոլոր լիբանանցիները իրենց համատեղ կեանքին մէջ:

Բայց մերձեցումի օրհնութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն երկխօսութեան միջոցով, որ ոչ միայն գաղափարներու, համոզումներու եւ կողմնորոշումներու շուրջ երկխօսութիւնն է, այլ նաեւ, առաջին հերթին, առօրեայ կեանքին երկխօսութիւնը, որուն միջոցով կ՛ապահովուի բոլորին մասնակցութիւնը ազգային միասնական ճակատագրի որոշումին: Այս երկխօսութիւնը հասարակութեան պատասխանատուութիւնն է` իր կենդանի ուժերով, եւ, ի հարկէ, նաեւ պետութեան պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ անիկա այն բնական գիրկն է, որուն կ՛ապաւինին բոլոր համայնքները, ուստի պետութիւնը իր սահմանադրական հիմնարկներով պէտք է աջակցի մտքի երկխօսութեան ու կեանքի երկխօսութեան զուգահեռաբար` հեռու մնալով խոչընդոտելու եւ խափանելու բոլոր պատրուակներէն: Պետութիւնը ստեղծուած է աշխատելու, արտադրելու ու կառուցելու համար, ոչ թէ` կանգ առնելու եւ անգործութեան մատնուելու համար»:

Միքաթի մատնանշեց նաեւ, որ` «Ի դէպ, կեդրոնական Պէյրութի այս տարածքին վրայ, ուր մենք հիմա կանգնած ենք, չարաբաստիկ պատերազմի օրերուն բացի սեւ ծուխէն` ոչինչ կը բարձրանար, իսկ այսօր բոլոր լիբանանցիները լաւատես են կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին մարմնին ժամանումով, եւ անոնք մեծ յոյսեր կը կապեն, որ այս անգամ այս տարածքէն կը բարձրանայ սպիտակ ծուխը` հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան բարի լուրը` ի պատիւ նորին ամենապատիւ սրբութեան, որ մասնակցեցաւ Հռոմի Սուրբ Աթոռին քանի մը պապերու ընտրութեան»:

Միքաթի իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Կարտինալ Աղաճանեան` մարդերու ու յատկապէս կարիքաւորներու, աղքատներու, հիւանդներու եւ անօթեւաններու հանդէպ սիրով լի խոնարհ հայրապետը, որ աշխատած էր դպրոցներ, միութիւններ եւ որբանոցներ հիմնելու համար, սիրեց Լիբանանը, ինչպէս որդին կը սիրէ իր ընտանիքը, եւ սիրեց լիբանանցին, ինչպէս հայրը կը սիրէ իր երեխաները: Եւ ահաւասիկ ան այսօր իր երկրին մէջ եւ իր ընտանիքին մէջ է իր մահէն աւելի քան կէս դար անց` մերժելով, որ մահը նոյնիսկ զինք բաժնէ իր հայրենիքէն»:

Իր խօսքի աւարտին Միքաթի յարգանքի տուրք մատուցեց նաեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքին, որ` «Լուռ ու հետեւողական կերպով կ՛աշխատի Լիբանանի հոգեւոր տարբեր ընտանիքները մերձեցնելու ուղղութեամբ, եւ այսօրուան ազգային զօրաշարժը լաւագոյն վկայութիւնն է անոր տարած այս աշխատանքին»:

Հանդիսութեան աւարտին Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին օգնական Գրիգոր եպս. Պատիշահ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` իրենց ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ` անոնց, որոնք իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին այս տօնահանդէսին յաջողութեան համար:

Նշենք, որ յայտագիրի յաջողութեան եւ հեզասահ ընթացքին համար մասնակցեցան Սուրբ Մեսրոպի արիները, ՀԿՄ-ի Զալքայի մասնաճիւղին անդամներն ու Լիբանանի սկաուտական խումբը (Scout Du Liban), որուն շարքերուն մէջ կը գործէ նաեւ այսօր մասնակցող ՀԲԸՄ-ը:

Մուտքերուն չորս հազարէ աւելի եկողներուն բաժնուեցան «Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան. եկեղեցին… իմ մայրս» վերնագրուած հայերէն եւ արաբերէն գունաւոր ու պատկերազարդ գրքոյկը, ինչպէս նաեւ` չորս էջնոց թռուցիկ մը, որ կը բովանդակէ լուսանկարը, «Համառօտ կենսագրական», «Ակնարկներ երանացման եւ սրբադասման գործընթացի շուրջ» եւ «Աղօթք վասն երանացման Աստուծոյ ծառային` երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս-պատրիարքին» մասերը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, երբ սրբալոյս կարտինալին մարմինը ամփոփող արկղը ժողովրդային թափօրով դուրս եկաւ հրապարակէն եւ ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցի` հանգչելու համար իր նորակառոյց շիրիմին մէջ:

Տաճարին մէջ հայ կաթողիկէ հոգեւորական դասը «Ուրախ լեր» շարականով խորանին վրայ զետեղեց իր սրբաշունչ կաթողիկոս-պատրիարքին ապակեայ տապանը: Ապա առիթ տրուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն, որ իրենց յարգանքին տուրքը մատուցեն լիբանանեան հայրենիքին նորագոյն սուրբին, որմէ շնորհ ստանալու համար փութացած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ արտասահմանէն, Նահատակաց հրապարակը, եւ այն` տարբեր կրօններու, յարանուանութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ ու պատկանող լիբանանցիներ, ինչպէս ալ հայեր ու հիւրեր` սփիւռքէն:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (19 Սեպտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Արհեստական Բանականութիւնը Կ՛արշաւէ

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը
Գաղութային

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?