Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար.  «Սփիւռքահայ Թատրերգութիւնը»

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար. «Սփիւռքահայ Թատրերգութիւնը»

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան Այս ամրան «Այնճարի մեծարենցեան երեկոյ»-ներ մշակութային  ձեռնարկներուն երրորդը տեղի ունեցաւ կիրակի, 25 օգոստոս 2024-ին, Ղարիպեաններու «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Նիւթն էր «Սփիւռքահայ թատրերգութիւնը», իսկ դասախօսը` դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Հայ աւետարական քոլեճի տնօրէնը: Հայ թատրերգութիւնը, որ իր վաստակով համեստագոյնն է մեր գրականութեան, յատկապէս 19-20-րդ դարերուն արձանագրած է նկատառելի արդիւնք: 20-րդ դարուն, երբ մեր ժողովուրդի արեւմտահայ...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներու Հերթական Նիստ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հերթական Նիստ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հերթական նիստը գումարուեցաւ հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ: Ժողովականները նախ  քննարկեցին շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի պատերազմի շարունակութիւնը, զինադուլի կարելիութիւնները եւ այդ բոլորին Լիբանանի վրայ ունեցած եւ ունենալիք ազդեցութիւնները: Ներկաները յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցին Լիբանանի դէմ ուղղուող սպառնալիքներու նոր թափին վրայ: Լուսարձակի տակ առնուեցան այս առումով լիբանանեան կեցուածքները եւ ներլիբանանեան վերջին իրադրութիւնները: Այս առումով եւ հեռանկարային...

Գաբրիէլ Փանոսեանի «Լոյսը Խաւարին Մէջ» Վերնագիրով Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

Գաբրիէլ Փանոսեանի «Լոյսը Խաւարին Մէջ» Վերնագիրով Լուսանկարներու Ցուցահանդէս

Այնճարի 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ առաջին ձեռնարկը ընթացք առաւ ուրբաթ, 6 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Սարգիս Զէյթլեան կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ` Գաբրիէլ Փանոսեանի «Լոյսը խաւարին մէջ» վերնագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսին բացումով, որ կազմակերպուած էր Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ: Մեծաթիւ ներկաներուն կարգին էին` հոգեւոր հայրեր, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր այնճարցիներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սեւան Աբէլեան`...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի ՔՈՓ29-ի Վերաբերեալ Հաղորդագրութիւնը` Լիբանանեան, Սէուտական, Էմիրաթական Եւ Եգիպտական Կայքերու Վրայ

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներու յղեց Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ի խորհրդաժողովին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակումի եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»: Հայ դատի մարմինը անդրադարձաւ նաեւ...

Ֆրեզնոյէն Հայ Բժիշկներու Առաքելութիւնը Լիբանանի Մէջ

Օրհնութեամբ Եւ Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին. Գործակցութեամբ Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակին. Բժշկական Անվճար Ծառայութիւն Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան Կողմէ

Սիրելի՛ հայորդիներ, Յառաջիկայ երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ 16, 17, 18, 20 սեպտեմբեր եւ երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2024-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, բժշկական անվճար ծառայութիւն պիտի մատուցեն լիբանանահայ գաղութին: Տարբեր մասնագիտութեանց բժիշկներ, ինչպէս` ներքին հիւանդութիւններ, մանկաբուժ, ատամնաբուժ, վիրաբուժ,...

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Հերթական Առցանց Հանդիպումը

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Հերթական Առցանց Հանդիպումը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Օրակարգին ներառուած էին Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Կազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգն ու այդ բոլորի ազդեցութիւնը միջին արեւելեան հայ համայնքներուն վրայ։ Յատուկ կէտով քննարկումներ կեդրոնացան ՔՈՓ29-ի ընդառաջ միջազգային ատեաններու ու մասնակցող...

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլը Աւարտեցաւ

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլը Աւարտեցաւ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրի չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 6 սեպտեմբեր 2024-ին աւարտեցին իրենց աշխատանքները` այցելելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք: «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին անդամները այցելեցին Պիքֆայա` ծանօթանալու դպրեվանքի կառոյցին, առաքելութեան, հոն կատարուած աշխատանքներուն եւ ջամբած հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան: Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեան դիմաւորեց ապագայ լրագրողները եւ անոնց հետ շրջեցաւ դպրեվանքի...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի 100-ամեակին Նուիրուած 2023-2024 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի 100-ամեակին Նուիրուած 2023-2024 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի տարազաւոր բոլոր խումբերը` երէցները, պարմանուհիները, արիներն ու արենուշները, գայլիկներն ու արծուիկները եւ, վերջապէս, մոկլիները հերթաբար ուղղուեցան դէպի բանակավայր, ուր գործադրութեան դրին այն բոլոր գիտելիքները, զորս ամբարած էին  2023-2024  տարեշրջանին ընթացքին: 17-25 օգոստոս 2024-ին Ռաս էլ Մեթնի մէջ տեղի ունեցած ՀՄԸՄ-ի տարեկան բանակումը սակայն յատուկ էր, որովհետեւ ան յատկացուած էր մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին,...

Քանատայի Դեսպանը` Վեհափառ Հայրապետին Հիւրը

Քանատայի Դեսպանը` Վեհափառ Հայրապետին Հիւրը

Երեքշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Սթեֆանի ՄըքՔալըմը: Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերով անդրադարձ կատարելու Կազայի պատերազմին, Լիբանանի նախագահական  ընտրութեան, Հայաստանի ու Քանատայի յարաբերութեան, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք կենսոլորտի նուիրուած համագումարին եւ Քանատայի հայ համայնքին: Դեսպանը ընթրիքի հիւրը եղաւ վեհափառ հայրապետին:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Հինգշաբթի, 29 օգոստոս 2024-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազեն: Այս առիթով, դեսպան Խազեն վեհափառ հայրապետին պարզեց Վատիկանի կողմէ տարուող աշխատանքները` Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերուն շուրջ: Դեսպանը նաեւ ներկայացուց Վատիկանի մէջ վերջերս վեհափառ հայրապետին տուած դասախօսութեան դրական արձագանգներուն մասին տեղեկութիւններ: Վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, իր արժեւորումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին ներկայ կացութեան գծով:...

Հրատարակուեցաւ «Շնորհալի» Երգչախումբի 50-Ամեակին Նուիրուած Յուշամատեանը

Հրատարակուեցաւ «Շնորհալի» Երգչախումբի 50-Ամեակին Նուիրուած Յուշամատեանը

Օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսաւ «Շնորհալի» երգչախումբի յոբելեանին նուիրուած «50 տարի երաժշտութիւն եւ ինքնութիւն» խորագիրով յուշամատեանը: Յուշամատեանը համապարփակ ներկայացումն է երգչախումբին երկարամեայ գործունէութեան, որուն ամբողջացման համար խմբագրակազմը դիմած է կաթողիկոսարանի «ՀԱՍԿ» պաշտօնաթերթին, ինչպէս նաեւ` անհատներու ու նախկին անդամներու վկայութեան: Յառաջաբանէն ետք հատորը կը բացուի կաթողիկոսարանի երգչախումբի հիմնադիր հայրապետ երջանկայիշատակ  Խորէն Ա. կաթողիկոսին սրբատառ...

Բագրատունի. «Լիբանանցիները Սարսափեցնելու  Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է»

«Լիբանանցիները Սարսափեցնելու Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է» Ընդգծեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք Արապիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանը յուզող զանազան հարցերուն, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակին եւ քաղաքական տագնապին: Նախագահական ընտրութեան յետաձգման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ թերեւս ներքին լիբանանեան քաղաքական որոշում կայ նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու, «սակայն ներկայիս տիրող իրավիճակը, պատերազմը եւ...

Նախկին Վարչապետ Հըսի Յիշատակին  Բագրատունիի Գրառումը

Նախկին Վարչապետ Հըսի Յիշատակին Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի մահուան առիթով Դիմատետրի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեկնեցաւ Լիբանանի խիղճը, պատնէշներու ժամանակաշրջանին մէջ խաղաղասէրն ու երկխօսութիւն կատարողը եւ պետութեան կառուցման հարցին մէջ զիջում չկատարողը: «Ան մեկնեցաւ խիղճը հանգիստ, որ հայրենիքի ամէնէն դժուար պայմաններուն մէջ փորձած ըլլալու պատիւը ունէր: «Անկրկնելի պետական այր մը` Սելիմ Հըսը»:  

Արցախեան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

Արցախեան Նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակի Ոգեկոչում

Կիրակի, 25 օգոստոս 2024-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ,  կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարի հերոսներէն Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ մատուցուեցաւ հոգեսուրճ: Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան յիշատակին առիթով խօսք առաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի անդամ Գրիգոր Շիշէճեան: Ան ամփոփ կերպով ներկայացուց նահատակին  կենսագրականը` յիշելով, թէ ինչպէ՛ս ան պատանի տարիքէն իսկ...

Ընկերային Ցանցերու, Ընկերային Հարցերու, Պետական Կառոյցներու Դերակատարութեան, Ծնողներու Պարտականութիւններուն Եւ Պատանիներու Դաստիրակութեան Մասին Զեկուցում-Զրոյց

Ընկերային Ցանցերու, Ընկերային Հարցերու, Պետական Կառոյցներու Դերակատարութեան, Ծնողներու Պարտականութիւններուն Եւ Պատանիներու Դաստիրակութեան Մասին Զեկուցում-Զրոյց

Նախազգուշական աշխատանքներու շրջագիծին մէջ եւ ծնողք-պատանեկան միութիւններ կապերը ամրապնդելու նպատակով, գործակցութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, շաբաթ, 3 օգոստոս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց եւ կրտսեր պատանիներու ու ծնողներու զեկուցում-զրոյց հանդիպում մը, որուն նիւթն էր «Ընկերային ցանցերը (գլխաւորաբար TikTok-ը), ընկերային հարցերը, պետական...

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիրով  Իր Երդիքին Տակ Համախմբեց 40 Երեխաներ

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանը Հաճելին Եւ Օգտակարը Համադրող Ողջունելի Ծրագիրով Իր Երդիքին Տակ Համախմբեց 40 Երեխաներ

Հակառակ ընդհանրապէս շրջանին եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական եւ քաղաքական ոչ կայուն վիճակին, այս տարի եւս ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» անուան կազդուրման կայանի ճամբարը` 24 յուլիսէն 10 օգոստոս 2024-ին Այնճարի մէջ: Բոլորին ծանօթ է, որ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծրագիրներուն մէջ անմիջական եւ գլխաւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ հայ մանուկները: Թէ՛ ԼՕԽ-ի «Նարօտ...

Բագրատունի. «Լիբանանցիները Սարսափեցնելու  Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է»

Բագրատունի. «Լիբանանցիները Սարսափեցնելու Նպատակը Զանոնք Տկարացնելն Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սփութնիք Արապիա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որ կը վերաբերէր լիբանանեան թատերաբեմին վրայ արձանագրուող վերջին զարգացումներուն: Անդրադառնալով Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարին` Բագրատունի յայտնեց, թէ թերեւս գոյութիւն ունի ներքին քաղաքական որոշում մը յետաձգելու նախագահական ընտրութիւնը եւ զայն կապելու Կազայի ու շրջանին մէջ պատերազմի թղթածրարին: Ան յայտնեց, որ ասիկա...

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Դ.  ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի  Ծառայութիւնները Այնճարի Մէջ

Բժշկական Անվճար Քննութիւններ – Դ. ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնի Ծառայութիւնները Այնճարի Մէջ

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը շարունակեց իր ձեռնարկած անվճար ծառայութիւններու արշաւը, որուն չորրորդ հանգրուանը եղաւ Այնճար հայաւանը: Ուրբաթ, 26 յուլիս 2024-ին կեդրոնի բժշկական պատուիրակութիւն մը այցելեց Այնճար եւ տեղւոյն «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» դարմանատան  մէջ կատարեց բժշկական անվճար քննութիւններ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00: Առողջապահական օրը վայելեց ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին հովանաւորութիւնը եւ կազմակերպուեցաւ կեդրոնին տնօրէնութեան...

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Բանակում` «Առասպելներու Ոգիով, Հերոսներու Շունչով, Յաւերժութեան Նպատակով» Խորագիրով

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Բանակում` «Առասպելներու Ոգիով, Հերոսներու Շունչով, Յաւերժութեան Նպատակով» Խորագիրով

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, շաբաթ, 10 օգոստոսին, Պասքինթա շրջանին մէջ ընթացք առաւ «Առասպելներու ոգիով, հերոսներու շունչով, յաւերժութեան նպատակով» խորագիրը կրող մասնաճիւղին 2024 բանակումը: Բանակումի ընթացքին անդամները ստացան այժմէական, մտային, դաստիարակչական, սկաուտական եւ այլ գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ բանակավայրը յարդարեցին հսկայ եւ գեղեցիկ ձեռայիններով: Երեկոյեան խարուկահանդէսները շատ մեծ խանդավառութիւն եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շարունակէ ՔՈՓ29-ի Հարցով Իր Արշաւը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը, շարունակելով կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի Պաքուի մէջ գումարման հարցով իր արշաւը, նամակներ յղեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Բնութեան պահպանման կեդրոնին, նոյն համալսարանի Հանրային քաղաքականութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու «Իսամ Ֆարես» հիմնարկին եւ Արաբական բարեփոխման նախաձեռնութեան: Հայ դատի մարմինը իր նամակներուն մէջ նշեց, որ ՔՈՓ29-ը կը գումարուի սովի մատնելով, ռմբակոծելով, չհրահրուած յարձակում գործելով ու վախի մթնոլորտ...

Page 56 of 364 1 … 55 56 57 … 364

Արխիւներ