ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Ալսիասա Ալեաում» յայտագիրի հարցազրոյցի հիւրը:
«Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով որեւէ նախաձեռնութիւն ողջունելի է, ըլլայ ան դեսպաններու մակարդակով, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի անձնական պատուիրակին ճամբով, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին նախաձեռնութեամբ», ըսաւ Յ. Բագրատունի: Ան գնահատեց դեսպաններուն կատարած աշխատանքը` հաստատելով սակայն, որ արտաքին որեւէ ճիգ չի յաջողիր, եթէ անոր յաջողութեան ներքին ենթահող չկայ:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը ներկայացնող երկիրներու դեսպաններուն հետ ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, եւ անոնք յորդորած են լիբանանցի ղեկավարներուն խօսիլ, խօսակցիլ, խորհրդակցիլ, երկխօսութիւն կատարել, միտքեր փոխանակել եւ այդ շրջագիծին մէջ ի՛նչ եզր, որ կայ օգտագործած են, պայմանաւ որ լիբանանցի պատասխանատուները յանգին հասարակ ենթահողի մը:
«Դժբախտաբար այդ ենթահողը տակաւին գոյութիւն չունի, իսկ ՀՅԴ-ի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի պատմական եւ անշեղ դիրքորոշումը եղած է այն, որ Լիբանանի մէջ որեւէ տագնապի համար լուծում չկայ` առանց երկխօսութեան: Երկխօսութեան այլընտրանք չկայ: Լիբանանեան համայնքային, քաղաքական, ընտանեկան, տեղայնական եւ աւատապետական խճանկարը կը պահանջէ յանգիլ որեւէ խորհրդակցութեան, որուն կը միանայ երկրին յատուկ համախոհական ժողովրդավարութիւնը: Հետեւաբար կա՛մ այն է, որ պիտի յարգենք երկրին բազմազանութիւնը եւ կա՛մ ուղղուինք դէպի կասկածելի ծրագիրներ, ինչպէս` երկիրը մասնատելու ծրագիրը, որ կրնայ Լիբանանը փորձանքներու առաջնորդել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծելու Իսրայէլի սպառնալիքներուն, վարչապետ Նեթանիահուի անդրդուելի մնալուն` Լիբանանի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու իմաստով, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութենէն առաջ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարելու շրջագիծին մէջ են երկրին հանրապետութեան նախագահը ընտրելու ճիգերը դիւրացնելու քայլերը, «բայց եւ այնպէս այդ փորձերուն արդիւնքին մասին կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ շօշափելի ոչինչ կայ եւ կարելի չէ աշխարհի բոլոր դէպքերն ու իրադարձութիւնները իրարու կապել», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ Լիբանան իսկապէս կարիքը ունի հանրապետութեան նախագահի, սակայն այդ օրակարգը արագացնելու իմաստով արտաքին ջանքերը անպայմանօրէն Լիբանանի շահերուն համար չէ, որ կը պնդեն երկրին մէջ նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը:
«Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը կատարելու միակ միջոցը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան ընդառաջելն է, բացի եթէ կայ այնպիսի տրամադրութիւն, որ Իսրայէլ մօտիկ ապագային կրնայ յարձակում գործել Լիբանանի վրայ, եւ այդ պարագային «մենք մեր փափաքած անձը հանրապետութեան նախագահ կ՛ընտրենք». թէ ի՛նչ քաղաքական գրաւներ են այս բոլորը, կարելի չէ ըսել, սակայն պէտք է զգուշ ըլլանք, որպէսզի իբրեւ լիբանանցիներ այդ գրաւներուն գինը սուղ չվճարենք», հաստատեց ան:
Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ նաեւ, որ եթէ միջազգային մակարդակի վրայ առիթ ստեղծուի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, ապա պէտք է գիտնալ ինչպէս այդ առիթը օգտագործել, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը հիմնական պահանջ է Լիբանանի համար:
Ան ընդգծեց, որ կարեւոր է իբրեւ լիբանանցիներ անցեալի փորձառութենէն դասեր քաղենք եւ պահպանենք մեր երկիրը: «Լիբանանի մասնատումէն առաջ, որեւէ կարծիք կամ միտք, որ կ՛արտայայտէ երկիրը բաժանումի առաջնորդելու գաղափարը, Լիբանանի վերջը կը նկատուի. անիկա իսրայէլեան ծրագիր է` Լիբանանի գոյութիւնը հարուածելու», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Պաղեստինցի գաղթականներն ու սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ բնակեցնելու ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ անիկա երկրին լուրջ վտանգ կը սպառնայ, եւ երբ այդ մասին ոեւէ մէկը խօսի, զայն ցեղապաշտ կը նկատեն: Ան հաստատեց, որ այս ծրագիրին դէմ պայքարելու իմաստով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կարողութիւնները երկխօսութեան ատակ ըլլալն է, բոլորին միջեւ կամրջելու կարողութիւնն է, ինչպէս նաեւ իր փորձառութիւնը` հայրենիք կորսնցուցած ըլլալու իմաստով: «Այդ պատճառով է, որ մենք կառչած կը մնանք Լիբանան հայրենիքին, լաւ գիտենք արժէքը այս հողին, ինչպէս նաեւ քաջ գիտենք, թէ ի՛նչ փորձանքի կրնայ առաջնորդել օտարին վստահիլը: Բոլոր երկիրները իրենց շահերը ապահովելու համար կ՛աշխատին, իսկ մենք չենք կրնար այլոց շահերուն համար գործել: «Նախ Լիբանան» կարգախօսը պէտք է բառին իսկական իմաստով գործադրուի, մնայուն կերպով, նոյնիսկ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի արտաքին յարաբերութիւններուն պարագային: Արդեօք կրնա՞նք ըսել հետեւեալը. «Վե՛րջ, մենք բոլորս կը մերժենք իսրայէլեան բռնագրաւումը եւ երկրին հանրապետութեան նախագահ կ՛ուզենք ընտրել, պահպանելով երկրին անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիին եւ պետական հաստատութիւններուն արժանապատուութիւնը», հարց տուաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իրականութեան մը ընտելանալու գաղափարը շատ վտանգաւոր է: Ան նկատել տուաւ, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն երկրորդ տարին պիտի ամբողջանայ, եւ մարդիկ կը յայտարարեն, թէ վարժ դարձած են հանրապետութեան նախագահ չունենալու, ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն ունենալու, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները մնայուն կերպով յետաձգելու գաղափարին, տնտեսական տագնապի իրականութեան, դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն, աշխատավարձերուն դրութեան եւ այլն. այս բոլորին վարժ դառնալու եւ «Վնաս չունի» ըսելու ճշմարտութիւնը մերժելի է, որովհետեւ երկրին մէջ տիրող վիճակը «Վնաս ունի»-ի ճշմարտութիւն է:
Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանի նաւթային երկիր ըլլալը, հզօրացումը, բարձր կարողութիւններ ունենալն ու իսկական գերիշխանութիւն կերտելը ոչ ոք կը փափաքի: «Դժբախտաբար այլոց կողմէ Լիբանանը տկար պահելու, անոր հզօրացումը արգիլելու նպատակները յստակ են, սակայն մեր նպատակները` իբրեւ լիբանանցիներ, անյստակ են: Մենք ի՞նչ կը փափաքինք. ատիկա կը մնայ անյստակ: Բայց եւ այնպէս կայ յստակ մէկ իրականութիւն, որ այսօր Դիմադրութիւնը ապազինելու մասին յայտարարութիւնները վնասակար են եւ անոնք ոչ միայն կը վնասեն երկիրը պաշտպանելու կարողութեան, այլ նաեւ կ՛արգելակեն Դիմադրութիւնը զինաթափ ընելու լուծումներուն մասին մտածելու հոլովոյթը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը լիբանանեան դիմադրութիւն է, որ կը դիմադրէ իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ Լիբանանի բաժանումին դէմ, ինչպէս նաեւ իր գոյութեան տուն տուող պատճառը վերացնելու դէմ: «Թո՛ղ վերջ տան բռնագրաւումին, վերջ տուած կ՛ըլլան Դիմադրութեան գոյութեան, որովհետեւ Դիմադրութիւնը շարունակելու ոչ մէկ պատճառ կը մնայ», յայտնեց ան:
Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան ցուցաբերած ուժին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ անիկա տարբերութիւն մը ըրած է, այն իմաստով, որ փոխած է իսրայէլեան անյաղթ բանակի պատկերը:
Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց զօրութեան եւ ուժ ունենալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ խաղաղութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կարգախօսները մեծ պետութիւններուն կողմէ ստեղծուած իրականութիւններ են` փոքր պետութիւններու եւ ժողովուրդներու դէմ գործադրելու: «Կազայէն առաջ, Արցախի մէջ պատահեցաւ Ցեղասպանութիւն, 120 հազար արցախցիները 9 ամսուան շրջափակումէ ետք, բռնի տեղահանուեցան, եւ Արցախը պարպուեցաւ իր բնիկներէն, որոնք հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած են ու արարած իրենց հայրենի հողին վրայ: Ո՞վ կը խօսի այդ մասին: Ո՞ւր են մեծ պետութիւններն ու մարդկային իրաւունքները: Ընդհակառակն` ցեղասպան երկիրը` Ազրպէյճանը ՔՈՓ29 միջազգային խորհրդաժողովը պիտի հիւրընկալէ: Ի՞նչ մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի մասին է խօսքը», հարց տուաւ ան, եւ ընդգծեց, որ պէտք է զօրանալ` խաղաղութիւնը պարտադրելու:
Պատասխանելով Լիբանանի դիմագրաւած մնայուն տագնապներուն մասին հարցումի մը` ան յայտնեց, որ երկրին պայմաններն ու տիրող իրականութիւնը մտածել կու տան այդ մասին, սակայն պէտք է իմանալ, թէ ի՛նչ մութ դռներու ետին կը նիւթուին Լիբանանի դէմ դաւադրութիւնները, որոնք կը մղեն երկիրը անվերջ տագնապներու մատնուելու: Այս առումով Յ. Բագրատունի նշեց, որ ժողովրդահաճոյ յայտարարութիւններէն աւելի դիւրին բան չկայ, իսկ դժուարը կշռադատելով խօսիլն է, որուն պարագային կրնաս համակիրներ կորսնցնել:
Հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի դէմ մղուած պայքարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի անարդար նկատեց այն իրականութիւնը, որ Իսրայէլ ընդունի Հըզպալլայի զօրութիւնը, իսկ ներքին լիբանանեան առումով ոմանք կասկածի տակ առնեն նոյն զօրութիւնը եւ նսեմացնեն զայն, առանց մանրամասնութիւններ իմանալու:
«Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ երկրին հարաւային սահմանները եւ կը հաստատէ, որ պիտի արգիլէ շրջանային ընդարձակ պատերազմի մը բռնկումը: Այսօր բախման կանոնները աւելի լայն շրջագիծ ստացած են, սակայն անոնք տակաւին կը յարգուին: Ընդարձակ պատերազմը ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ, եւ արդեօք աշխարհը պատրա՞ստ է Դ. Աշխարհամարտի մը, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ աշխարհը արդէն Գ. Աշխարհամարտը կ՛ապրի: Դիմադրութիւնը իր ամբողջ կարողութեամբ Լիբանանը կը պաշտպանէ եւ Կազայի օժանդակ ճակատ կը նկատուի», յայտնեց ան:
Թափօններու թաղման վայրին մէջ բռնկած հրդեհին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի իրերայաջորդ կառավարութիւնները չեն կրցած լուծել աղբահանումի հարցը, իսկ տիրող իրավիճակը այն է, որ աղբերը նոյնիսկ կը քաղաքականացուին, որովհետեւ երբեմն կարգ մը մարդոց ուղեղները աղբով լեցուած են:
«Իրականութիւնը այն է, որ 2018-ին Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը փակուեցաւ: Վարչապետ Հասսան Տիապի կառավարութեան օրով, երբ հրաւիրուած էինք հանդիպումի մը, առաջարկուեցաւ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը երկու կամ երեք ամիսով բանալ, անսահման բարկութեամբ արտայայտուեցայ եւ լքեցի ժողովը: Հետեւաբար Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը չվերաբացուեցաւ: Անցեալ շաբաթ հրդեհ մը բռնկեցաւ, եւ պէտք է յստակացնել, թէ աղբի այդ լեռը Պուրճ Համուտի մէջ չի գտնուիր, այլ` Ժտէյտէ-Պաուշրիէ շրջանին մէջ կը գտնուի: Բոլորը կը խօսին Պուրճ Համուտի մասին, առանց նոյնիսկ քարտէսը ստուգելու: Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թափօններու թաղման վայրին մէջ բռնկած հրդեհին մասին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կարելի չէ ամբաստանել: Հարցը այն է, որ Ժտէյտէի աղբակոյտը դիտմամբ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր անուանելու արշաւ կայ: Այդ արշաւը շարունակելու փոխարէն թող հարց տան, թէ ո՞վ արտօնեց բանալ Ժտէյտէ-Պաուշրիէի թափօններու թաղման վայրը: Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրը փակ է եւ հոն` աղբերէ զերծ, շատ գեղեցիկ ծրագիրներ կը մշակուին», ընդգծեց Յ. Բագրատունի:
Ան եզրափակեց շեշտելով, որ կարելի չէ իւրաքանչիւր նոր ծրագիրի կամ քայլի համար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնն ու ՀՅԴ-ն հարուածել եւ պատասխանատու նկատել` նշելով, որ այս իրականութիւնը ժողովրդահաճոյ քաղաքականութեան գագաթնակէտն է, որուն նպատակն է կուսակցութեան ու կարգ մը պատասխանատուներու վարկը թիրախ դարձնել: «Բայց եւ այնպէս ՀՅԴ-ն լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ ունի իր պատմութիւնը, եւ քաղաքական գործիչներ ունին իրենց քաղաքական կեանքի պատմութիւնը, հետեւաբար այդ արշաւները իրականութենէն ոչինչ կը փոխեն», հաստատեց Յ. Բագրատունի: