Գաղութային

Ազգային Չափաւորականութեան Համախմբում- Հայկական Երեսփոխանական Պլոք Հանդիպում

Ազգային Չափաւորականութեան Համախմբում- Հայկական Երեսփոխանական Պլոք Հանդիպում

Ազգային չափաւորականութեան խորհրդարանական համախմբումէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխաններ Սաժիհ Աթիէ, Մոհամետ Սլէյման եւ Ահմետ Խէյր, այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի հետ: Քննարկումի նիւթ դարձաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հետ կապուած հոլովոյթը եւ Լիբանանի վրայ կատարուած Իսրայէլի յարձակումէն ետք ստեղծուած իրավիճակն ու երկրի ներքին միասնականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:  

Բագրատունի. «Լիբանանի Գոյութիւնը  Իբրեւ Պետութիւն Եւ Աշխարհագրական  Ծիր Վտանգուած Է»

Բագրատունի. «Լիբանանի Գոյութիւնը Իբրեւ Պետութիւն Եւ Աշխարհագրական Ծիր Վտանգուած Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան մասնակցեցաւ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ժատալ» յայտագիրին, որուն ընթացքին զրոյց տեղի ունեցաւ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումին հետեւանքով Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումներուն մասին: Բագրատունի յայտնեց. «Ամբողջ աշխարհի վրայ ոչինչ կայ իսրայէլեան ոճրագործութեան չափով: Իսրայէլ կ՛ուղղուի շրջանի բռնագրաւման ուղղութեամբ, եւ պատերազմը շիիներուն դէմ չէ, ո՛չ ալ միայն Լիբանանի, այլ`...

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն.  Այցելութիւն Եւ Օժանդակութիւն Հարաւի Գաղթականներուն

ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն. Այցելութիւն Եւ Օժանդակութիւն Հարաւի Գաղթականներուն

Լիբանանի հարաւային շրջաններէն գաղթած  լիբանանցիներուն աջակցութեան նպատակով, անցնող օրերուն ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն պատուիրակութիւններ  այցելեցին Պուրճ Համուտի կարգ մը վարժարաններու մէջ ապաստանած գաղթականներու եւ տեսակցեցան անոնց պատասխանատուներուն հետ: Պատուիրակութեան մաս կը  կազմէին կեդրոնի բժիշկներ, հիւանդապահուհիներ եւ ընկերային ծառայողներ: Արդարեւ, Լիբանանի մէջ տիրապետող ահ ու դողի եւ ճգնաժամային պահերուն լիբանանցի մեր հայրենակիցներուն բժշկական, ընկերային թէ հոգեբանական կարիքներուն փութալը, անոնց ցաւերը...

Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Զօրակցութիւն Լիբանանցի Գաղթականներուն

Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Զօրակցութիւն Լիբանանցի Գաղթականներուն

Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով  մասնաւոր պատուիրակութիւն մը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող հինգ գաղթավայրեր, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ: Հինգ անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր: Ազգային վարչութեան որոշումով թելադրուած այս...

Բագրատունի. «Բոլորս Հրաւիրուած Ենք  Միախմբուելու` Փրկելու Համար Լիբանանը,  Որուն Ճակատագիրն Ու Ապագան Վտանգուած Են»

Բագրատունի. «Բոլորս Հրաւիրուած Ենք Միախմբուելու` Փրկելու Համար Լիբանանը, Որուն Ճակատագիրն Ու Ապագան Վտանգուած Են»

Բոլորս հրաւիրուած ենք միախմբուելու` փրկելու համար Լիբանանը, որուն ճակատագիրն ու ապագան այլեւս վտանգուած են: Այս մասին «Մատա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: «Լիբանանի վրայ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմէն ետք բոլորս հրաւիրուած ենք միախմբուելու` հեռու մնալով Հըզպալլայի Կազային թիկունք կանգնելուն վերաբերեալ դիրքորոշումներէն, որովհետեւ ասիկա ո՛չ Դիմադրութեան դէմ պատերազմ է, ո՛չ ալ...

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Ոգեկոչում.  Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Չորրորդ Տարելիցի Նշում

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Ոգեկոչում. Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեան Չորրորդ Տարելիցի Նշում

Կիրակի, 6 հոկտեմբեր 2024-ին Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան  արարողութիւն կատարուեցաւ 2020-ի արցախեան պատերազմի բոլոր նահատակներուն, մուսալեռցի ութ նահատակներուն եւ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան չորրորդ տարելիցին առիթով: Անկէ ետք, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ոգեկոչում եւ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեան չորրորդ տարելիցի նշում: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Եսթեր...

Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին  Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»

Բագրատունի. «Մեր Մտավախութիւնը Այն Է, Որ Այս Պատերազմը Տարածուի Ամբողջ Շրջանին Մէջ»

Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի տարածքի ռմբակոծումին ձայները ամէնուր են: Լիբանանի մէջ պատերազմական իրավիճակ է: Այս մասին հայրենի «Հետք» համացանցային թերթի հետ զրոյցին ընթացքին նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին: Հարցազրոյցէն կէս ժամ առաջ Իսրայէլը ռմբակոծած էր Պէյրութի Հարաւային արուարձանները: Մարդիկ մնայուն անհանգստութեան մէջ են:  Հարցազրոյցի ընթացքին Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ Իսրայէլը կը ռմբակոծէ Լիբանանի հետ...

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն.  Մանկապարտէզի Երրորդ Դասարանի Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատուն. Մանկապարտէզի Երրորդ Դասարանի Դասագիրքի Ծրարի Ներկայացում

Դպրոցական վերամուտի սեմին եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրքի լոյս ընծայման առիթով, երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2024-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու մանկապարտիզպանուհիներու եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարաններու հայերէնի դասաւանդ ուսուցիչներու հանդիպում մը: Այս առիթով ներկայացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նոր հրատարակութիւնը` մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրք ծրարը, որ կը բովանդակէ` դասագիրք, գրավարժութեան տետրակ, վարժութիւններու տետրակ, բանալի...

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Տարհանման Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ Ներկայիս

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Տարհանման Անհրաժեշտութիւն Չի Տեսներ Ներկայիս

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան «Արմենփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւններու իբրեւ հետեւանք` վիրաւորներուն ու զոհերուն մէջ հայեր չկան: Լիբանանի հայաբնակ շրջանները այս պահուն անմիջականօրէն վտանգուած չեն, ուստի ներկայիս տարհանում կազմակերպելու կարիք չկայ: Դեսպանը նշեց, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը մնայուն կապի մէջ է երկրի իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ, ըստ անհրաժեշտութեան, համայնքային կառոյցներուն հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հրատապ Նիստ՝ Արտակարգ Իրավիճակներու Դիմակայման Օրակարգով

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հրատապ Նիստ՝ Արտակարգ Իրավիճակներու Դիմակայման Օրակարգով

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հրատապ նիստը գումարեցին չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։ Քննարկելէ ետք շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող վտանգաւոր մագլցումներն ու Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին. 1.-Կը դատապարտեն Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կատարուող օդային յարձակումներն ու դէպի հարաւային Լիբանան ցամաքային ներխուժման փորձերը։ Իսրայէլեան յարձակումները կը խլեն բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքացիներու կեանքերը, տեղահան կը դարձնեն...

Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին  Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»

Բագրատունի. «Վերջին 5 Տարիներուն Ընթացքին Ամէնէն Վատ Ճգնաժամն Է, Որ Կ՛ապրինք»

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերի գիշերը կատարած հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան յայտնեց. «Դժբախտաբար Լիբանանը, անգամ մը եւս, ահաւոր ճգնաժամային պահերու մէջ կ՛ապրի: Այս պահուն արդէն հարաւային Լիբանան իսրայէլեան ցամաքային ներխուժում կ՛ակնկալուի: Բնականաբար, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ոճրային ահաբեկումը իր վատ անդրադարձը ունի ոչ միայն...

Յայտարարութիւն

Հաղորդագրութիւն

Կը ցաւակցինք Հըզպալլայի մէջ իսլամական Դիմադրութեան մեր եղբայրներուն` ղեկավարութիւն, կուսակցականներ եւ համակիրներ, անարգ թշնամիի ձեռամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի նահատակութեան առիթով: Ահա Դիմադրութեան սէյիտը կը մեկնի միանալու իր նահատակ ընկերներուն` պատմութեան մէջ իր անուան կողքին փորագրելով դիմադրութեան եւ դիմակայման նոր իմաստ մը: Հողի ազատագրութեան եւ դատին զօրակցութեան երեսուն տարիներ, որոնք ամբողջ աշխարհին դասեր տուին ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարի եւ...

Սէյիտ Նասրալլայի Նահատակութեան Վերաբերեալ  Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

Սէյիտ Նասրալլայի Նահատակութեան Վերաբերեալ Երեսփոխան Բագրատունիի Գրառումը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Դիմատետրի վրայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի նահատակութեան վերաբերեալ գրառում կատարելով նշեց. «Սիրտերուն, միտքերուն եւ բոլոր դաշտերուն մէջ պիտի մնաս Դիմադրութեան սէյիտը»:  

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Եւ Այնճարի Մէջ Դարձեալ Կատարեց Իր Մարդասիրական Մասնագիտական Ծառայութիւնը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Եւ Այնճարի Մէջ Դարձեալ Կատարեց Իր Մարդասիրական Մասնագիտական Ծառայութիւնը

Երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերէն մինչեւ 21 սեպտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին համար եղաւ յատկանշական` շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ բժիշկական առաքելութեան, որոնք կեդրոն դիմող ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն տուին յաւելեալ փայլք ու հմայք: Հեռաւոր Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած  հմուտ բժիշկներ` ներքին հիւանդութիւններու, մանկաբոյժ, ատամնաբուժ, ոսկրաբուժ եւ վիրաբուժ մասնագէտներ` բժշկական խնամք մատուցեցին 145 անհատներու: Ասիկա բժշկական առաքելութեան Լիբանան կատարած երրորդ այցելութիւնն էր: Նախաձեռնութիւնը կը...

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան.  Ատամնաբուժական Նոր Սենեակի Բացում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան. Ատամնաբուժական Նոր Սենեակի Բացում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, նախաձեռնութեամբ տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանի եւ օժանդակութեամբ «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին, ուրբաթ, 20 սեպտեմբեր 2024-ին, յեմիջօրէի ժամը 4:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ատամնաբուժական բաժանմունքի չորրորդ սենեակի բացման արարողութիւն` ներկայութեամբ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, ԼՕԽ-ի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ...

Լիբանանցի Գաղթականներու Օժանդակութիւն Ցուցաբերելու Ծրագրում

Լիբանանցի Գաղթականներու Օժանդակութիւն Ցուցաբերելու Ծրագրում

Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները: Երեսփոխան Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուց Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը: Քննութեան առարկայ դարձան հոսքին հետ կապուած ընկերային հարցերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին...

Բագրատունի. «Լիբանանը Մեծ Պատերազմի Շեմին Է,  Եթէ Իսրայէլի Ձեռքը Չբռնեն` Միջին Արեւելքը Կը Պայթի»

Բագրատունի. «Լիբանանը Մեծ Պատերազմի Շեմին Է, Եթէ Իսրայէլի Ձեռքը Չբռնեն` Միջին Արեւելքը Կը Պայթի»

«Լիբանանը մեծ պատերազմի շեմին է, եթէ Իսրայէլի ձեռքը չբռնեն` Միջին Արեւելքը կը պայթի», նախանցեալ օր ըսաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` Լիբանանի ներկայ կացութեան վերաբերեալ «Նիուզ» լրատուական կայքին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: «Պէտք է ըսել, որ ամէն իմաստով պատերազմական դրութեան մէջ ենք: Ճիշդ է, որ տակաւին երկիրը չէ անդամալուծուած, բայց ամէն ժամեայ թիրախաւորում ու...

Համազգայինի Դաստիարակչական Գրքոյկներ Եւ Աշխատանքային Տետրակներ

Համազգայինի Դաստիարակչական Գրքոյկներ Եւ Աշխատանքային Տետրակներ

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մանկական արդիական ծրագիրներու բաժանմունքը հրապարակած է դաստիարակչական գրքոյկներ եւ աշխատանքային տետրակներ մանուկներու համար: Այս գիրքերը կ՛օգնեն, որ երեխան զարգացնէ իր զանազան հմտութիւնները եւ գիտելիքները: «Իմ Հայաստան» գրքոյկը երեխային կը ծանօթացնէ` Հայաստանի ազգային արժէքները, կոթողները, հայկական մշակոյթը (ազգային նուագարաններ, տարազ եւ այլն): Կը ջամբէ օգտաշատ գիտելիքներ: «Աշխատանքային տետրակ» թիւ 1` նախատեսուած է 3-4 տարեկան երեխաներուն...

Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Տօնակատարութեան Շեշտուեցաւ Այնճարի Կանգուն Պահելու Հրամայականը

Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Տօնակատարութեան Շեշտուեցաւ Այնճարի Կանգուն Պահելու Հրամայականը

Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-ամեակին եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով կազմակերպուած եւ քանի մը օրուան վրայ երկարած ոգեկոչման ձեռնարկներուն հիմնականը հանդիսացաւ ժողովրդային տօնախմբութիւնը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի մէջ: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա Լերան յուշարձան-համալիրի կից, ուր կայացաւ ձեռնարկը: Ձեռնարկը սկիզբ առաւ ժամը 8:30-ին` Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի...

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի «Տոհմիկ Երեկոն»

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի «Տոհմիկ Երեկոն»

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Վարդուկ Զէյթլեանի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպած եւ աւանդութեան վերածուած տոհմիկ երեկոն` Մուսա Լերան հերոսամարտի ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ` պաշտօնական հիւրերու եւ շուրջ հազար հայորդիներու ներկայութեան: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ...

Page 54 of 364 1 … 53 54 55 … 364

Արխիւներ