Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 70-րդ Առցանց Լսարան. «Ֆրանսան Չի Կրնար Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Ճարտարապետը Ըլլալ». Տիգրան Եկաւեան

Սեպտեմբեր 20, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի 70-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2024-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 17:00-ին: Դասախօսն էր լրագրող, քաղաքական վերլուծաբան Տիգրան Եկաւեանը, որ խօսեցաւ «Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասի ուղղութեան» նիւթին մասին: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Տիգրան Եկաւեան կեդրոնացաւ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան վրայ` Կովկասի երեք երկիրներուն նկատմամբ: Այդ քաղաքականութիւնը բաժնելով երկու ժամանակահատուածներու` 2020-էն առաջ եւ անկէ ետք, դասախօսը ներկայացուց Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւններուն հոլովոյթը` կեդրոնանալով անոնց շարժառիթներուն վրայ:

Դասախօսը տուեալներու հիման վրայ ներկայացուց Ֆրանսայի դերակատարութիւնը, յատկապէս` մշակութային եւ մարդասիրական ուղղութիւններով, հաստատելով, որ այդ յարաբերութիւնները չվերածուեցան ռազմավարականի: Քաղաքային դիւանագիտութենէն մինչեւ ծերակոյտ եւ Ազգային ժողով` Եկաւեան օրինակներ ներկայացուց հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն, նախագահներու փոխայցելութիւններուն վերաբերող` այս ծիրին մէջ պատմական որակելով պաշտպանութեան նախարարութեան այցելութիւնը Հայաստան:

Մինսքի խումբի ձեւաւորման եւ յատկապէս Ռամպուէի հանդիպումի արժեւորումը կատարելով` Եկաւեան շեշտը դրաւ Փարիզի դիւանագիտական բնոյթի աջակցութեան վրայ:

Դասախօսութեան մէջ ներառուած էին նաեւ Ֆրանսայի կրթական եւ առեւտրական նախաձեռնութիւնները: Կրթականի պարագային, Տիգրան Եկաւեան նկատել տուաւ, որ Ֆրանսական համալսարանը Հայաստանին մէջ ամբողջ Եւրասիոյ տարածքին միակն է:

Տարածաշրջանին մէջ հիմնական խաղացողներու աշխարհաքաղաքական վերլուծումը կատարելով` դասախօսը համոզում յայտնեց, որ Ֆրանսա ի վիճակի չէ Հայաստանի անվտանգութեան ճարտարապետի դերակատարութիւնը ստանձնելու: Այս շրջագիծին մէջ ան վերլուծեց Ֆրանսայի եւ Իրանի դիրքորոշումներու որոշակի համապատասխանութիւններ:

Ուքրանիոյ պատերազմն ու Ափրիկէի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` ան դիտել տուաւ, որ այսօր հիպրիթային պատերազմ կ՛ընթանայ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Այս իրողութեան լոյսին տակ ալ պէտք է դիտարկել Ազրպէյճան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները, յատկապէս` Նոր Քալետոնիոյ դէպքերու նկատառումներով:

Տեղեկութիւններով յագեցած եւ հետագայի ուղղութեամբ կանխատեսումներ փոխանցող դասախօսութեան յաջորդեց հետաքրքրական քննարկում` լսարանի մասնակիցներուն հարցումներով եւ տեսակէտներով:

70-րդ լսարանի տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://www.youtube.com/watch?v=uKHPRahFrBM

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (20 Սեպտեմբեր 2024)

Յաջորդը

Արտասովոր Մրցում Մը` Շուներու Միջազգային Օրը Նշելու Համար

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?