Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցի Ազատամարտիկ-Երգիչ Արթուր Խաչենցի Երգահանդէսը

September 20, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի հրաւէրով Լիբանան ժամանած արցախցի ազատամարտիկ-երգիչ Արթուր Խաչենցի ազգային-յեղափոխական երգերու երգահանդէսը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները լսելէ ետք, բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Թաթուլ Գարտանաքեան, որ նշեց, թէ Արթուր Խաչենցը այն երիտասարդներէն է, որ խօսքի սահմաններէն անդին` ֆիզիքապէս իր մասնակցութիւնը բերած է Արցախի պատերազմին` պաշտպանելով հայրենիքը: Գարտանաքեան հաստատեց, որ դաշնակցական պատանիները միշտ ալ Արցախի եւ արցախցիներու կողքին եղած են եւ պիտի մնան: Ան կոչ ուղղեց պատանիներուն` հաւատարիմ մնալու իրենց խոստումին եւ ազգային արժէքներուն:

Արցախցի Ազատամարտիկ-Երգիչ Արթուր Խաչենցի Երգահանդէսը
Արցախցի Ազատամարտիկ-Երգիչ Արթուր Խաչենցի Երգահանդէսը
Արցախցի Ազատամարտիկ-Երգիչ Արթուր Խաչենցի Երգահանդէսը

Ապա ելոյթ ունեցաւ Արթուր Խաչենց, որ կիթառի ընկերակցութեամբ երգեց շարք մը հայրենասիրական երգեր: Ան նաեւ ներկայացուց հանրածանօթ «Եկ քինինք Արցախ» երգը, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին: Արցախի պատերազմի օրերուն մարտադաշտէն նկարուած Խաչենցի ոգեւորիչ «Գինի լից»-ի շունչով երգին ներկայացումը ե՛ւ պատանիներուն ե՛ւ հանդիսատեսներուն մէջ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Էտի Նալպանտեանի եւ պատանիներու կատարողութեամբ «Արիւնոտ դրօշ»-ի երգեցողութեամբ:

Երգահանդէսէն ետք Արթուր Խաչենց այցելեց ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբ, ուր ծանօթացաւ ակումբին մէջ տեղադրուած Սողոմոն Թեհլիրեանի կիսանդրիին եւ «Թեհլիրեան» կոմիտէի գործունէութեան:

Նախորդը

Արհեստական Բանականութիւնը Կ՛արշաւէ

Յաջորդը

Անհրաժեշտ Մաքրութեան Միջոցառումները` Առողջ Դպրոցական Վերամուտի

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Անուան Փողոցի Պաշտօնական Բացում Եւ Հանդիսութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ
Գաղութային

Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի Անուան Փողոցի Պաշտօնական Բացում Եւ Հանդիսութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

November 20, 2026
Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան  Ազգային Լիկայի Պատուիրակութիւնը
Գաղութային

Բագրատունի Ընդունեց Երկխօսութեան Ազգային Լիկայի Պատուիրակութիւնը

November 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.