Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հովուապետական Այցելութիւնը Այնճարի Հայկական Աւան (Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակ)

Սեպտեմբեր 18, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարուան վերջին տաղաւար (մեծ, աւագ) տօնը մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի սուրբ խաչին վերացումին տօնն է (Վերացման Սուրբ Խաչ): Այս տօնին կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ հաստատուած Այնճար աւանին հիմնադրութեան տօնը, որովհետեւ սուրբ խաչին շնորհիւ այնճարցիք փրկուեցան թուրքին եաթաղանէն:

Արդարեւ, 2024 տարին կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-րդ եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակներուն, որոնց տօնակատարութեանց շրջագծին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ` շեշտելով Այնճարին հայկականութիւնը եւ աւանը առաւել եւս հայկականացնելու ու անոր բարքերն ու աւանդութիւնները պահելու եւ պահպանելու այնճարցիին վճռակամութիւնը: Այս առիթով, կիրակի, 15 սեպտեմբեր 2024-ին Արամ Ա. հայրապետը հովուապետական այցելութիւն տուաւ Այնճարի հայկական աւան. տեղւոյն Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց սուրբ պատարագի մատուցման արարողութեան, իր հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Օրուան պատարագիչն էր Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:

Այնճարի մուտքին վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, հոգեւոր հայրերու եւ լիբանանահայ համայնքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Կաթողիկոսի շքախումբին մաս կը կազմէին` կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան:

Այնճարի մուտքին աւանդական աղի ու հացի օրհնութենէն ետք, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Արամ Ա. կաթողիկոս օրուան պատգամը յղեց հաւատացեալներուն:

Առաջին հերթին բարի գալստեան խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը: Ողջունելէ ետք հայրապետին ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմէն ներս եւ ի մասնաւորի Այնճարի մէջ, ան վստահեցուց, որ այս այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ նոր ոգեւորութիւն ներշնչելու Մուսա Լերան շառաւիղներուն, որոնք հաղորդակից մնալով իրենց հայրերու կերտած փառքին` կը շարունակեն կորովով արմատ ու ճիւղ արձակել հայու քրտինքով նուիրականացած այս հողին վրայ: Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Այնճարը իր ծոցին մէջ կը հաւաքէ մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի սերունդները ճանչնան իրենց հայրերուն մեծագործութիւնը եւ անոնց օրինակին հետեւելով` ազգի վերելքին ու ամրութեան համար անձնուիրաբար ընծայեն իրենց կարելիութիւնները: Աւարտին սրբազան հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ բեղուն ու ծաղկուն պահէ հայրապետին կեանքն ու աշխատանքը, որպէսզի իրմով շարունակենք տեսնել աւելի լայն հորիզոններ ու քաջութիւն գտնել մեր կեանքին համար, եւ հրաւիրեց կաթողիկոսը` իր հայրապետական պատգամը ուղղելու մեր ժողովուրդին:

Վերացման սուրբ խաչի տօնին լոյսին տակ, վեհափառ հայրապետը հակիրճ կերպով բացատրեց խաչին խորհուրդը` շեշտելով, որ խաչը սիրոյ, զոհողութեան եւ յաղթանակի նշան է: Իւրաքանչիւրին մասին ու աւետարանական մէջբերումներով ան անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ: Ապա, անդրադառնալով մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան կաթողիկոսը ըսաւ, որ խաչը պաշտող առաջին ազգը եղած ենք եւ խաչին նկատմամբ մեր հաւատարմութենէն մղուած` նահատակուած ենք ու պայքարած: Խաչը մեր ժողովուրդին համար եղած է հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան աղբիւր ու մղիչ ուժ: Շարունակելով իր պատգամը` հայրապետը ըսաւ, որ կարելի չէ հասկնալ Հայոց պատմութեան խորհուրդն ու հրաշքը առանց խաչին: Անոր զօրութեամբ մենք մահը յաղթեցինք եւ յարութիւն կերտեցինք:

Անդրադառնալով Մուսա Լերան 40 օրերուն ու մուսալեռցիներուն Այնճար հաստատման եւ խօսքը ուղղելով անոնց` վեհափառը յայտնեց, թէ խաչի զօրութեամբ Մուսա Լեռը արեան վկայութեամբ յաղթանակի վերածեցինք: «Խաչին զօրութեամբ Այնճար հաստատուեցաք` հակառակ ահաւոր դժուարութիւններուն, եւ խաչին զօրութեամբ այս երբեմնի գիւղը վերածեցիք փոքր Հայաստանի: Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին, Արամ Ա. կաթողիկոս կոչ ուղղեց այնճարցիներուն` նո՛յն հաւատարմութեամբ, խաչի հաւատքով ու զօրութեամբ զօրացած, պէտք է Այնճարը նորանոր իրագործումներով աւելի՛ ծաղկացնէք», եզրափակեց իր պատգամը:

Այնճարի հաստատման 85-ամեակի տօնակատարութիւնները եզրափակուեցան ի պատիւ վեհափառ հայրապետին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, կատարուեցաւ մենապար, քանի մը երգերով հանդէս եկան հայրենի արուեստագէտներ, իսկ աւարտին հայրապետը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն:

Իր խօսքին մէջ կաթողիկոսը կատարեց չորս հաստատումներ. առաջին` գնահատանք բոլոր անոնց, որոնք իրենց մտքէն, հոգիէն ու քսակէն բան մը տալով` շէնցուցին Այնճարը` զայն դարձնելով հայութեամբ շնչող հայ աւանի: Երկրորդ` Այնճարը միայն հող ու քար չէ, այլ նաե՛ւ ժողովուրդ է: Առանց ժողովուրդի` Այնճարը իր իմաստը կը կորսնցնէ. հետեւաբար այնճարցին պէտք է կապուած մնայ իր հողին` զայն աւելի շէնցնելու յանձնառութեամբ ու վճռակամութեամբ: Երրորդ` վեհափառը յիշեց, որ շուրջ տասը տարիներ առաջ, երբ այցելած էր Այնճար, կոչ ուղղած էր, որ այնճարցին իր հողը օտարին չծախէ: Այսօ՛ր եւս նոյն կոչը կ՛ուղղեմ, ըսաւ հայրապետը, որովհետեւ օտարին օտարացնող ներկայութիւնը ընդունելի չէ՛: Այնճարին հայ դիմագիծը պէտք է պահել ամէն գնով: Չորրորդ` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Այնճարը ունի իր լայն սփիւռքը: Բոլոր գաղութներէն ներս այնճարցիներ կան, որոնք տակաւին կապուած են Այնճարին. սակայն անհրաժեշտ է, որ անոնք իրենց կապուածութիւնը գործնապէ՛ս արտայայտեն` նիւթական օժանդակութիւն կատարելով եւ Այնճարի կարիքներուն ու ծրագիրներուն օգտակար հանդիսանալով: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով գնահատեց տէր եւ տիկին Կայծակ ու Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը` ի տես անոր նուիրաբերումին Այնճարին եւ զանազան ծրագիրներու օժանդակութեան: Այս առիթով, որպէս գնահատանք Զէյթլեան զոյգին ծառայութեանց ու կատարած օժանդակութեանց` Արամ Ա. կաթողիկոս Կայծակ Զէյթլեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով:

 

Նախորդը

«Քատանս» Անսամպլը Ելոյթ Պիտի Ունենայ Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Ֆեռնանտես Զրկուեցաւ Ինքնաշարժ Վարելու Իրաւունքէն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?