Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս, Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Աբգարեան նախ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ բժշկական առաքելութեան ներկայ աշխատանքը կ՛իրականանայ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ: Ապա ան ներկայացուց առաքելութեան լիբանանահայ համայնքին յատկացուած աշխատանքը, անոր հետեւելիք Այնճար գործուղումը եւ Բերիոյ թեմին հետ համագործակցութեամբ, սուրիահայութեան ուղղուած բժշկական օժանդակութիւնները: Ան բարձր գնահատեց Լիբանանի թէ Հայաստանի մէջ բժշկական առաքելութեան տարած աշխատանքներուն մասին «Ազդակ»-ին կատարած լուսաբանումները:
«Ազդակ»-ի տնօրէնը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց, որ տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանի նախաձեռնութեամբ, Գրիգոր Արսլանեանի եւ Պերճ Աբգարեանի մղումով եւ տնօրինումով «Քլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը հիմնական աջակցութեամբ սատար հանդիսացած էր «Ազդակ»-ին` այս տարուան սկիզբը «Ազդակ»-ի հաշիւին փոխանցելով 25.000 ամերիկեան տոլար: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս աջակցութիւնը օրինակ հանդիսանայ տարբեր հիմնադրամներու եւ անձնաւորութիւններու, որպէսզի «Ազդակ»-ը կարենայ իրագործել նորանոր ծրագիրներ:
Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումէն ետք, Պերճ Աբգարեան «Ազդակ»-ի խմբագրութեան հետ ունեցաւ զրոյց մը` Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան լիբանանեան ծրագիրներուն նպատակին եւ թիրախաւորուած աշխատանքներուն մասին: Զրոյցը կը հրատարակենք հետագային: