Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը`
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով
Այսօր 21 սեպտեմբեր է. Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրն է. այլ խօսքով, սովորական օր չէ՛, պէտք չէ՛ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու եւ ողջ հայութեան համար: Մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի անկախութեան համար պայքարեցանք, ստեղծագործեցինք, նոյնիսկ արիւն թափեցինք այն խոր գիտակցութեամբ, որ անկախութիւնը աստուածատուր իրաւունք է եւ, հետեւաբար, սրբազան արժէք է եւ անոր անվթար պահպանումն ու պաշտպանութիւնը պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայու:
Այսօր, երբ կը նշենք անկախութիւնը Հայաստանի, հարկ է անդրադառնալ, թէ ի՞նչ է մեր պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը անոր նկատմամբ: Այսօ՛ր մանաւանդ, երբ կը նայինք անկախ Հայաստանին, կ՛անդրադառնանք, որ ան ահաւոր տագնապներով է շրջապատուած, ներքին թէ արտաքին, հեռաւոր թէ մօտաւոր: Տագնապներ, որոնք կրնան խախտել հայրենիքին անկախութեան հիմերը, նոյնիսկ հարցականի տակ առնելով անոր ինքնանկախ գոյութիւնը: Ճի՛շդ է, պէտք չէ յուսահատ ու յոռետես ըլլալ. սակայն, իրապաշտ արժեւորումը Հայաստանին պարզած ներկայ կացութեան մեզ կ՛առաջնորդէ իրատեսութեան եւ, անկասկած, իրատեսութիւնը մեզ պէտք է մղէ հաւաքական կամքով ու գիտակից յանձնառութեամբ պաշտպանելու Հայաստանի անկախութիւնը` զայն հեռու պահելով անոր հողային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը խաթարող բոլոր տեսակի մօտեցումներէ, զիջումներէ ու համաձայնագիրներէ:
Եկեղեցին բոլոր ազգերու կեանքին մէջ միշտ եղած է անկախութեան կողքին` զայն նկատելով իր առաքելութեան էական տարածքներէն մէկը: Այսպէս եղած է մանաւանդ հայ եկեղեցին մեր ազգի պատմութեան ընթացքին` գործնապէս արտայայտելով իր ամուր կեցուածքը այն բոլոր փորձերուն նկատմամբ, որոնք կրնային խաթարել հայրենիքին անկախութիւնը: Նայինք մեր անցեալին, որպէսզի կարենանք հայրենիքի ներկան արժեւորել եւ համապատասխան մօտեցումներ ճշդել` անոր անկախութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու սրբազան նախանձախնդրութեամբ:
Հետեւաբար, մեր ժողովուրդին միասնակամութիւնը համահայկական օրակարգի մը շուրջ` ուժերու համախմբումով եւ մեր հաւաքական վճռականութեան ամրացումով աւելի քան հրամայական է մեր պատմութեան վճռադրոշմ այս փուլին:
Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
21 սեպտեմբեր 2024


