Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանն ու Թեմիս Ազգային Իշխանութիւնները, խոր ցաւով կը գուժեն մահը՝ ազգային բարերար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխան»ի կարգի շքանշանակիր՝
ՏԻԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԻ
որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024-ին
Հանգուցեալի ազգային թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ. Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ:
Տխուր այս առիթով, մեր խորին վշտակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն ու բարեկամներուն:
«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՐԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ


