Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Խորհուրդը Ժամանեց Լիբանան Եւ Ստացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութիւնը

Սեպտեմբեր 17, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Լիբանան ժամանեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները` գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեանի:

Արդարեւ, երեքշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց վերոյիշեալ խորհուրդի բժիշկները: Խորհուրդին նախագահը վեհափառ հայրապետին յայտնեց իր եւ բժիշկներուն որդիական երախտագիտութիւնը, որ անգամ մը եւս իրենց առիթ ընձեռուեցաւ ըլլալու Լիբանանի մէջ` հայրապետին հովանիին ներքեւ: Այս առիթով Աբգարեան կաթողիկոսին ներկայացուց ընդհանրապէս Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդին եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան մատուցելիք ծառայութեան ծրագիրները:

Ապա իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց վեհափառ հայրապետը: Առաջին հերթին, ան բարձր գնահատեց նման աշխատանքի մը նախաձեռնութիւնը եւ նախաձեռնութեան գործնապէս նեցուկ կանգնող խումբ մը կամաւոր հայ թէ օտար բժիշկները: Ան ըսաւ. «Այս աշխատանքը պարզապէս կամաւոր ծառայութիւն մը չէ` ուղղուած մեր ժողովուրդին, այլ սրբազան ու անշահախնդիր առաքելութիւն է: Ձեր կատարածը, բառին ամբողջական իմաստով, ծառայութիւն է: Ինչպէս Քրիստոս աշխարհ գալով` եղաւ կարիքաւորին ու հիւանդին կողքին, դուք եւս, իբրեւ բժիշկ առաքեալներ, եկած էք ըլլալու լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ կանգնելու անոնց կարիքներուն կողքին, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ ընկերային, տնտեսական ու բժշկագիտական լուրջ մարտահրաւէրներ ու դժուարութիւններ», ընդգծեց ան:

Իր խօսքի աւարտին կաթողիկոսը անգամ մը եւս իր գնահատանքը յայտնեց եւ հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը տուաւ բժիշկներուն` անոնց մաղթելով բարի ու յաջող ծառայական առաքելութիւն:

Յայտնենք, որ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդը յառաջիկայ տասը օրերու ընթացքին պիտի գտնուի տարբեր շրջաններու զանազան ընկերաբժշկական կեդրոններ եւ օգտակար հանդիսանայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն:

 

 

 

 

Նախորդը

Տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մսմնայի Յաղթական Ճակատամարտը Եւ Ջրաբերդի, Շեխերի Եւ Կարիագինոյի Գօտեմարտերը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?