Օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, գործակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին, անցնող օրերուն Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան բժիշկները, գլխաւորութեամբ բժշկական առաքելութեան նախագահ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի, բժշկական անվճար ծառայութիւններ մատուցեցին ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն յաճախող հայորդիներու:
Տասնեակներով այցելուներ կարողացան օգտուիլ բժշկական պատուիրակութեան մասնագէտ բժիշկներուն` ներքին հիւանդութիւններու, ընդհանուր մարմնի, մանկաբուժ, ոսկրաբուժ, ատամնաբուժ մատուցած սպասարկութիւններէն:
Փաստօրէն Լիբանանը հարուածող ահաւոր եւ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, երրորդ տարին ըլլալով, Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան կամաւոր եւ անձնազոհ բժիշկները իրենց անսակարկ բժշկական ծառայութիւնները ի սպաս դրին լիբանանահայ գաղութի մեր հայորդիներուն, որոնք վայելեցին մասնագէտ բժիշկներուն հոգատարութիւնն ու ցուցմունքները: Աւելի՛ն. բժշկական առաքելութիւնը իր մատուցած անվճար քննութիւններուն զուգահեռ` այցելու պարագաներուն յատկացուց նաեւ մեծաքանակ դեղորայք:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ