Դպրոցական վերամուտի սեմին եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրքի լոյս ընծայման առիթով, երկուշաբթի, 23 սեպտեմբեր 2024-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով, «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու մանկապարտիզպանուհիներու եւ մանկապարտէզի երրորդ դասարաններու հայերէնի դասաւանդ ուսուցիչներու հանդիպում մը:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նոր հրատարակութիւնը` մանկապարտէզի երրորդ դասարանի դասագիրք ծրարը, որ կը բովանդակէ` դասագիրք, գրավարժութեան տետրակ, վարժութիւններու տետրակ, բանալի բառերու ծրար, ֆլաշ քարտեր, 8 որմազդ եւ ուսուցիչի ուղեցոյց: Շուտով լոյս պիտի տեսնէ նաեւ դասագիրքին ուղեկից պատմութիւններու գիրքը:
1. Դասագիրքի Ա. եւ Բ. ծրարներու բովանդակութիւն 2. Դասագիրքի երրորդ ծրար
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն լոյս տեսած այս ծրարի պատրաստութեան խումբը կը բաղկանայ` Թալին Եահնիեանէ, Սեդա Մածունեանէ եւ Արազ Քէլէշեանէ: Մանկավարժական խորհրդատուութիւնը կատարած է Սիլվա Փափազեան, իսկ լեզուական խորհրդատու` Թամար Գասապեան: Ծրարի գեղարուեստական ձեւաւորումը կը պատկանի Ալեքս Մանուկեանին, իսկ նկարազարդումը կատարած է Գէորգ Սարգիս Մանուկեան (Մանուկեանց սթիւտիօ): Պատրաստութեան աշխատանքներու համակարգողն է Արին Գալուստեան:
Ինչպէս նախկին երկու ծրարներու պարագային, որոնք լոյս տեսան անցեալ տարիներուն եւ արդէն իսկ կը կիրարկուին լիբանանահայ եւ սփիւռքի շարք մը վարժարաններու կողմէ, այս ծրարի մեկենասութեան հովանաւորութիւնը նաեւ ստանձնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը:
Հանդիպման ընթացքին Սեդա Մածունեան եւ Թալին Եահնիեան անդրադարձան ծրարի պատրաստութեան հոլովոյթին, բովանդակութեան, դասաւանդման ուղիներուն եւ պատասխանեցին ուսուցիչներու հարցումներուն:
Ծրարը արդէն այս տարուընէ սկսեալ պիտի օգտագործուի հայկական վարժարաններու կողմէ: