Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան. Ատամնաբուժական Նոր Սենեակի Բացում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Սեպտեմբեր 30, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, նախաձեռնութեամբ տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանի եւ օժանդակութեամբ «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին, ուրբաթ, 20 սեպտեմբեր 2024-ին, յեմիջօրէի ժամը 4:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ատամնաբուժական բաժանմունքի չորրորդ սենեակի բացման արարողութիւն` ներկայութեամբ Տաճատ վրդ. Աշըգեանի, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանի, ԼՕԽ-ի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ Մելեքեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան կազմին, Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան պատուիրակութեան եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի յանձնախումբին:

Ատամնաբուժական սենեակի բացման, հայր սուրբին աղօթքէն եւ քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնէն ներս իրենց կատարած մարդասիրական ծառայութեան համար. ան նշեց, որ Լիբանանը հարուածող ընկերատնտեսական ահաւոր եւ դժնդակ պայմաններուն մէջ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան լիբանանահայութեան հանդէպ ցուցաբերած յարգանքն ու նեցուկը լաւագոյն վկան կը հանդիսանան այն իրողութեան, որ սփիւռքի քոյր գաղութի մը զաւակները կը մտահոգուին եւ կը  տագնապին լիբանանահայութեան հետ: Նազելի Աւագեան աւելցուց` ըսելով. «Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութիւնը լոյսի եւ յոյս ճառագայթներ սփռեց մեր գաղութէն ներս` ի մասնաւորի այս տարի, որովհետեւ անտեսելով ամէն խոչընդոտ` բժշկական պատուիրակութիւնը պատասխանատուութեան մեծ գիտակցութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը եւ այսօր ներկայ է լիբանանահայութեան կողքին»: Խօսքին աւարտին ան երախտիքի խօսքեր ուղղեց բժշկական առաքելութեան նախագահ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, որուն մտայղացումին եւ հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ կեդրոնի ատամնաբուժական բաժանմունքը օժտել նոր եւ արդիական ատամնաբուժական աթոռով մը:

Ապա հրաւիրեց բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանը իր սրտի խօսքը արտասանելու ներկաներուն: Պերճ Աբգարեան ըսաւ. «Առաջին հերթին մեր կազմին անունով երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Մեծի Տանն Կիլկիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որուն օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ բժշկական առաքելութիւնը յաջողեցաւ այս տարի եւս իր առաքելութիւնը իրագործել Լիբանանի մէջ: Ան աւելցուց` ըսելով, որ Արամ Ա. վեհափառ հօր այս նախաձեռնութեան հովանաւորութիւնը մեծ պատիւ է բժշկական առաքելութեան համար:

«Երկրորդ շնորհակալական խօսքս կ՛ուզեմ ուղղել բժշկական առաքելութեան անդամ տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանին, որուն օժանդակութեամբ եւ «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին մեծ աջակցութեամբ կարելի եղաւ կեդրոնը օժտել գեղեցիկ եւ արդիական ատամնաբուժական աթոռով, որպէսզի լաւագոյն խնամքը մատուցուի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն»: Շարունակելով իր խօսքը` Պերճ Աբգարեան աւելցուց. «Երրորդ գնահատանքի խօսքս պիտի յայտնեմ բժշկական առաքելութեան անդամ տոքթ. Վաչէ Վասիլեանին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնութեան, որոնց ճիգերով յաջողեցանք սարքել ատամնաբուժական սենեակը եւ այսօր պաշտօնապէս բացումը կատարել»: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, որուն հովանիին ներքեւ կը գործէ կեդրոնը, ինչպէս նաեւ բժշկական պատուիրակութիւնը կը վայելէ Շրջանային վարչութեան գուրգուրանքն ու ջերմ մօտեցումը: Ապա ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ բժշկական առաքելութեան պատուիրակութեան Լիբանան ներկայութիւնը երաշխիք մըն է, որ լիբանանահայ գաղութը առանձին չէ:

Արարողութեան աւարտին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը յուշանուէրներով պատուեց բժշկական պատուիրակութիւնը:

 

Նախորդը

Նշմար. Գորշ Գայլերը, Եւրոպա Եւ… Փաշինեան

Յաջորդը

Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութիւնը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Եւ Այնճարի Մէջ Դարձեալ Կատարեց Իր Մարդասիրական Մասնագիտական Ծառայութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?