Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի «Տոհմիկ Երեկոն»

September 24, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Վարդուկ Զէյթլեանի, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կազմակերպած եւ աւանդութեան վերածուած տոհմիկ երեկոն` Մուսա Լերան հերոսամարտի ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին, տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 13 սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի շրջափակին մէջ` պաշտօնական հիւրերու եւ շուրջ հազար հայորդիներու ներկայութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, երեկոյի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Լալիկ Խօշեան, որ նախ անդրադարձաւ տոհմիկ երեկոյի ծնունդին, անոր ոգիին ու բովանդակութեան եւ մեր նախորդ սերունդներուն` որպէս անշէջ յիշատակ: Այնճարի հիմնադրութեան մասին խօսելով` ան ըսաւ. «Այսօր մենք կը դարձնենք Այնճարի պատմութեան 85-րդ էջը: Լրացան 85 տարիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւր տարի, իւրաքանչիւր օր ունեցաւ իր անջնջելի եւ անմոռանալի պատմութիւնը: Այնճար ծնունդ առաւ ծանր արհաւիրքներէ, յաճախ տատանեցաւ, բայց չընկրկեցաւ ու չընկղմեցաւ երբեք: Ամէն օր նոր տագնապ ու նոր դժուարութիւններ յաղթահարելու նոր եռանդով ուռճացաւ, մեծցաւ, զարգացաւ ու ծլարձակուեցաւ մեր հրաշալի գիւղը»: Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ականներուն ստանձնած պատասխանատուութիւնները` այնճարաշինութեան եւ ներկայ Այնճարը կերտելու նուիրական գործին մէջ: Լալիկ Խօշեան կոչ ուղղեց գիւղի երիտասարդուհիներուն` վերաթարմացնելու ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին շարքերը եւ իրենց արդի ու արհեստագիտական մասնագիտութիւններով յաւելեալ փայլք եւ բարգաւաճում տալու մասնաճիւղին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ անսասան կը մնայ ԼՕԽ-ը, եւ անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին յաջողցնելու այս գեղեցիկ երեկոն:

Այնուհետեւ հրաւիրեց երեկոյի հաղորդավարը` Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեանը, որ տոհմիկ երեկոյի ամբողջ տեւողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ գրական -ստեղծագործական սրտառուչ խօսքերով,  մէջբերումներ կատարեց` ոգեւորելով ներկաներն ու Դիմատետրի հետեւորդները:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Ազատիկ Տաղլեան, որ նոյնպէս լուսարձակի տակ բերաւ 85-ամեայ Այնճարի ծնունդը` նշելով, որ նկարները ինքնին վկայութիւններ են անմխիթար Այնճարը մինչեւ դրախտավայր եւ ծաղկուն գիւղաքաղաք վերածելու, փաստեր են մուսալեռցի-այնճարցիի հայու անկոտրում կամքին, կեանքի կառչածութեան եւ աշխատասիրութեան: «Ամբողջ գիւղը իր խինդով ու ուրախութեամբ, տհոլ զուռնայի եւ թմբուկի ձայնով ողողուած է: Դուք շառաւիղն էք այն քաջասիրտ հերոսներուն, որոնք ուխտած էին հաւատարիմ մնալ իրենց ազգին ու աւանդութիւններուն: Այնճարը Մուսա Լերան շարունակութիւնն է: Հետեւաբար կը շարունակէ պահել Մուսա Լերան ժողովուրդին սովորութիւնները եւ բարբառը: Այդ զոհողութեան եւ հաւատարմութեան փաստը կը տեսնենք ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընդմէջէն, ժառանգելով իր պապենական ուխտը, որ մեղուի փեթակի վերածեց իր մասնաճիւղը, ամուր եւ անմեղ պահեց ԼՕԽ-ի դիմագիծը, տարածեց եւ անսակարկ գործեց իր ազգային-աւանդական մշակոյթը, հասնելով` կարիքաւորին, ծերին, հիւանդին, աշակերտին, զոհաբերութեան բարձր գիտակցութեամբ», շեշտեց Ազատիկ Տաղլեան:

Աւարտին ան իր երախտագիտական խօսքերը ուղղեց գիւղի պատկան մարմիններուն, որոնց մնայուն գործակցութեան շնորհիւ է, որ կը յաղթահարուին բոլոր դժուարութիւնները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցան երեկոյի նախագահը` Վարդուկ Զէյթլեանը, մասնաճիւղի ատենապետն ու ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ, որ ԼՕԽ-ի ոսկիէ նշանակով պարգեւատրեց Վ. Զէյթլեանը:

Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան հայրենիքէն ժամանած երգիչները` Արթիւր Խաչենց եւ սոփրանօ, օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեներգչուհի Տիանա Յարութիւնեան:

Սրտի խօսքեր արտասանեցին նաեւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, որոնք շնորհաւորեցին Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակը, կոչ ուղղեցին ամուր եւ անսասան պահելու գիւղը եւ ըլլալու միասնակամ` յաղթահարելով ամէն տեսակի տագնապ ու դժուարութիւն: Իսկ բժիշկ Յակոբ Այնթապլեան, որ հայրենիքէն ժամանած էր ներկայ գտնուելու Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի ձեռնարկներուն: Ան շեշտեց հայրենատիրութեան կարեւորութիւնը ժողովուրդին մէջ:

Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան նաեւ լիբանանահայ երգիչներ Լոռի Կիւլիմեան եւ Սերժ Ահարոնեան, որոնք իրենց ժողովրդային, ազգագրական եւ յեղափոխական երգերով խանդավառեցին երեկոյի ներկաները:

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Հայաստանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հանրային կապերու պատասխանատու Վահագն Զաքարեան:

Երեկոյի ընթացքին յատուկ տաղաւարներու վրայ վաճառուեցան «Աղթամար»-ի անդամներուն կողմէ պատրաստած աւանդական եւ ազգագրական խմորեղէններ եւ այլ ուտելիքներ, զովացուցիչ, ակրատ, օշարակ, կորեկ եւ այլն: Ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ ներկաներէն երեք բախտաւորներ արժանացան արժէքաւոր նուէրներու: Իսկ գիւղի երեք երիտասարդներէ բաղկացած թմբուկ-զուռնայի խումբը ոգեւորեց եւ խանդավառեց ներկայ ժողովուրդը, որոնք թմբուկ-զուռնայի կշռոյթներուն ներքեւ խանդավառուեցան եւ շուրջպար կազմեցին:

Աւարտին Լալիկ Խօշեան շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի բարերարներուն, երեկոյի նախագահութիւնը ստանձնած Վարդուկ Զէյթլեանին, ճաշարան «Արեւ»-ի տնօրէնութեան եւ այն բոլոր հայրենակիցներուն ու մասնաճիւղի անդամներուն, որոնք սատար հանդիսացան եւ յաջողութեամբ պսակեցին երեկոն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյի հաղորդավարին եւ յուշանուէրով մը պատուեց զայն:

Նախորդը

Աղմկոտ Եւ Անկոչ Պոչաւորներ

Յաջորդը

Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Տօնակատարութեան Շեշտուեցաւ Այնճարի Կանգուն Պահելու Հրամայականը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն
Գաղութային

Մովսէս Աւագ Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Գինեձօն

September 18, 2026
Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան
Գաղութային

Պտոյտ-Այցելութիւն Հայ Ազգային Բուժարան

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.