Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Լիբանանի Գոյութիւնը Իբրեւ Պետութիւն Եւ Աշխարհագրական Ծիր Վտանգուած Է»

October 12, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան մասնակցեցաւ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ժատալ» յայտագիրին, որուն ընթացքին զրոյց տեղի ունեցաւ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումին հետեւանքով Լիբանանի մէջ վերջին զարգացումներուն մասին:

Բագրատունի յայտնեց. «Ամբողջ աշխարհի վրայ ոչինչ կայ իսրայէլեան ոճրագործութեան չափով: Իսրայէլ կ՛ուղղուի շրջանի բռնագրաւման ուղղութեամբ, եւ պատերազմը շիիներուն դէմ չէ, ո՛չ ալ միայն Լիբանանի, այլ` ամբողջ շրջանին»: «(Կազային) թիկունք կանգնելու պատերազմէն առաջ Իսրայէլ Լիբանանը չէ՞ր հարուածեր», հարց տուաւ ան:

«Լիբանանի գոյութիւնը իբրեւ պետութիւն եւ աշխարհագրական ծիր վտանգուած է», յայտարարեց Բագրատունի:

«Իսրայէլի ախորժակները այլեւս յստակ են, եւ նոր ներխուժման ու բռնագրաւման եւ ամբողջ շրջանին վրայ իսրայէլեան տիրապետութեան հաստատման նկատմամբ մտավախութիւն ունիմ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով նախագահի ընտրութեան հարցին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ «լուծումի հասնելու համար տակաւին կացութիւնը չէ հասունցած»` աւելցնելով. «Զինադադարի հաստատումէն առաջ նախագահի ընտրութիւն չկայ»:

Բագրատունի իսրայէլեան ոճիրին ի տես միասնականութեան, ջանքերու միաւորման ու ազգային միասնականութեան կոչ ուղղեց:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց` Լիբանանին դէմ իսրայէլեան պատերազմին պատճառով փոփոխութիւններու վրայ գրաւ չդնելու եւ ներքին ու ազգային լուծումներ գտնելու:

 

Նախորդը

Հըզպալլա Թիրախաւորեց Հայֆայի Մէջ Իսրայէլեան Օդային Պաշտպանութեան Հրամանատարութեան Ռազմակայանը

Յաջորդը

Ակնարկ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Թիրախաւորումն Ու Միջազգային Արձագանգումը

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ
Գաղութային

Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողով Անթիլիասի Մէջ

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.