Երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերէն մինչեւ 21 սեպտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանը ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին համար եղաւ յատկանշական` շնորհիւ Ֆրեզնոյի հայ բժիշկական առաքելութեան, որոնք կեդրոն դիմող ժողովուրդին մատուցած ծառայութիւններուն տուին յաւելեալ փայլք ու հմայք: Հեռաւոր Ֆրեզնոյէն Լիբանան ժամանած հմուտ բժիշկներ` ներքին հիւանդութիւններու, մանկաբոյժ, ատամնաբուժ, ոսկրաբուժ եւ վիրաբուժ մասնագէտներ` բժշկական խնամք մատուցեցին 145 անհատներու:
Ասիկա բժշկական առաքելութեան Լիբանան կատարած երրորդ այցելութիւնն էր: Նախաձեռնութիւնը կը վայելէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութիւնը եւ իրականացաւ Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին հետ գործակցաբար:
Առաքելութեան նուիրուած պաշտօնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 սեպտեմբերին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
Բարի գալուստի եւ շնորհակալութեան խօսք արտասանեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, որ դիտել տուաւ, թէ հպարտութիւն է տեսնել հեռաւոր շրջաններէն Լիբանան եկած մեր հայրենակիցներուն զոհաբերութեան ոգին ու աջակցութեան պատրաստակամութիւնը` կանգնելու Լիբանանի հայ համայնքին կողքին, իրենց մասնագիտական կարողականութիւնները ներդրելու գաղութի զաւակներուն համար: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը, իր կարգին, միշտ օգտակար հանդիսացած է սփիւռքի իր հայրենակիցներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրեզնոյի հայ համայնքին, առաքելութեան խորհուրդի նախագահ եւ Ֆրեզիոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին, բոլոր բժիշկներուն, որոնք 3-րդ տարին ըլլալով Լիբանան կու գան եւ իրենց սիրայօժար ծառայութիւնը կը կատարեն:
Լիբանանահայութեան ուղղուած իր սրտի խօսքը արտասանեց բժշկական առաքելութեան նախագահ եւ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեան, որ անդրադարձաւ իրենց աշխատանքի նպատակին` նեցուկ կանգնիլ Միջին Արեւելքի տագնապահար գաղութներուն: Ան նշեց, որ խումբին մաս կազմող հայ թէ օտար բժիշկներուն կատարածը կոչում ու ծառայութիւն է, եւ անոնք երբեք չտատամսեցան Լիբանան գալու` հակառակ շրջանին ապրած անկայուն վիճակին:
Աւարտին խօսք առաւ նաեւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, որ անդրադարձաւ նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութեան ու ներկայացուցած խորհուրդին, շնորհակալութիւն յայտնեց հայ եւ օտար բժիշկներուն` իրենց մարդասիրական եւ բարեսիրական առաքելութեան համար:
Լիբանանի տագնապալի այս օրերուն «Մենք եկած ենք մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն ծառայելու» խօսքը գործի վերածելով` Ֆրեզնոյէն ժամանած բժիշկները ժպտադէմ, անվարան եւ մեծ համբերութեամբ ընդունեցին կեդրոն ներկայացող հայորդիները, հոգատարութիւն ցուցաբերեցին անոնց եւ որպէս արդիւնք կեդրոնէն ներս կարելի եղաւ կատարել 30 փոքր վիրահատութիւններ, 90 անհատներու մատուցել ֆիզիքական , տարրալուծարանային, շողանկարումի սպասարկութիւն եւ 25 անհատներու` ատամնաբուժական խնամք:
Մատուցուած ծառայութիւններուն կողքին, այս տարի պատուիրակութեան մէջ ակներեւ էին հետեւեալ երեւոյթները առաջինը` բժիշկներուն կազմին մաս կը կազմէին օտար եւ հայ բժիշկներ: Բժշկական մարդասիրական ծառայութիւնը իր բնոյթով խտրականութիւն չի ճանչնար: Անոր լաւագոյն օրինակն էր այդ մասնագէտներուն միատեղ ծառայութիւնը կեդրոնի բոլոր պարագաներուն անխտիր: Երկրորդ` բժշկական առաքելութեան բժիշկները անտեսելով ամէն խոչընդոտ` Լիբանանի ճգնաժամային պահուն եղան լիբանանահայութեան կողքին:
Ֆրեզնոյի Հայ բժշկակական առաքելութեան Լիբանան կատարած երրորդ այցը ապացոյց մըն է, որ լիբանանահայութիւնը առանձին ու անպաշտպան չէ, եւ որ` սփիւռքի քոյր գաղութի մը զաւակները կը տագնապին Լիբանանով, կը զօրակցին լիբանանահայութեան, կը բաժնեն այս գաղութին հոգերը, կեդրոնին կը ցանկան լաւագոյնն ու արդիականը, ու դեռ աւելի՛ն, իրենց ներկայութեամբ կու գան երաշխաւորելու կեդրոնի մարդասիրական աշխատանքին շարունակականութիւնը:
Արդարեւ, այսպիսի նախաձեռնութիւններ արժանի են բարձր գնահատանքի եւ յիշատակութեան:
Առաքելութիւնը` Այնճարի Մէջ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2024-ին,առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճար այցելեցին Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան խորհուրդի բժիշկները` գլխաւորութեամբ Պերճ Աբգարեանի:
Այս առիթով պաշտօնական ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ:
Մասնաճիւղի ատենապետ Լալիկ Խօշեան բարի գալուստ մաղթեց եւ յիշեց, որ արդէն առաքելութեան երրորդ այցելութիւնն է Այնճար: «Ձեր այցելութեամբ դուք անգամ մը եւս հաստատեցիք, որ Այնճար հայաւանը համահայկական ընդհանուր հոլովոյթին մէջ կը գրաւէ ամուր եւ իսկական դիրք, եւ անոր կողքին ըլլալը ձեր կողմէ առնուած վեհանձն քայլ մըն է: Դուք կը ծառայէք` առանց վարձատրութիւն ակնկալելու, կու տաք` առանց փոխարժէքը հաշուելու, կ՛աշխատիք` առանց հանգիստ փնտռելու, այն գիտակցութեամբ, թէ Աստուծոյ կամքն է, որ կը կատարէք»:
Իր խօսքը եզրափակելով` ան շնորհաւորեց օժանդակութեան ձեռք երկարելու առաքելութեան գաղափարը եւ ամբողջ գիւղի ժողովուրդին անունով բարի գալուստ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պերճ Աբգարեանին եւ բոլոր բժիշկներուն:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Եսայի Հաւաթեան, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց բժշկական առաքելութեան` նշելով, որ հակառակ Լիբանանի աննպաստ պայմաններուն` խիզախութիւնը ունեցած է ոչ միայն Պէյրութի, Սուրիոյ, այլ նաեւ Այնճարի մեր հայրենակիցներուն բժշկական ծառայութիւն մատուցելու նաեւ` զգալու եւ ապրելու Այնճարի ժողովուրդին ցաւերով, օժանդակելու ու բժշկական քննութիւններ կատարելու ինչպէս նաեւ` դեղորայք հայթայթելու անոնց: Ան վեր առաւ բժիշկներուն մարդասիրական ծառայութեան ոգին` բարձր գնահատելով իրենց աշխատանքը:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Պերճ Աբգարեան: Ան սրտառուչ եւ անկեղծ խօսքերով արտայայտեց իր երախտագիտութիւնն ու ուրախութիւնը այս ջերմ ընդունելութեան համար եւ աւելցուց, որ Այնճարի ժողովուրդը միշտ ու մնայուն կերպով իրենց սրտերուն մէջն է:
Խօսքի աւարտէն ետք մասնաճիւղին ատենապետը գիւղի մամիկներու ասեղնագործութեան նմուշներով պատրաստուած յուշատախտակ մը նուիրեց հիւպատոսին:
Կոմիտաս քհնյ. Փանոսեանի աղօթքէն ետք բժիշկներն ու ներկաները հիւրասիրուեցան գիւղի աւանդական խմորեղէններով:
Այնուհետեւ երկու բժիշկներ` ներքին հիւանդութեանց եւ մանկաբոյժը, բժշկական քննութիւններ կատարեցին 30 պարագաներու: