Գաղութային

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Երկրին Իրավիճակն Ու Համայնքային Խնդիրները

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւնները Քննարկեցին Երկրին Իրավիճակն Ու Համայնքային Խնդիրները

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու  հանդիպումները կը շարունակուին։ Միջկուսակցական նիստը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 7 նոյեմբեր 2024-ին, ՍԴՀԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։ Ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները, իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն եւ ոտնձգութիւններուն  անմիջական ու երկարաշունչ հետեւանքները։ Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները վերաշեշտեցին անհրաժեշտութիւնը ներլիբանանեան մակարդակի վրայ հեռու մնալու ծայրայեղական կեցուածքներէ եւ ներքին համերաշխութեան պահպանման առումով անհրաժեշտ ճիգերը շարունակելու։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները քննարկեցին երկրին մէջ տիրող...

«Կիլիկիա» Վերլուծական Հարթակը Կը Գումարէ Արտակարգ Առցանց Նիստեր

«Կիլիկիա» Վերլուծական Հարթակը Կը Գումարէ Արտակարգ Առցանց Նիստեր

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» վերլուծական հարթակը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ, կը գումարէ արտակարգ յաջորդական նիստեր` օրակարգ ունենալով միջինարեւելեան վերջին զարգացումներն ու Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը: Նիստերուն քննարկման կէտեր են` «Երկու պետութիւն» միջազգայնացող օրակարգը եւ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան կարելիութիւնները: Իրանի ներգրաւուածութիւն Հըզպալլայի նկատմամբ Իրանի օժանդակութեան տարողութիւնը եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները, նաեւ` Իրան-Իսրայէլ թիրախային պատերազմի հետագայ...

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

«Մհեր Ջուլհաճեան» Միջվարժարանային Շարադրական Մրցանքին Արդիւնքները

Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած աշակերտական շարադրական այս տարուան մրցանքը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 25 մայիս 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններ ունեցող «Մհեր Ջուլհաճեան» շարադրական մրցանքին այս տարի մասնակցեցան 66 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ներկայացուցին հետեւեալ վարժարանները.- Թէքէեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Նախագահական  Թեկնածու Տանըլտ Թրամփին Միջեւ  Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Նախագահական Թեկնածու Տանըլտ Թրամփին Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ուրբաթ, 1 նոյեմբեր 2024-ին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կայացաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ ներկայ նախագահական ընտրութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ` վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած խօսակցութեան սկիզբը, Տանըլտ Թրամփ բարձր գնահատեց վեհափառ հայրապետը` անոր ցուցաբերած իմաստուն ղեկավարութեան համար, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի հարցին եւ շրջանին մէջ ամբողջական խաղաղութեան հաստատման...

Կոչ Հայ Ժողովուրդին՝ Ի Խնդիր Արցախի Հայութեան Իրաւունքներու Վերահաստատման Պաքուի (Ազրպէյճան) մէջ 11-22 նոյեմբեր 2024-ին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29 միջազգային համագումարի նախօրեակին, մենք` հոգեւոր պետերս դարձեալ մեր արդար ընդվզումը եւ խոր մտահոգութիւնը կը յայտնենք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմին (2020-2023) ու անոր հետեւանքով շուրջ 120.000 արցախցիներու իրենց պատմական հողերէն բռնագաղթին, Արցախի մէջ հայկական կրօնական ու մշակութային կառոյցներու ու կոթողներու...

Արեան Տուչութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Արեան Տուչութեան Արշաւ` Պուրճ Համուտի Մէջ

Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպուեցաւ արեան տուչութեան արշաւ` Լիբանանի վրայ իսրայէլեան շարունակուող նախայարձակումէն տուժած վիրաւորներուն բուժման նպաստելու համար: Իսրայէլեան շարունակուող նախայարձակումը մինչեւ հիմա պատճառ դարձած է շուրջ 3000 զոհերու արձանագրման, աւելի քան մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար անձ տեղահան եղած է, ամբողջ շրջաններ հիմնայատակ քանդուած են, արձանագրուած է աւելի քան 14 հազար վիրաւոր, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ պատկան կազմակերպութիւններ իրերայաջորդ...

«Ազդակ»-ի Մատենաշարը Ամբողջացնելու Կոչ Մեր Ընթերցողներուն

Կոչ Մեր Ընթերցողներուն` «Ազդակ»-ի Գրադարանը Ճոխացնելու Եւ Մատենաշարը Ամբողջացնելու Առաջադրանքով

«Ազդակ» իր 97-ամեայ առաքելութեան ճամբուն վրայ, ամէնօրեայ հեւքով եւ ի գին նիւթական, արհեստագիտական ու մարդուժի բազում դժուարութիւններու, միշտ մնացած է պատնէշի վրայ: «Ազդակ» ժողովուրդին համար եղած է դպրոց, ինքնազարգացման աղբիւր, մտքի ու հոգիի սնունդ ներարկած է իրերայաջորդ սերունդներու եւ նոր հորիզոններ բացած է հայ մտքի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ: Թերթի պատմութեան մէջ կ՛արտացոլայ հայ կեանքի եւ յատկապէս լիբանանահայ կեանքին ամբողջ...

«Պատերազմական Այս Փուլին Լուծումը  Մօտալուտ Չէ»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Պատերազմական Այս Փուլին Լուծումը Մօտալուտ Չէ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հարցազրոյցի հիւրը: Յակոբ Բագրատունի ողջունեց բոլոր լիբանանցիները` զանոնք նկատելով դիմադրողներ, ըլլան անոնք ճակատի վրայ գտնուողներ, գաղթականներ թէ գաղթականները դիմաւորողներ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ պատերազմը միայն այս երկիրը չէ որ թիրախ կը դարձնէ, այլ անկէ անդին նպատակներ կը հետապնդէ: «Հետեւաբար լիբանանցին կրնայ միայն...

Բագրատունի. «Եթէ Հիմա Իսկ Համաձայնութիւն  Գոյանայ Նախագահական Թեկնածուի Մը Շուրջ,  Ռմբակոծումներու Տակ Իսկ Խորհրդարանի  Դռները Կը Բացուին, Եւ Նախագահ Կ՛ընտրենք»

Բագրատունի. «Եթէ Հիմա Իսկ Համաձայնութիւն Գոյանայ Նախագահական Թեկնածուի Մը Շուրջ, Ռմբակոծումներու Տակ Իսկ Խորհրդարանի Դռները Կը Բացուին, Եւ Նախագահ Կ՛ընտրենք»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Օ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ Իսրայէլ իր ոճրագործութիւններուն համար պատճառաբանութեան կարիք չունի: Ան ըսաւ, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ, անձի մը, կողմի մը կամ համայնքի մը դէմ ուղղուած չէ, այլ ամբողջ Լիբանանի վրայ յարձակում է: «Նուազագոյն բանը, որ կրնանք ընել, միւս քաղաքացիին կողքին կանգնիլն է`...

Բագրատունի. «Լիբանանի Գոյութիւնը  Իբրեւ Պետութիւն Եւ Աշխարհագրական  Ծիր Վտանգուած Է»

Բագրատունի. «Նախագահ Չընտրուելուն Պատճառը Համաձայնութիւն Գոյացնելու Համոզումին Բացակայութիւնն Է»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը յայտնեց, որ ընտրութիւնները ընդհանրապէս ոչինչ կը փոխեն, առաւելագոյն պարագային միայն մօտեցումներն են, որ կը փոխուին, որովհետեւ որոշումը ի վերջոյ...

Ցաւակցութիւն` ՀՅԴ-ի Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Անունով

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ուղարկեց լիբանանեան լրատուամիջոցներուն. «ՀՅԴ Տեղեկատուական գրասենեակը խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ լիբանանեան մամլոյ եւ լրագրութեան մեծ ընտանիքին, որ յանուն իրականութեան եւ ճշմարտութեան խօսքին հերոսներ կորսնցուց իսրայէլեան յարաճուն բարբարոսութեան դիմաց: Այս հերոսները նահատակուեցան, որպէսզի ապրի Լիբանանը, հաւատալով, որ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ձայները օր մը պիտի յաղթանակեն համաշխարհային ամօթալի լռութեան եւ ընկճուած ու անիրաւուած ժողովուրդներու հաշուոյն մեծ պետութիւններու...

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Լիբանան շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին կ՛անցնի ձմեռնային ժամանակացոյցին: Ուստի ժամացոյցներուն սլաքները մէկ ժամ ետեւ պէտք է տանիլ:

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը  Օժանդակութիւններ Տրամադրեց  Պուրճ Համուտ Ապաստանած Տեղահանուածներու

Հայկական Երեսփոխանական Գրասենեակը Օժանդակութիւններ Տրամադրեց Պուրճ Համուտ Ապաստանած Տեղահանուածներու

Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը երէկ Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնին մէջ օժանդակութիւններ յանձնեց Պուրճ Համուտ ապաստանած լիբանանցի տեղահանուածներուն: Օժանդակութիւններու տրամադրումը մաս կը կազմէր Ազգային առաջնորդարանին, հայկական միութենական ու բարեսիրական կազմակերպութիւններու կողմէ այս առումով կատարուող ընդհանուր աշխատանքին: Նապաայի «Շէյխ Ֆարհաթ» կեդրոնի պատասխանատու շէյխ Զէյտ Ֆարհաթ այս առիթով յայտնեց. «Այս այցելութիւնը շատ բնական է: Մենք եւ մեր հայ եղբայրները մէկ ճակատագիր ունինք եւ մէկ...

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով Յիշատակի Նշում

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով Յիշատակի Նշում

Կիրակի, 20 հոկտեմբեր 2024-ին Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահուան քառասունքին առիթով: Անկէ ետք, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վազգէն Տէր Գալուստեանի մահուան քառասունքին առիթով յիշատակի նշում: ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց  տոքթ. Վազգէնը` «Մեծ հայը եւ մեծ...

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Առցանց Բ. Համագումարը  Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Առցանց Բ. Համագումարը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Շաբաթ, 19 հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), ընթացք առաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական քարոզչական առցանց Բ. համագումարը` մասնակցութեամբ միութեան շրջանային եւ մեկուսի 21 շրջաններէ աւելի քան 50 քարոզչական պատասխանատուներու եւ ընկերային ցանցեր վարող միութենականներու: Համագումարին առցանց ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դիւանի անդամներ եւ համագումարի կազմակերպիչ` Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչներ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Նայիրի Ազարիկեան, որ...

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Հրաւէրով Խորհրդակցական Լայն Հանդիպում

Հայկական Երեսփոխանական Պլոքին Հրաւէրով Խորհրդակցական Լայն Հանդիպում

Երկրի տագնապալի կացութեան ի տես, Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցական ժողով, ներկայութեամբ ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ՀՅԴ Բիւրոյի Լիբանանի ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն: Ներկայ էին երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ Ժորժ Գասարճի, Նուրիճան Տէմիրճեան, Շահէ Պարսումեան, Սեպուհ Յովնանեան, Վրէժ Սապունճեան, Աւետիս Կիտանեան,...

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 20 հոկտեմբերին Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած նուիրեալներու հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ- պատասխանատու, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Սարգիսեան: Պատարագին ներկայ գտնուեցան թեմի կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Խորհրդակցական Առցանց Նիստ Գումարեցին Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչները Խորհրդակցական Առցանց Նիստ Գումարեցին Վեհափառ Հայրապետին Հետ

Երէկ երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը առցանց խորհրդակցական նիստ մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նիստին մասնակցեցան ՍԴՀԿ-էն` Վանիկ Տաքէսեան, ՀՅԴ-էն` Յակոբ Բագրատունի եւ ՌԱԿ-էն` տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան: Նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան: Յայտնենք, որ հովուապետական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան...

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Դեսպան Աթաբէկեանի Հետ

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները 17 հոկտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին հետ՝ ներկայութեան Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգսեանի եւ փոխդեսպան Ստեփան Գէորգեանի։ Հանդիպման  ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ առկայ ապահովական, մարդասիրական եւ ընկերային խնդիրները։ Խոհրդակցութիւնները կեդրոնացած էին ճգնաժամային պայմաններուն վրայ։ Դեսպան Աթաբէկեան վերահաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցութիւնը եղբայրական Լիբանանին։ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց...

Հետեւելու Համար «Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսին

Հետեւելու Համար «Ազդակ»-ի Արագ Լրահոսին

Այս օրերուն հասկնալի պատճառներով կտրուկ աճ արձանագրած է «Ազդակ»-ի արագ լրահոսի հետեւորդներուն թիւը: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր մեր աշխատակիցները արագ լրահոսի ճամբով հաղորդ կը պահեն այս դրութեան հետեւորդները` Լիբանանի տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւններուն: Արագ լրահոսին հետեւելու համար պարզապէս պէտք է ներբեռնել «Ազդակ»-ի app-ը` Aztag Daily

Page 53 of 364 1 … 52 53 54 … 364

Արխիւներ