Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանի Ճամբով Զօրակցութիւն Լիբանանցի Գաղթականներուն

Հոկտեմբեր 11, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2024-ին, Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին անունով  մասնաւոր պատուիրակութիւն մը յաջորդաբար այցելեց Պուրճ Համուտի սահմանակից գօտիին մէջ գտնուող հինգ գաղթավայրեր, ուր ապաստանած են հարաւային Լիբանանէն տեղահանուած հազարաւոր քաղաքացիներ:

Հինգ անդամ հաշուող պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէին Լիբանանի Հայոց թեմի հոգեւորականաց դասէն երկու քահանայ հայրեր:

Ազգային վարչութեան որոշումով թելադրուած այս այցելութիւնը կը միտէր մօտէն ծանօթանալ գաղթականներուն ունեցած անմիջական կարիքներուն եւ դիմագրաւած հարցերուն ու ստեղծուած աղէտին դիմաց համայնքին անունով զօրակցութիւն յայտնել գաղթավայրերու պատասխանատուներուն:

Շրջագայութեան միջոցին,  պատուիրակութիւնը իւրաքանչիւր գաղթակայանին փոխանցեց անհրաժեշտ ուտեստեղէնի պարէն` պատրաստուած գաղթակայաններու պատասխանատուներուն խորհուրդովն ու թելադրութեամբը:

Անկասկած, Ազգային առաջնորդարանի ճամբով կատարուած մարդասիրական այս ճիգը նուազագոյն զօրակցութեան արտայայտութիւն մըն էր գաղթական դարձած լիբանանցի մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ: Գոյութիւն ունեցող կարիքները հսկայական են եւ բազմատեսակ, հետեւաբար հրամայական պահանջ է, որ գալիք աշխատանքներուն համար ընդհանուր զօրակցութեան ու գործակցութեան պայմաններ ստեղծուին:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուայթընզվիլ

Յաջորդը

Աշխարհին Մէջ Ամէնէն Շատ Խօսուած Լեզուները

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?