Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան մանկական արդիական ծրագիրներու բաժանմունքը հրապարակած է դաստիարակչական գրքոյկներ եւ աշխատանքային տետրակներ մանուկներու համար:
Այս գիրքերը կ՛օգնեն, որ երեխան զարգացնէ իր զանազան հմտութիւնները եւ գիտելիքները:
«Իմ Հայաստան» գրքոյկը երեխային կը ծանօթացնէ` Հայաստանի ազգային արժէքները, կոթողները, հայկական մշակոյթը (ազգային նուագարաններ, տարազ եւ այլն): Կը ջամբէ օգտաշատ գիտելիքներ:
«Աշխատանքային տետրակ» թիւ 1` նախատեսուած է 3-4 տարեկան երեխաներուն համար: Աշխատանքներուն ընթացքին երեխան պիտի ամրապնդէ տարբեր յղացքներ: Ան պիտի գծէ զանազան գիծեր, պիտի ճանչնայ գոյները, ձեւերը եւ 1-էն 3 թուանշանները:
«Աշխատանքային տետրակ» թիւ 2` նախատեսուած է 5-էն 6 տարեկաններու համար: Երեխան պիտի ծանօթանայ շրջապատին, պիտի գծէ տարբեր գիծեր, պիտի ճանչնայ որոշ գիրեր, ինչպէս նաեւ` 1-էն 10 թուանշանները:
Գունաւոր էջերը, այլազան խաղերը պիտի զարգացնեն երեխային դիտելու կարողութիւնն ու գեղագիտական ճաշակը:
«Մեր գունաւոր աշխարհը» եւ «Մեր թուղթէ անակնկալը»
Պատմութիւնները պիտի զարգացնեն երեխային երեւակայութիւնը, գեղագիտական ճաշակը եւ պիտի հարստացնեն բառապաշարը:
Այս բոլոր հրատարակութիւնները կարելի է գտնել`
– Լոս Անճելըսի Buy Armenian խանութին մէջ:
– Պէյրութի Համազգայինի գրախանութին մէջ, «Շաղզոյեան» կեդրոն:
– Երեւան, Համազգայինի գրասենեակ, Մաշտոց 37:
– Կամ առցանց ապսպրել www.lalanouaran.com/shop կայքի միջոցով: