ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերի գիշերը կատարած հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան յայտնեց. «Դժբախտաբար Լիբանանը, անգամ մը եւս, ահաւոր ճգնաժամային պահերու մէջ կ՛ապրի: Այս պահուն արդէն հարաւային Լիբանան իսրայէլեան ցամաքային ներխուժում կ՛ակնկալուի: Բնականաբար, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ոճրային ահաբեկումը իր վատ անդրադարձը ունի ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ ամբողջ շրջանին վրայ: Ամէն պահու կը սպասուի նման յարձակումներու սաստկացում: Փաստօրէն, միջազգային ընտանիքը, բացի դիւանագիտական խօսքերէ կամ յայտարարութիւններէ, ոչինչ կ՛ընէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադար հաստատելու համար, այնպէս ինչպէս ցարդ ոչինչ ըրաւ Իսրայէլի կողմէ Կազայի վրայ շարունակուող յարձակումներուն պարագային»:
«Հայկական բնակչութեամբ շրջանները տակաւին անվտանգ են, յատուկ վնասներ չկան, ո՛չ նիւթական, ո՛չ ալ մարդկային, սակայն հարաւային Լիբանանէն եւ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններէն հսկայական թիւով, շուրջ մէկ միլիոնի հասնող, գաղթականութիւն կայ, որուն մէկ մասը անցած է աւելի ապահով շրջաններ, ներառեալ հայկական բնակավայրեր, ուր մենք, մարդկային իմաստով, բնական կերպով, կը փորձենք զիրենք քիչ մը նպաստաւոր պայմաններու մէջ պահել», նշեց ան:
«Դպրոցներու, բարձրագոյն ուսումնական հիմնարկներու եւ համալսարաններու պաշտօնական վերամուտը անցեալ շաբաթ էր, սակայն, այս կացութեան բերմամբ կրթութեան նախարարութիւնը յետաձգեց թէ՛ սեփական, թէ՛ պետական կրթական հաստատութիւններու վերամուտը: Վաճառատուները ընդհանրապէս բաց են, անշուշտ այն շրջաններուն մէջ, ուր թիրախաւորում չկայ, սակայն ընդհանրապէս ընդհանուր պաղ մթնոլորտ մը, սարսափի մթնոլորտ մը կայ, որովհետեւ լիբանանցին արդէն նախապէս նման պատերազմներ տեսած է եւ գիտէ ի՛նչ դժուարութիւններ կան: Օդակայանը կը շարունակէ գործել, սակայն, բացի լիբանանեան օդանաւային ընկերութենէն ոչ մէկ այլ օդանաւային ընկերութիւն իր օդանաւերը կը ղրկէ Լիբանան, զանազան պատճառներով, որոնց առաջինը անշուշտ, ապահովական պատճառն է»:
Բագրատունի նաեւ յայտնեց. «Սկզբնական շրջանին թիրախը հիմնականին մէջ Լիբանանի հարաւն էր, որ սահմանակից է բռնագրաւեալ Պաղեստինին, սակայն իսրայէլեան օդուժը ժամանակի ընթացքին սկսաւ լիբանանեան խորքը հարուածել, թէ՛ Պէյրութի Հարաւային արուարձանը, որ կը նկատուի Հըզպալլայի կարեւոր խարիսխներէն մէկը եւ մեծ թիւով շիի բնակիչներ ունի, թէ՛ Պեքաայի ու Պաալպեքի շրջանները, որոնք դարձեալ շիի համայնքի կարեւոր կեդրոններ են: Պէտք է նաեւ ըսել, որ իսրայէլեան օդուժը այսօր արշալոյսին թիրախաւորեց պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ Համաս շարժումի մէկ երկու կեդրոն, նաեւ հատուկենտ կարգ մը ղեկավարներու յարկաբաժինները, որոնց վրայ յարձակումը բնականաբար վնաս կը հասցնէ թէ՛ տուեալ շէնքին, թէ՛ շրջապատին»:
Պատասխանելով մագլցումի եւ կացութիւնը պատերազմի վերածելու կարելիութեան մասին հարցումի մը` Բագրատունի ըսաւ. «Մեզի համար արդէն պատերազմ է, որովհետեւ բազմահազար վիրաւորներ ու նահատակներ կան, եւ ամէնօրեայ, ամէն ժամ ու ամէն վայրկեան օդային յարձակումները ուրիշ բան չեն, քան պատերազմի յստակ երեւոյթներ: Օրինակ, կը գտնուիմ Պուրճ Համուտ, որ Հարաւային արուարձանէն 3-4 քիլոմեթր հեռու է, եւ անօդաչու թռչող սարքերն ու օդանաւերը, որոնք Հարաւային արուարձանը հարուածելու համար թռիչք կը կատարեն, մեր գլխուն վերեւ են, իսկ անոնք, որոնք կը ռմբակոծեն Պաալպեքը, հայկական Այնճար բնակավայրի շրջանէն կը տեսնուին կամ կը լսուին: Արդէն իսկ պատերազմական վիճակ է, եւ կը մնայ, որ ցամաքային ներխուժումը կատարուի, որպէսզի ըսենք, որ ճակատումը դէմ առ դէմ է»:
Զրուցավարի սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն եւ ինքնութեան մասին հարցումին պատասխանելով Բագրատունի յայտնեց. «Յստակացնեմ, որ սէյիտ Հաշեմ Հիշամ Սաֆիէտտինի ընտրութիւնը տակաւին չէ հաստատուած: Ան հանգուցեալ սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ մօտիկ ազգականական կապ ունի, նաեւ անոր տղան ամուսնացած է վերջերս Իրաքի մէջ նահատակուած Քասեմ Սուլէյմանիի աղջկան հետ: 1994-ին, երբ ուսանելու գացած է Իրանի Քոմ քաղաք, հրաւիրուած է Լիբանան, եւ կը նկատուի Հըզպալլայի կարեւորագոյն դէմքերէն մէկը, որ ունի թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ապահովական, թէ՛ ալ զինուորական պատասխանատուութիւններ, սակայն տակաւին պաշտօնապէս չէ ընտրուած: Նաեւ այստեղ պէտք է նշեմ, որ սէյիտ Նասրալլայի սպանութիւնը անպայմանօրէն պէտք չէ դիտել այնպէս, որ ամբողջ Հըզպալլան քանդուեցաւ կամ Հըզպալլան ասկէ ետք Լիբանանի կամ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ո՛չ քաղաքական, ո՛չ զինուորական գործունէութիւն պիտի ունենայ:
«Հըզպալլան պատմական անցեալ ունեցող կազմակերպութիւն է իր կարգապահութեամբ եւ նահատակութեան հանդէպ հաւատքով, գաղափարական կազմակերպութիւն է: Կրնաք երբեմն թերեւս անոնց կարգ մը գաղափարներուն կամ նպատակներուն համաձայն չգտնուիլ, սակայն, այսուհանդերձ անհատի մը սպանութիւնը, որքան ալ ծանրակշիռ ըլլայ ան, իր անդրադարձը ունենալով հանդերձ կազմակերպութեան վրայ, չի նշանակեր, որ ամբողջ կազմակերպութիւնը կը քանդուի: Հետեւաբար այսօր շատ աչալուրջ պէտք է ըլլալ Լիբանանի մէջ, որպէսզի այսպէս կանխահաս եզրակացութիւններու չյանգինք»:
«Ցամաքային ներխուժումը ոչ միայն Լիբանանի համար վտանգներ կը ստեղծէ, այլ նաեւ ամբողջ շրջանին համար: Եւ այդ էր պատճառներէն մէկը, որ մինչեւ հիմա ընդհանրապէս արեւմտեան պետութիւնները կոչ կ՛ուղղէին, որ Իսրայէլ նման քայլի չդիմէ: Նոյնը կ՛ընէր նաեւ Հայաստանի դրացի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով պետական մարմիններու ձեռնարկած քայլերուն մասին հարցումի մը` Բագրատունի ըսաւ. «Դժբախտաբար, մենք 2 տարիէ ի վեր արդէն նախագահ չունինք, նախագահական աթոռը թափուր է, եւ կը գործէ այսպէս կոչուած պաշտօնակատար կառավարութիւն մը, որ նաեւ ներկայ խորհրդարանին կողմէ վստահութեան քուէ չէ ստացած:
«Պետական կառոյցները արդէն իսկ աւելի լաւ օրերուն շատ արդիւնաւէտ չէին` նկատի ունենալով զանազան խնդիրներ, որոնց կարգին թէ՛ ներքին տնտեսական ու ելեւմտական տագնապը, թէ՛ սուրիացի տեղահանուածներու խնդիրները, թէ՛ մեր սահմանային խնդիրները Իսրայէլի հետ, առաւել միջազգային ընտանիքին, Միացեալ Նահանգներու եւ կարգ մը արեւմտեան երկիրներուն կողմէ պարտադրուած սեղմումները: Այսօր այս ճգնաժամին մէջ, բնականաբար, շատ աւելի վատ է կացութիւնը: Կ՛ենթադրեմ, Լիբանանէն դուրս ապրողը այդ վիճակը չի կրնար տեսնել: Այո՛, մենք տակաւին չենք հասած հոն, ուր հացի, ուտեստեղէնի, դեղորայքի եւ երեխաներու պէտքերուն կարիքը ունինք, եւ կը յուսանք, որ հոն չենք հասնիր: Վերջին 5 տարիներուն յաճախ գործածած ենք ճգնաժամ բառը, թէ՛ Լիբանանի մէջ ժողովրդային ցասումի օրերուն, թէ՛ «Քովիտ»-ի օրերուն, եւ թէ՛ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին օրերուն, սակայն այսօր ես կ՛ենթադրեմ, եւ ինծի կը ձայնակցին շատ շատեր, որ մենք իսկապէս վերջին 5 տարիներուն ընթացքին ամէնէն վատ ճգնաժամն է, որ կ՛ապրինք»:
Բագրատունի. «Տարհանում Իրականացնելու
Անհրաժեշտութիւն Չկայ»
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հայրենի «Լուրեր» լրատուական կայքին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ներկայիս ամբողջ Լիբանանի մէջ անորոշութիւն կը տիրէ: Ընդհանուր առմամբ, Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած որեւէ դեսպանութիւն մինչեւ օրս իր քաղաքացիները չէ տարհանած. բոլոր երկիրները, իբրեւ կանոն, կը յորդորեն իրենց քաղաքացիները լքել երկիրը:
Անդրադառնալով Լիբանանի հայկական համայնքին մէջ տիրող իրավիճակին` Բագրատունի նշեց. «Հայաբնակ շրջաններուն մէջ կացութիւնը խաղաղ է, պատերազմ չկայ: Այն ընդհանուր իրավիճակը, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ, կը կիսէ նաեւ տեղւոյն հայ բնակչութիւնը: Զոհերուն մեջ հայեր չկան»: Ան շեշտեց, որ անվտանգութեան նկատառումով տարհանում իրականացնելու անհրաժեշտութիւն ներկայիս չի նկատուիր:
«Եթէ հայերը կ՛ուզեն Հայաստան երթալ, բնականաբար մենք կը քաջալերենք այդ քայլը: Մենք միշտ ըսած ենք, որ եթէ մեր հայրենակիցները յանգած են այդ անդառնալի որոշումին եւ կ՛ուզեն լքել Լիբանանը, ապա մեզի համար միակ ուղղութիւնը Հայաստանն ու հայրենիքը պիտի ըլլայ», շեշտեց Բագրատունի` չթաքցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ կ՛ակնկալեն համարժէք արձագանգներ, համապատասխան քայլերու պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի Լիբանանէն մայր Հայաստան գացող քաղաքացիները իրենց ապահով զգան եւ շարունակեն իրենց բնականոն կեանքը:
Բացի ատկէ, երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ Պէյրութի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը մնայուն կապի մէջ է տեղւոյն իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ ըստ անհրաժեշտութեան համայնքային կառոյցներուն հետ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու խնդիրներու` իր իրաւասութիւններու շրջանակին մէջ պատշաճ հասցէագրման նպատակով: