Հայկական Դպրոցներուն Մէջ Ֆիզիքական Վնաս Պատճառելու Վերաբերող Ուսումնասիրութեան Արդիւնքներու Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 29 յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկավարժական հանդիպում մը` հոգեբան Ռոզին Մուղալեանի հետ, որ ներկայացուց ֆիզիքական վնաս պատճառելու (պուլինկ) վերաբերող իր ուսումնասիրութեան արդիւնքները` հայկական վարժարաններուն մէջ կատարուած: Հանդիպումին ներկայ էին Ազգ. վարժարաններու տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը: Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի...



















