Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդներուն Հետ Հոգեւոր Զրոյցներուն Վեցերորդը Անդրադարձաւ Յիսուսի «Լերան Քարոզ»-ին

February 7, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_yegՄասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան ու ուսանողութեան եւ տնօրինումով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ուրբաթօրեայ Ս. պատարագի եւ երիտասարդներուն հետ զրոյցի շարքին վեցերորդը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին  եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագը մատուցեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը փոխանցեց Շնորհք աբղյ. Աշըքեան, որ խօսեցաւ երանութեան մասին` մեկնելով «Լերան քարոզ»-ի երանելիներու շարքէն: «Ո՞վ է իսկական երանելի մարդը. մարդ ինչպէ՞ս կրնայ երանելի դառնալ Աստուծոյ աչքին. ի՞նչ է վարձատրութիւնը երանելի կեանք մը ապրող մարդուն», հարց տուաւ Շնորհք աբղյ. Աշըքեան եւ յայտնեց, թէ մեր կեանքին ընթացքին յաճախ երանի կու տանք նիւթեղէն արժէքներով զբաղող մարդուն, մինչ Քրիստոս երանի կու տայ բոլոր անոնց, որոնք նիւթեղէն արժէքներով զբաղելու կողքին ժամանակ կը յատկացնեն նաեւ հոգեւոր արժէքներով զբաղելու:

Շարունակելով իր խօսքը` հայր սուրբը անդրադարձաւ երանիներու շարքին` տալով օրինակներ եւ բացատրութիւններ իւրաքանչիւրին համար. «ա) Երանի հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը. բ) Երանի սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն. գ) Երանի հեզերուն, որովհետեւ անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը. դ) Երանի անոնց, որոնք արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունին, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան. ե) Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ ողորմութիւն պիտի գտնեն. զ) Երանի անոնց, որոնք սրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն. է) Երանի անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՛աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին. ը) Երանի անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար, որովհետեւ անոնց է երկինքի արքայութիւնը. թ) Երանի ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն ու հալածեն ձեզ, կամ ստելով ձեր մասին զանազան տեսակի զրպարտութիւններ ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ պատճառով: Ցնծացէք եւ ուրախացէք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ պիտի ըլլայ երկինքի մէջ»:

Եզրափակելով իր խօսքը` Շնորհք աբղյ. Աշըքեան կոչ ուղղեց ներկաներուն հաստատուն մնալ իրենց հաւատքին, առաքելական դաւանանքին եւ սիրոյ մէջ:

 

 

Նախորդը

Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնն Ու Եգիպտոս Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Հարցով Աշխատանքային Խումբ Պիտի Ստեղծեն

Յաջորդը

Հարցազրոյց Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

RelatedPosts

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի  Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան  87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում
Գաղութային

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 87-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

September 21, 2026
Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով  Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Հայաստանի Վերանկախութեան Տօնին Առիթով Հանրապետական Մաղթանք Կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

September 21, 2026
Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում
Գաղութային

Կարպիս Քենտիրճեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Բացում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.