Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի «Յետադարձ Հայեացք» Ցուցահանդէսի Բացում

February 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

VRT_4555Երէկ` չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժալ Էլ Տիպի «Սիւրֆաս Լիպր» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի «Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած ամբողջ սերունդի մը ապրած մղձաւանջը, տառապանքը, ցասումը, ցաւն ու ապրելու տենչը կ՛արտացոլայ:

Տաղանդաւոր գեղանկարիչին այս գործերուն ճամբով հայուն ապրած անմարդկային ցաւն ու չարչարանքը, վերապրելու կամքն ու խաւարին մէջ իսկ լոյսը փնտռել ու գտնելու տենչը կը փոխանցուի ոչ միայն հայութեան, այլ նաեւ լիբանանցի  արուեստասէրին եւ հանրային կարծիքին:

Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութեան ընթացքին վաստակաւոր գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան խօսք առնելով ներկայացուց լիբանանահայ գեղանկարչութեան պատմական զարգացումը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք` յատկապէս կեդրոնանալով 1960-ական թուականներուն վրայ:

Ապա Նորիկեան ներկայացուց իր անձնական փորձառութիւնը` տալով վաստակաշատ գեղանկարիչ Կիւվտերին օրինակը, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է իր վրայ, յատկապէս ուսանողութեան առաջին տարիներուն: Ան մեծապէս քաջալերած է զինք եւ ազդած է անոր արուեստագէտի կազմաւորումին վրայ:

Նորիկեանի «Յետադարձ հայեացք» ցուցահանդէսին ցուցադրուած են 50 տարուան գեղանկարներ, որոնք իր սեփական հաւաքածոյին մաս կը կազմեն:

Ըստ Նորիկեանի, գեղանկարչական գործերուն ստեղծման աղբիւրը եղած է իր նախնիներէն իբրեւ ժառանգութիւն փոխանցուած տառապանքը, որ կը գտնուի նաեւ իր էութեան եւ գործերուն մէջ:

Գրիգոր Նորիկեանի գործերով հարստացած ցուցասրահին մէջ արուեստի տիրական ներկայութեան ընդմէջէն կը բաբախէին հայուն պատգամը, Հայոց ցեղասպանութիւնը յաղթահարած ժողովուրդի մը պատմութեան օղակ մը, կարեւոր հանգրուան մը, որ հիմը դրաւ հայութեան գոյատեւման երթին:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 14 փետրուար 2015, երեկոյեան ժամը 6:00-էն մինչեւ ժամը 9:00, նոյն վայրին մէջ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարմնամարզանքի Ցուցմունքներ» Նիւթով

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին Եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին Միջեւ Համաձայնագիր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.