Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ. Ս. Սարգիս Զօրավարի Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Փետրուար 2, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215-Sourp-SarkisԵրէկ` կիրակի, 1 փետրուար 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ս. Սարգիս զօրավարի անուանակոչութեան տօնին առիթով, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզով ներկայացուց Ս. Սարգիս զօրավարը` քաջ եւ առաքինի զինուորականը, որ Կապադովկիոյ Գամիրք գաւառէն էր: Ան Ս. Սարգիսի մասին մէջբերեց պատմիչ Փ. Բուզանդի խօսքը. «Նահատակուեցաւ իր որդին` Մարտիրոսը, նահատակուեցան  տասնչորս զինակիցները, որոնք հաւատաւոր իր զինուորներն էին եւ ի վերջոյ նահատակուեցաւ նաեւ ինք»:

Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց  ներկայ հաւատացեալներուն` ըսելով. «Պէտք է սուրբին յիշատակը յարգել եւ պահել գիտակցօրէն եւ հաւատքով, որպէսզի անոր օրինակով ոգեւորուինք նաեւ մենք»: Ան նաեւ անդրադարձաւ օրուան Ճաշու աւետարանին, որուն մասին ըսաւ. «Սիրելինե՛ր, այս մտածումները չեն գրուած, որպէսզի մեզի անցեալը յիշեցնեն պարզապէս, այլ` գրուած են մեզի համար, բոլոր ժամանակներու մէջ ապրող մարդոց համար»:

Ս. Սարգիսին եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ «հաւատքը պէտք է վերարծարծենք մեր գիտակցութեան մէջ»: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ջերմապէս գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղականութիւնը, դպրաց դասը եւ բոլոր  սպասաւորները, որոնք ծառայած են եւ կը ծառայեն այս եկեղեցւոյ:

Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնէքը` եկեղեցւոյ բակին մէջ: Մատաղը հաւատացեալներուն բաժնուեցաւ   ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ»  մասնաճիւղի երիտասարդներուն կողմէ:

Նախորդը

«Հիմա Զգաստ Կանգնելու Ժամանակն Է» Հրանդ Մարգարեան*

Յաջորդը

Մտաւորական Ու Կազմակերպչական Արժանիքներուն Տէրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?