Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

February 7, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_tatoulԵրէկ` ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, այդ առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին եւ բաղդատական մը կատարուեցաւ վերջինիս ու ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն միջեւ:

Խօսելով 100-ամեակին բաղդատմամբ այլ ամեակներու ներկայացուցած կարեւորութեան մասին` Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ եթէ զայն բաղդատելու ըլլանք 50-ամեակին հետ, ապա կարելի է նշել, որ Հայաստանը օրին անկախ պետութիւն չէր, իսկ այսօր անկախ է, իսկ բաղդատմամբ 99-ամեակին, 100-ամեակը մէկ դար է` նոր քայլեր կատարելու եւ անցնող ժամանակաշրջանին արժեւորումը կատարելու առիթ մը եւ կը յաջորդէ Հայաստան-Թուրքիա 2 արձանագրութիւններուն: Աւելի՛ն, առաջին անգամ ըլլալով Թուրքիան կը հակադարձէ նոյն օրը նշելով Կալիփոլիի ճակատամարտին 100-ամեակը: Ան նշեց, որ 100-ամեակը Հայաստան-Թուրքիա քարոզչական ճակատամարտ է:

Ինչ կը վերաբերի 100-ամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկներուն, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակիցը ըսաւ, որ ընդհանրապէս պէտք է սպասել յառաջիկայ շրջանին, որուն գագաթնակէտը պիտի ըլլայ ապրիլ ամիսը եւ ամէնէն նշանակալից օրը` 24 ապրիլին Երեւանի մէջ արարողութեան ներկայութեան պատկերը, եւ զայն պէտք է բաղդատել Պոլսոյ մէջ թրքական արարողութեան ներկայութեան պատկերին հետ եւ ըստ այնմ եզրակացութիւն կատարել:

Խօսելով 29 յունուարին որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին մասին` Յակոբեան ըսաւ, որ իբրեւ բովանդակութիւն անիկա լաւ շարադրուած եւ բաւական անխոցելի է:

Ան ըսաւ, որ հռչակագիրը չի կրնար ամբողջովին ըլլալ պետական կամ օրէնքի ուժ ունեցող փաստաթուղթ, հակառակ այն փաստին, որ հռչակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին բերնով, եւ չի կրնար ունենալ սահմանադրական նշանակութիւն:

Պատասխանելով հռչակագիրին Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթին վրայ ունենալիք հաւանական ազդեցութեան մասին հարցումի մը` Յակոբեան ըսաւ, որ իր կարծիքով` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կապուած են Հայաստանի ներքին զարգացումներուն, եւ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները զգան, որ ներքին որոշ խնդիրներ ունին, ապա ինք չի բացառեր, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան արձանագրութիւնները յետս կոչէ:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

Նախորդը

Երիտասարդներուն Հետ Հոգեւոր Զրոյցներուն Վեցերորդը Անդրադարձաւ Յիսուսի «Լերան Քարոզ»-ին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.