Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ 99-րդ Լսարան. Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան Ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Արդի Իրաւական Խնդիրները» Նիւթը

Փետրուար 3, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20215_Lsaran1Երէկ՝ երկուշաբթի, 2 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, համագործակցաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան միջեւ,  տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու շարքին 99-րդը՝ «Հայոց ցեղասպանութեան արդի իրաւական խնդիրները» նիւթով։ Զեկուցաբերն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի իրաւախորհրդատուական բաժնի վարչութեան պետ դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան։

Շահան Գանտահարեան
Շահան Գանտահարեան
Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան
Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան

Լսարանի բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի  տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր  Շահան Գանտահարեան, որ ներկայացուց դասախօսը, շեշտելով 100-ամեակի այս հանգրուանին հատուցման ընդհանուր թղթածրարի պատրաստութեան համար նիւթին ներկայացուցած կարեւորութիւնը։

Դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան իր զեկուցումը բաժնեց 3 հիմնական մասերու։  Նախ եւ առաջ ան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային իրաւական հիմնահարցերուն վերաբերող ազդակներուն մասին՝ շեշտը դնելով արդի իրաւական այն հարցերուն վրայ, որոնք գոյութիւն ունին  այսօր Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գործին վրայ։ Ան նկատել տուաւ, որ նախ եւ առաջ պէտք է հասկնանք, թէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ի՛նչ կիրարկելի իրաւունքներ կրնանք օգտագործել եւ ի՛նչ բանի հիման վրայ կրնանք պահանջ ներկայացնել։ Ան շեշտեց, որ եթէ ցեղասպանութեան պարագային  ցոյց տանք, թէ յարձակումները թիրախ ունէին եւ ուղղուած էին միայն մարդկային խումբի դէմ, աւելի հաւանական է միջազգային կամ այլ ատեանի մէջ հիմնաւորել արարքը իբրեւ ցեղասպանութիւն։ Երկրորդ բաժինով ան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ այն հարցերուն, որոնք կը վերաբերին դատավարական այն ընթացներուն, որոնց միջոցով կարելի է պահանջատիրութեան փաստերը հասցնել յաղթական հանգրուանին եւ հատուցման։ Երրորդ բաժինով ան խօսեցաւ Հայոց

ցեղասպանութեան ժխտողականութեան, մասնաւորապէս Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ ակնկալուելիք վճիռին մասին եւ ներկայացուց թուրք ազգայնական գործիչ Տողու Փերինչեքի արարքին հիմնական առանձնայատկութիւնները՝ նկատել տալով, որ Փերինչեք ընդունած է, որ 1915-ին ցաւալի դէպքեր  տեղի ունեցած են, սակայն յայտնած է, թէ կարելի չէ զանոնք ցեղասպանութիւն անուանել։ «Եթէ Ողջակիզումը պատժելի է, պատժելի է նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,  շեշտեց դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան։

Վերջին բաժինով ան անդրադարձաւ նաեւ հատուցման հիմնական եղանակներուն եւ ձեւերուն։

Աւարտին առիթը տրուեցաւ ներկաներուն  լուսաբանական հարցումներ ուղղելու բանախօսին։

 

 

Նախորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» – Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն Հայաստան Մաս Կազմեց Գ. Զամբիւղին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան
Գաղութային

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Նոյեմբեր 29, 2023
Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ  ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին
Գաղութային

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Նոյեմբեր 28, 2023
Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք
Գաղութային

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

Նոյեմբեր 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In