Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Կեանքին Եւ Գործունէութեան Ներկայացում

January 31, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13015_armen-1Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին կազմակերպութեամբ ուրբաթ, 30 յունուար 2015-ին, քոլեճի վարիչ տնօրէն Արմէն Ճենտերեճեան, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ ներկայացուց Ալեքսանտր Սպենդիարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը: Արմէն Ճենտերեճեան յայտնեց, որ Սպենդիարեանը կը նկատուի հայ դասական երաժշտութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ իւրացնելով ժողովրդական երաժշտութեան օրինաչափութիւնները, դաստիարակուելով եւրոպական եւ ռուսական դասական երաժշտութեամբ, ընդարձակած է ազգային երաժշտութեան շրջանակները, հիմքը դրած հայ դասական սիմֆոնիք երաժշտութեան եւ ստեղծած «Ալմաստ» օփերան:

Ալեքսանտր Սպենդիարեան ծնած է 1871-ին, Խրիմ, վաճառականի ընտանիքի մէջ: Անոր մանկական երաժշտական տպաւորութիւնները կապուած եղած են ընտանիքի մթնոլորտին եւ Խրիմի երաժշտական կենցաղին հետ: 1896-1900 թուականներուն Սպենդիարեան աշակերտած է նշանաւոր յօրինող Ն. Ռիմսքի Քորսաքովին: Անոր աշխարհահայեացքի ձեւաւորման մէջ մեծապէս նպաստած է կապը ռուսական արուեստի յայտնի  ներկայացուցիչներուն եւ հայ մշակոյթի յառաջադէմ գործիչներուն հետ:

Ճենտերեճեան նկատել տուաւ, որ Սպենդիարեան ապրած է Խրիմի մէջ, ուր ծաւալած է երաժշտական բեղուն գործունէութիւն: Իսկ անոր ստեղծագործական կեանքին մէջ կարեւոր եղած են երկու իրադարձութիւններ. 1916 թուականին` երբ յատուկ հրաւէրով կ՛այցելէ Թիֆլիս, եւ 1924-ին` երբ Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով կը փոխադրուի Երեւան, ուր մեծ կարելիութիւն կ՛ունենայ խոր ու բազմակողմանի կերպով ուսումնասիրելու հայ ժողովուրդին կեանքը: Ան մօտէն յարաբերութիւն կ՛ունենայ Կոմիտասի ստեղծագործութեան հետ, որ հսկայական տպաւորութիւն կը ձգէ վրան:

Ճենտերեճեան անդրադարձաւ, թէ ինչպիսի՛ մեծ դեր խաղացեր է Սպենդիարեան Հայաստանի երաժշտական կեանքի զարգացման մէջ թէ՛ իր ստեղծագործութեամբ, թէ՛ հասարակական գործունէութեամբ` մեծապէս նպաստելով սիմֆոնիք նուագախումբի ստեղծման:

Ան նշեց նաեւ, որ 1928-ին Սպենդիարեան Խորհրդային Միութեան կառավարութեան կողմէ նշանակուած էր Շուպերթի մահուան 100-ամեակը նշելու համար ստեղծուած համաշխարհային կոմիտէի կազմին մէջ: Բայց դժբախտաբար չէ կրցած մասնակցիլ անոր աշխատանքներուն, որովհետեւ կեանքի թելը կտրուած է 7 մայիս 1928-ին:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ունկնդրեցին Սպենդիարեանի վոքալ եւ սիմֆոնիք ստեղծագործութիւններէն` «Այ վարդը», «Ղրիմի էսքիզներ» եւ «Երեք արմաւենիներ»:

Արմէն Ճենտերեճեան նկատել տուաւ, որ Սպենդիարեանի անունով կոչուած է Երեւանի օփերայի եւ պալէի թատրոնը:

Պէտք է յիշել, որ Ճենտերեճեանի ներկայացման հետ զուգընթաց ներկաները կարելիութիւն ունեցան դիտելու Ալեքսանտր Սպենդիարեանի լուսանկարները:

Նախորդը

Էլիաս Ռահպանի Այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիր Եւ Բարձր Գնահատեց Հոն Տարուած Աշխատանքը

Յաջորդը

Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.