Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համակարգող Մարմինի Հերթական Նիստը` Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ

Յունուար 31, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

13015_430 յունուարին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի հերթական նիստը, որ կը վարէր համակարգող խորհուրդի նախագահ, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:

Նիստին կը մասնակցէին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթին գլխաւոր խմբագիր Յարութ Սասունեան, «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, Երեւանի պետական համալսարանի լրագրողներու բաժանմունքի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի մամլոյ եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ Նուէր Նալբանդեան:

Նիստին հեռակապով միացած էին նաեւ Ռուսիոյ «Նոյեւ Քովչեկ» լրատուամիջոցի գլխաւոր տնօրէն Գրիգոր Անիսոնեան, Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, լրագրող Յակոբ Վարդիվառեան, Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան:

Ողջունելով նիստին մասնակիցները` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ ողջունելով այսքան վաստակաշատ լրագրողներ. դուք կը ներկայացնէք այն ամրոցը, որ կը կոչուի  տեղեկատուական ցանց: Յատկապէս այս տարի դուք շատ մեծ ընելիք ունիք, եւ ձեր գործունէութիւնը, հրապարակումներն ու աշխատանքները պէտք է բխին  Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովին  կողմէ երէկ ընդունուած համահայկական հռչակագիրի տառէն ու ոգիէն: Որքան աշխուժ  ու գործունեայ ըլլաք, այնքան ուժեղ կը դիմադարձէք թուրք-ազրպէյճանական քարոզչութեան ու կեղծարարութեան: Կ՛ակնկալեմ, որ 2015-ին դուք միասնական կ՛ըլլաք  եւ ձեր բոլոր ջանքերը համակարգուած կերպով կը ներդնէք այդ ուղղութեամբ»:

Քննարկուեցան նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած հարցերը` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ` լաւագոյն հրապարակում» անուանակարգով մրցանակաբաշխութեան անուանակարգերու եւ չափորոշիչներու յստակացում, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն լուսաբանումը շրջանային մամուլին մէջ եւ Լրագրողներու 7-րդ համաժողովին հնչած առաջարկներուն  վերաբերող հարցեր:

 

Նախորդը

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Կեանքին Եւ Գործունէութեան Ներկայացում

Յաջորդը

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Խորհուրդի Ժողովը Տեղի Պիտի Ունենայ Հայաստանի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան  Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան Եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?