Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire De La Grande Famine Au Mont-Liban (1915-1918) Un Génocide Passé Sous Silence» Գիրքի Ներկայացում

February 6, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

20515_bous-1Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire de la Grande famine au Mont-Liban(1915-1918) Un génocide passé sous silence» գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակներու յիշատակը, ապա «Ֆայհա» երգչախումբը բարձր կատարողութեամբ մեկնաբանեց լիբանանեան քայլերգը եւ փունջ մը երգեր, Պարգեւ Թասլաքեանի խմբավարութեամբ: Գեղարուեստական  յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի սենեկային համոյթը:

Ճորճ Գրիգորեան
Ճորճ Գրիգորեան
 Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան
Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան:

Գրիգորեան խօսեցաւ Անթուան Պուսթանիի գիրքին արժէքին մասին` իբրեւ պատմական, վաւերագրական աշխատասիրութիւն: Գիրքը ընթերցողին առջեւ կը բանայ Լիբանանի պատմութեան ցաւոտ էջերէն մէկը, որ դատապարտուած էր լռութեան: Ան ըսաւ, որ պատմական ճշմարտութիւնները կարելի չէ ընդունիլ իբրեւ սոսկ տեսակէտ: Պատմութեան եւ անցեալի իրադարձութիւններու իմացութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Ան ըսաւ, թէ պատմութեան գիրքերը, եւ յատկապէս  Պուսթանիի այս գիրքը անցեալը տեսնելու, ներկան հասկնալու եւ  ապագան կերտելու նպատակին լաւագոյնս կը ծառայէ:

Ապա դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան ներկայացուց գիրքը, որ կը խօսի Լիբանանի պատմութեան 1915-1918 ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ գիրքը յագեցած է մարդասիրական եւ հայրենասիրական ապրումներով: Նահատակներու նկատմամբ յարգանքի զգացումով: Չորս դար Օսմանեան իշխանութեան կատարած բռնութիւններուն կու գայ աւելնալու Ճեմալ փաշայի սեւ ծրագիրը, որ սովի ենթարկելով վերջ տուաւ Լեռնալիբանանի ժողովուրդին եւ որուն զոհ գացին մօտ 200 հազար լիբանանցիներ: Ան անդրադարձաւ նաեւ, որ գիրքին հրատարակութիւնը կը համընկնի Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն ժողովուրդներու ապրած արհաւիրքի 100-ամեակին եւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Նշեց, որ գիրքը պատմական, վաւերական փաստերու վրայ հիմնուած աշխատասիրութիւն է, որ կը պատմէ 1915-1918 Լիբանանի քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին, մինչեւ Ճեմալ փաշայի մուտքը Լիբանան, թուրք զինուորներու կատարած վայրագութիւնները, կողոպուտն ու թալանը, ապա ֆրանսացիներուն մուտքը:

20515_bous-2Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանի, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ստեղծած առիթին համար: Ապա ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Համաշխարհային Ա. պատերազմին Լիբանանը եւ լիբանանցիները անզէն եւ անպաշտպան ինկան օսմանեան իշխանութեան տակ, որուն հետեւանքով աւերուեցաւ երկիրը: Ծայր առին գաղթն ու կողոպուտը: Լեռնալիբանանի մէջ սեւ ու մութ այս ծրագիրի իրականացման օգնեցին երեք գործօններ` մարդկային, քաղաքական եւ բնական: Ապա ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս ֆրանսացիներուն մուտքով լիբանանցի ժողովուրդը աշխատեցաւ ծալլել անցեալի ցաւոտ էջը եւ սկսիլ նոր կեանք:

Ապա Պուսթանի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ մեր պատմութիւնը մոռացութեան կը մատնուի անհատներու կամ հասարակութեան կողմէ: Ինչո՞ւ լռութեան դատապարտած ենք մեր զգացումները, ինչո՞ւ մեր արժանապատուութիւնը հանգած է:

Ան նշեց, որ ապրելու բնազդը, որ անցնող 4 տասնամեակներուն արթնցաւ մեր մէջ, ստիպեց բոլորին, որ անդրադառնան իրականութեան, վերադառնան արմատներուն եւ զգուշաւոր ըլլան գալիքին նկատմամբ: Արմատներուն վերադարձը  ուղղութիւն կու տայ կողմնորոշուելու գալիքին գծով:

20515_bous-5Ան ըսաւ, որ  մեր ներկայութիւնը եւ գործակցութիւնը հայ ազգի ազնիւ զաւակներուն հետ օրինակելի է, այս ազգին նահատակներուն առջեւ  մենք ալ կը խոնարհինք ու կ՛ոգեկոչենք անոնց յիշատակը` քաջութեամբ պահանջելով արդարութիւն եւ իրաւունք: Լիբանանահայերը ուս ուսի տալով կը գործակցին իրարու հետ, բայց միշտ հաւատարիմ մնալով Լիբանանին:

Սեպուհ Այնթապեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Պուսթանիին յանձնեց յուշանուէր իբրեւ երախտիք:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին մակագրութիւնը: Հարկ է նշել, որ գիրքը պիտի թարգմանուի նաեւ անգլերէնի:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Պարգեւատրէ Գրիգոր Մահսէրէճեանը

Յաջորդը

Փեսքով Կը Հերքէ Սէուտական Արաբիոյ Հետ «Ասատը Փոխան Քարիւղի» Համաձայնութեան Շուրջ Բանակցութեան Լուրը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.