Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլիաս Ռահպանի Այցելեց «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիր Եւ Բարձր Գնահատեց Հոն Տարուած Աշխատանքը

January 31, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

13015_rahbaniԵրէկ` ուրբաթ, 30 յունուարին, ընդառաջելով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին հրաւէրին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր այցելեցին արուեստագէտ, երաժիշտ եւ երգահան Էլիաս Ռահպանի, Մըզհերի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան եւ  Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեան:

«Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անդամներուն հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Էլիաս Ռահպանի դրուատիքով արտայայտուեցաւ հայութեան, հայ մշակոյթին եւ լիբանանահայ տիպարին մասին:

Ապա երաժիշտն ու հիւրերը շրջագայեցան կեդրոնին մէջ, ծանօթացան տարբեր բաժանմունքներուն, հոն տարուող գործունէութեան ու առօրեային:

13015_rahbani-2Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ Էլիաս Ռահպանի եւ հիւրերը ընդունուեցան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն կողմէ, ապա ականատես եղան Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, «Գայեանէ» պարարուեստի, «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի եւ «Արեգ» թատերական դպրոցներուն մէջ աշակերտներուն կատարած փորձերուն: Ռահպանի հիացմունք արտայայտեց տարուած աշխատանքին գծով, նաեւ դիտել տուաւ, որ հոն թրծուող մարդուժը նաեւ պէտք է ներգրաւուի լիբանանեան արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ:

Ապա հիւրերուն ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտները, իսկ աւարտին Ճենտերեճեան եղբայրները մեկնաբանեցին 4 երաժշտական բացառիկ կտորներ, որոնք արժանացան հիւրերուն հիացմունքին:

Էլիաս Ռահպանի յայտնեց, որ շատ դրական եւ բացառիկ տպաւորութիւններ կազմեց կեդրոնին եւ հոն կատարուող աշխատանքներուն մասին, ակնկալածէն աւելի մեծ տարողութիւն ու արժէք ունեցող գործունէութիւն կը տարուի տարբեր բաժանմունքներուն մէջ, ուր սերունդներ կը թրծուին: Ան ըսաւ, թէ հայը միշտ ալ գնահատելի, օրինակելի եւ իր արժէքներուն ու սկզբունքներուն կառչած անհատ եղած է, որ միայն դրական լիցք կը հաղորդէ եւ օգտաշատ ու հարստացնող ներդրում կ՛ունենայ իր շրջապատին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Հալէպի Ազիզիէ Շրջանը Հրթիռակոծման Ենթարկուեցաւ Գէորգ Հալլաճեան Զոհուեցաւ

Յաջորդը

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի Կեանքին Եւ Գործունէութեան Ներկայացում

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.