Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Մարմնամարզանքի Ցուցմունքներ» Նիւթով

February 5, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04800Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-մարմնամարզանք, յատուկ տարեցներու համար: Դասախօսութիւն-մարմնամարզանքը ներկայացուց Ցոլիկ Բատոյեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան նշեց, որ առողջ ապրելակերպ մը պայմանաւորուած է ֆիզիքական շարժման կեանք մը ունենալու անհրաժեշտութեամբ: Իսկ մարմնամարզանքը մեզի կը սորվեցնէ մարմնին տարբեր անդամները ճիշդ ձեւով շարժել` առանց վնաս հասցնելու անոնց:

Ցոլիկ Բատոյեան
Ցոլիկ Բատոյեան

Դասախօսութիւն-մարմնամարզանքի հանդիպումը սկսաւ Ցոլիկ Բատոյեանի բացատրութիւններով եւ թելադրանքներով: Ան նշեց, որ մարզանքը կ՛օգնէ մեզ պահելու կշիռքը եւ կամ կը նուազեցնէ զայն, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ տարբեր հիւանդութիւններու կանխարգիլման կամ բուժման:

Տարիքի յառաջացումով անհատը աւելի նուազ շարժում կը կատարէ եւ նստակեաց կեանք մը կ՛որդեգրէ: Տարեցները յաճախ երկար ժամանակ նստելով կը մնան անշարժ, ինչ որ կը ստեղծէ նպաստաւոր հարթակ զանազան հիւանդութիւններու եւ անոնց յառաջացման: Յառաջացած տարիքը կը պահանջէ աւելի շարժուն կեանք, ուր անհատը կ՛ըլլայ ֆիզիքապէս աւելի անկախ եւ նուազ կը վստահի այլոց օգնութեան:

Տարբեր բժշկական, գիտական ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ աշխուժ ապրելաձեւ ունեցող անհատներ նուազ հակամէտ են տառապելու շաքարախտէ, գերճնշուածութենէ, սրտի տարբեր հիւանդութիւններէ եւ այլն:

Ցոլիկ Բատոյեան տեսականը գործնականի վերածելով ցոյց տուաւ տարեցներու յատուկ մարզանքի զանազան ձեւեր, ինչպէս նաեւ հրաւիրելով քանի մը կամաւոր մասնակիցներ անոնց հետ միասնաբար ներկայացուց շարք մը մարզանքի շարժումներ: Բատոյեան ներկաներուն թելադրեց օրական դրութեամբ քալել: Յաճախ երբ ինքնաշարժով տեղափոխուինք, երբ մօտենանք ճշդուած վայրին, ինքնաշարժէն իջնելով փորձենք  քալել: Թելադրելի է մէկ շաբթուան ընթացքին քալել 150 վայրկեան, այսինքն` օրական 15-20 վայրկեան:

Ան թելադրեց սկսիլ ամէնէն տարրական մարզանքի ձեւերէն. կարելի է սկսիլ հաստատուն աթոռ մը օգտագործելով` հագուելով հանգիստ հանդերձներ եւ հանգստաւէտ կօշիկ, ինչպէս նաեւ անպայման ունենալով փոքր շիշով ջուր:

Աւարտին կրկին անգամ Ցոլիկ Բատոյեան իր շուրջ հաւաքելով կամաւոր մասնակիցներ, բացատրութիւններով եւ մարզանքի տարբեր ձեւերով ներկաներուն բացատրեց ու շեշտեց մարզանքի անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 100

Յաջորդը

Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի «Յետադարձ Հայեացք» Ցուցահանդէսի Բացում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.