ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ ազգային- հասարակական գործիչ Բենօ Թոնդեանի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 1 փետրուար 2015-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յաւարտ սուրբ պատարագի` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու համար Բենօ Թոնդեանի յիշատակը:
Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ դժուար, բայց պարտաւորեցնող է խօսիլ մարդու մը մասին, դաշնակցական հասարակական գործիչի մը մասին, որ քիչ խօսեցաւ, գործեց լուռ, ղեկավարեց քաջութեամբ ու համբերութեամբ, որ իր սակաւախօսութեամբ, համբերատարութեամբ ու մանաւանդ արթնամտութեամբ յաջողեցաւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները ճգնաժամային օրերուն` սեփական ուղիով, գաղափարաբանութեամբ եւ կազմակերպութեան տեսլականով: Ընկեր Բենօ մինչեւ վերջ մնաց անկեղծ` իր գործով ու կեցուածքով: Եղած է խիստ, երբեմն անխնայ, վիրաւորական, բայց միշտ դաշնակցական խոր հաւատքով լեցուն: Ան Դաշնակցութեան պրիսմակէն դիտելով երեւոյթները` մնացած է հաւատարիմ իր դաշնակցականի յախուռն կեցուածքին:
Հաւաթեան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ դաշնակցական ըլլալու յանձնառութեան, որ կ՛ենթադրէ զոհողութիւն եւ պարտաւորութիւն, ներազգային ու ներկուսակցական գործունէութեան մէջ գաղափարական եւ ֆիզիքական աներեւակայելի ու հսկայածաւալ աշխատանք: Ապա Հաւաթեան աւելցուց, որ Դաշնակցութեան ծառայել իբրեւ ղեկավար ու մնալ անոր մեծագոյն ծառան մաշեցնող է, բայց կանգուն ու ամուր մնալու ուրիշ ելք չկայ, որովհետեւ հայութեան յոյսն ու ապաւէնն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Իսկ դաշնակցական ղեկավարը կ՛ենթադրուի ըլլալ գերբնական ուժի տէր, որպէսզի բոլորին կարիքները, երբեմն ալ առաջադրանքները յաջողի իրականացնել: Հաւաթեան յայտնեց, որ գերբնական ուժ կ՛ենթադրէր այն ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին ընկեր Բենօ ստանձնած է իր ղեկավարի պարտականութիւնը: Ան յանդգնութեամբ ու հանդարտութեամբ ղեկավարեց ճակատագրական շրջանի մը մէջ, ուր հայրենիքի մէջ սպառնալիքներն ու բանտային կալանքները կը սպառնային դաշնակցական ղեկավարներուն: Ցնցումներէն չընկրկեցաւ եւ ժպիտը անպակաս մնաց դէմքին վրայ:
Հաւաթեան հաստատեց, որ Բենօ Թոնդեանն ու անոր սերնդակիցները մեծ դեր ունեցան Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ, որոնք նոր որակ տուին պահանջատիրական մեր երթին, ապա ըսաւ, որ անոնց օրինակով ապրած է մեր սերունդը եւ դաստիարակուած անկախ ու ազատ խօսելու էութեամբ, տարակարծութիւններու լիակատար յարգումով, յանդուգն, բայց պատասխանատու խօսքի ու գործի ճիշդ ըմբռնումով:
Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Հանգի՛ստ հանգչիր Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ, ընկե՛ր Բենօ, Դաշնակցութեան ընտանիքը իր երթը պիտի շարունակէ եւ իրեն վստահուած առաքելութեամբ տէր պիտի կանգնի իր իրաւունքներուն» :
Ձեռնարկին խօսք առաւ նաեւ Բենօ Թոնդեանի սերնդակից եւ գաղափարակից Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ Բենօ Թոնդեանի արժանիքներուն եւ վաստակին` նշելով, որ կրթութեամբ ու ուսումնառութեամբ Բենոն ճարտարագէտ էր, ինչ որ գիտութեան ու ուսողութեան մարզերուն մէջ ունակութիւններ կ՛ենթադրէր: Լեզուներու լաւ ծանօթութեան պսակը կը կազմէր իր հայերէնի կատարելութեան հասնող տիրապետումը: Ան ազգային կեանքի ու քաղաքական անցուդարձերու գիտակ մարդ էր: Ուսանող եղած կուսակցական դպրոցին, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան, կառոյցին ու կազմակերպական կանոններուն խոր ու համապարփակ ծանօթութիւնը ունէր:
Ճինպաշեան յիշեց նաեւ հակասական թուացող գաղափարները մէկտեղելու, համադրելու ու բանաձեւելու ընկեր Բենոյի ունեցած կարողութիւնը եւ աւելցուց, որ Բենօ Թոնդեան շնորհիւ իր կուռ տրամաբանութեան, հայոց լեզուի գաղտնիքներուն իր ծանօթութեան ու գիտութեան պաշարին կրնար բացառիկ խմբագիր մը դառնալ, ճարտասան բանախօս մը ըլլալ, բայց նախընտրեց ուրիշին գրածը սրբագրել ու ձեւաւորել եւ մնալ շուքի մէջ: Դառնալ մտաւոր աշխատանքի բանուոր մը, անյայտ ասպետ մը:
Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց նաեւ, որ Բենօ Թոնդեան պատասխանատու պաշտօններ շատ ունեցած է: Մասնակցած է բարձրագոյն մակարդակի բազում ժողովներու, յատկապէս անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մակարդակի մարմիններուն: ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն կոմիտէ, Կեդրոնական կոմիտէ ու Բիւրօ: Դարձած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՀՅ Դաշնակցութեան համար դժուարին ու ծանր տարիներուն, երբ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը խափանուած էր Հայաստանի մէջ, ղեկավար ընկերներ բանտարկուած էին ու Դաշնակցութեան դէմ հալածանքը աննախընթաց սաստկութեամբ կը թաւալէր: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի անխոհեմ ու անպատասխանատու ղեկավարներուն դէմ իր ինքնապաշտպանական պայքարին մէջ չէր կրնար հաշուի չառնել Հայաստանի ու հայ ազգի շահը: «Հակադարձութիւնը կրնա՞ր, պէ՞տք է հասնէր այնպիսի մակարդակներու, որ վտանգէր Հայաստանի ապահովութիւնը, Արցախեան պայքարի յաղթական ելքը», ըսաւ Ճինպաշեան, ապա աւելցուց. «Անկարելի թուացող այս հաւասարումը լուծող ամէնօրեայ դժխեմ դէպքերու ու հրապարակումներու վրդովեցուցիչ մթնոլորտին մէջ` ուշիմ, խոհեմ, կուռ տրամաբանութեան տէր ու փոթորիկին դիմաց իր հաւասարակշռութիւնը պահել գիտցող նաւապետ մը պէտք է դառնային դաշնակցական մարմինները, ու առաջին հերթին` ՀՅԴ Բիւրոն ու ներկայացուցիչները»:
Ճինպաշեան նկատել տուաւ, որ ընկեր Բենոն եւ իր ընկերները նման ճակատագրական երկընտրանքի մը պայմաններուն մէջ գործած են, պայքարած, խոհեմութեամբ դիմագրաւած ու յաղթած :
«Մշակ բանուոր» քայլերգով Բենօ Թոնդեանին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ: