Գաղութային

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Դ. Փուլի Մասնակիցները Ստացան Իրենց Հաստատագիրները

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Դ. Փուլի Մասնակիցները Ստացան Իրենց Հաստատագիրները

Շաբաթ, 24 մայիս 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրին Դ. փուլի մասնակիցները ստացան իրենց հաստատագիրները: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու Ա., Բ. եւ Գ. փուլերուն մասնակիցները: 13 աշակերտներ Լիբանանի հայկական վարժարաններէն, որոնց շարքին` Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ,...

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Աշակերտական Բանավէճի Ծրագիր, Քննական Մտածողութիւն Եւ Մշակութային Կապ Հայաստանի Հետ

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Աշակերտական Բանավէճի Ծրագիր, Քննական Մտածողութիւն Եւ Մշակութային Կապ Հայաստանի Հետ

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Հայաստանի «Ճինիշեան» ձեռնարկին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հետ, 2024-2025 տարեշրջանին յաջողութեամբ գործադրեց «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրին լիբանանեան տարբերակը: Ծրագիրը որդեգրուած էր Հայաստանի մէջ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կողմէ 2005-էն սկսեալ իրագործուած օրինակելի փորձառութենէն, որ ներգրաւած է հայրենի հազարաւոր աշակերտներ: Նոյեմբեր 2024-ին մեկնարկած ծրագիրը համախմբեց 11 լիբանանահայ վարժարաններէ 33 աշակերտներ, որոնք...

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Նուիրուած Ձեռնարկ` Մըզհերի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Նուիրուած Ձեռնարկ` Մըզհերի «Մայիս 28» Պողոտային Վրայ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին, ուրբաթ, 30 մայիս 2025-ին Մըզհերի «Մայիս 28» պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած ձեռնարկ: Ձեռնարկը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի շեփորախումբի եւ սկաուտներու տողանցքով, որմէ ետք ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիաս մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի ներկայացուցիչները ծաղկեպսակ զետեղեցին Հայաստանի անկախութեան նուիրուած յուշակոթողին դիմաց: Ապա շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան քայլերգները: ՀՅԴ «Նիկոլ...

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան.    Ատամնաբուժական Նոր Սենեակի Բացում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան. Ատամնաբուժական Նոր Սենեակի Բացում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, նախաձեռնութեամբ տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանի եւ օժանդակութեամբ «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին, 23 մայիս 2025-ին, յեմիջօրէի ժամը 4:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ատամնաբուժական բաժանմունքի չորրորդ սենեակի բացման արարողութիւն: Ատամնաբուժական սենեակի բացման արարողութենէն եւ քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան` 2022...

Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ

Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ

Մայիս ամիսը, Աստուածամօր նուիրուած ըլլալու կողքին, հայերու համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Արդարեւ, փոխան  Մայրերու օր  տօնելու, լման ամիս մը` մայիսը,  նուիրած ենք մեր մայրերուն` յիշելու եւ յիշեցնելու, թէ մօր դերը որքա՛ն հիմնական է զաւակներու դաստիարակութեան, առողջ ընտանիքի  մը պատրաստութեան,  հայեցի սերունդի մը կազմաւորման եւ հետեւաբար` ազգի մը կերտումին մէջ: Մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ վառ պահելու համար մօր դերը եւ...

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով  Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան  Անկախութեան 107-Ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Մեծ Ընտանիքը Տողանցքով Եւ Հանդիսութեամբ Նշեց Մայիսեան Անկախութեան 107-Ամեակը

Բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանին  եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 1 յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուիրուած Մայիսեան աւանդական եւ տպաւորիչ փառատօն: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը ուղղեց վարչութեան ատենապետ Վահան...

Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը  Ճաշկերոյթ Սարքեց Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ճաշկերոյթ Սարքեց Ի Պատիւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ուրբաթ, 30 մայիս 2025-ի երեկոյեան, Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Նիքոս Տենտիաս, ի պատիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին սարքեց ճաշկերոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Սահակ եպս. Եմիշեան եւ վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան անդամները: Հաճելի մթնոլորտի մէջ փոխանակուեցան հայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ու յոյն ժողովուրդներուն առնչուած տեսակէտներ, տեղեկութիւններ ու հարցեր: Ճաշկերոյթի աւարտին պաշտպանութեան նախարարը վեհափառ հայրապետին յուշանուէր մը...

Յուսատու Մթնոլորտ Փոխանցող «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբի «Յոյսի Ձայներ» Խորագիրով Տարեկան Համերգը

Յուսատու Մթնոլորտ Փոխանցող «Կարկաչ» Մանկապատանեկան Երգչախումբի «Յոյսի Ձայներ» Խորագիրով Տարեկան Համերգը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ նախկին նախարար Վրէժ Սապունճեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, շաբաթ, 24 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբին «Յոյսի ձայներ» խորագիրով տարեկան համերգը: Երգչախումբի խմբավարն է Շողիկ Թորոսեան,  դաշնամուրի նուագակցութիւն` Վերոնա Ռուսիալեան: Համերգի սկզբնաւորութեան խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան...

Ռոպոթիքսի (Ինքնագործ Մարդասարքութեան) Դասարանի Պաշտօնական Բացում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Ռոպոթիքսի (Ինքնագործ Մարդասարքութեան) Դասարանի Պաշտօնական Բացում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Չորեքշաբթի, 21 մայիս 2025-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, ամերիկաբնակ բարերար տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմագեանին եւ տոքթ. Պերճ Աբգարեանին ներկայութեան տեղի ունեցաւ Ռոպոթիքսի (ինքնագործ մարդասարքութեան) դասարանին պաշտօնական բացումը: Դպրոցի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէն Անի Բագրատունի, որ ներկայացուց բարերարն ու տոքթ. Պերճ Աբգարեանը` յայտնելով, որ անոնք միաժամանակ բժիշկներ են եւ, մարդասիրական ոգիէն մղուած, յաճախ կ՛այցելեն Լիբանան իրենց մասնագիտական...

ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ Դասախօսութիւն Հայկական Ազգային Նուագարաններու Մասին

ԼՕԽ-ի Յարկին Տակ Դասախօսութիւն Հայկական Ազգային Նուագարաններու Մասին

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը 15 մայիսին կազմակերպեց դասախօսութիւն մը Հայ երաժշտութեան մէջ օգտագործուող ժողովրդական նուագարաններուն մասին: Դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Նաշալեան: Ան շեշտը դրաւ հայապահպանման գրաւականներէն հանդիսացող երաժշտութեան վրայ եւ ըսաւ. «Հայ երաժշտութիւնը եւ հայկական նուագարանները կը դառնան հայ ժողովուրդի անբաժան ընկերները: Կ՛երգեն հայրենասիրութիւն, կը մղեն պատերազմներ, կը խրախուսեն պայքարներ, կը ծաղկեցնեն հարսանիքներ եւ կ՛օրօրեն մանուկներ»:...

Ընտանիքներու Նուիրուած Աղօթքի Երեկոյ

Ընտանիքներու Նուիրուած Աղօթքի Երեկոյ

Ուրբաթ, 23 մայիս 2025-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ 2025-ի Մայիսեան ջերմեռանդութեան ԻԳ. օրը, որուն պատգամը փոխանցեց տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան: Ջերմեռանդութեան միասնաբար ձեռք ձեռքի բռնած աղօթեցին` Մալաթեան, Քէշիշեան, Մեսճեան, Հալլաճեան, Ժամկոչեան, Թութիկեան, Մարտիրոսեան, Կրպոյեան եւ Սարգիսեան ընտանիքները, որոնք ներկայացուցին ժողովրդապետութեան բոլոր ընտանիքները: Իւրաքանչիւր ընտանիք ծաղկեփունջ մը նուիրեց Ս. Խորանին` առ ի...

Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի Նորընտիր  Քաղաքապետական Խորհուրդը Այցելեց  «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի Նորընտիր Քաղաքապետական Խորհուրդը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հինգշաբթի, 29 մայիս 2025-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ ընտրական-քաղաքական մարմինի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին պատուիրակութիւնը Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի նորընտիր քաղաքապետական խորհուրդին` գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Ժորժ Սմաանի եւ փոխքաղաքապետ Խորէն Լուսարարեանի. անոնց կ՛ընկերակցէր վերընտրուած թաղապետ Աւետիս Քէօրքիւնեան: Տեղական ինքնակառավարման մարմինի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՅ Դաշնակցութեան զօրակցութեան եւ շրջանի հայութեան շնորհած վստահութեան համար: Պալապանեան անոնց նկատել...

Զմմառու Ուխտի Օր

Զմմառու Ուխտի Օր

Մայիսի վերջին կիրակին, աւանդութեան համաձայն, Զմմառու ուխտի օրն է, որուն արմատները կ՛երկարի դեռեւս Աստուծոյ Ծառայ` կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի օրերուն: Ան 1953-ին հռչակեց զայն: Այդ օրուընէ ցայսօր ուխտավայրի վերածուեցաւ հինաւուրց մայրավանքը: Ուխտի օրուան ընթացքին արտասանուած աղօթքները ի խորոց սրտէ բխած խօսքեր են` ուղղուած Զմմառու ցաւագին Տիրամօր: Ան` իր հրաշագործի մենաշնորհով, ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է յուսալքուած հայուն: Այս տարի եւս,...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  Հայաստանի Անկախութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչում  Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Յուշակոթողին Առջեւ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հայաստանի Անկախութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչում Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողին Առջեւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, 27 մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի անկախութեան 107-ամեակ» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունիի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի կողմէ ծաղկեպսակներու զետեղումով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի...

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան  Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան  Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 120-ամեակը: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ անդրադարձաւ ԶՈՄ-ի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ  «Աշխարհիկ սուրբ»-ին շնորհիւ, իսկ անոր առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եղան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, իսկ յաջորդող սերունդները տուին նահատակներ թէ՛ Լիբանանի...

Աթէնքի Մէջ Հանդիպում Կայացաւ  Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Յունաստանի Վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի Միջեւ

Աթէնքի Մէջ Հանդիպում Կայացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Յունաստանի Վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի Միջեւ

Հինգշաբթի, 29 մայիս 2025-ի կէսօրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հասաւ Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնք: Ժամանումէն անմիջապէս ետք, նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, որուն փոխանցեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի ողջոյնները եւ անոնց կողմէ կատարուած կարգ մը առաջարկները: Ապա, վեհափառ հայրապետն ու վարչապետը ընդհանուր քննարկման առարկայ դարձուցին Միջին Արեւելքի պարզած աշխարհաքաղաքական...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Շնորհահանդէս

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Ռազմիկ» յանձնախումբին, ուրբաթ, 24 մայիս 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած «Ռազմիկ» բացառիկի շնորհահանդէսը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ռազմիկ» յանձնախումբի անդամ Ճորճ Տէմիրճեան եւ ըսաւ, որ քանի մը տարուան բացակայութենէ ետք այս տարի լոյս կը տեսնէ «Ռազմիկ» պարբերաթերթը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան 110-ամեակին:...

«Ընտանեկան Սրբութիւնը` Առաջնահերթութիւն» Նիւթով Դասախօսութիւն-Բանավէճ

«Ընտանեկան Սրբութիւնը` Առաջնահերթութիւն» Նիւթով Դասախօսութիւն-Բանավէճ

Ուրբաթ, 23 մայիս 2025-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Ընտանիքներու համաշխարհային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-բանավէճ, կազմակերպութեամբ` Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ ընդգծեց ընտանիքի անհրաժեշտութիւնը. «Սրբազան կառոյց է հայ ընտանիքը իր աստուածատուր առաքելութեամբ: Ան մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է: Հայ...

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին  «Ազդակ»

Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան Ներկայացուցիչները Այցելեցին «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի տնօրէնութւնը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս  Պերճ Աբգարեանին եւ տոքթ․ Վաչէ Վասիլեանին։ Հիւրերուն կ՛ընկերանար Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան։ Պերճ Աբգարեան նախ հաստատեց, որ իրենց առաքելութիւնը 4-րդ անգամ ըլլալով աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Լիբանանի մէջ, եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս ծրագիրը։ Այնուհետեւ...

Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան Տօները Նշուեցան Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Անկախութեան Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Անուանակոչութեան Տօները Նշուեցան Մայրավանքին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան 107-ամեակին առիթով, կաթողիկոսանիստ մայր տաճարին մէջ այս տարի եւս կատարուեցաւ Գոհաբանական աղօթք (Հանրապետական մաղթանք), Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան կարգ` անկախութեան ճամբուն վրայ նահատակուած մեր ազգի քաջամարտիկ հերոսներու հոգիներուն համար: Առ այդ, կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահած սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ,...

Page 36 of 364 1 … 35 36 37 … 364

Արխիւներ