Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը

Մայիս 30, 2025
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 120-ամեակը:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ անդրադարձաւ ԶՈՄ-ի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ  «Աշխարհիկ սուրբ»-ին շնորհիւ, իսկ անոր առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եղան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, իսկ յաջորդող սերունդները տուին նահատակներ թէ՛ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին, թէ՛ Հայ դատի պաշտպանութեան խրամներուն մէջ եւ թէ՛ Արցախի ազատագրական պայքարի լուսաշող ճանապարհին վրայ:

«Անցնող 120 տարիներուն, ԶՈՄ-ը դարձաւ այն ոգեղէն պատուանդանը, ուր դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ կերտուեցան անոր սկզբունքներով` բարձր դասելով հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները, ամբողջական Հայաստանն ու Հայ դատի արդար լուծումը:  ԶՈՄ-ը հայ ուսանողութեան առջեւ ուղին յղկեց, հարթելով գաղափարական խիզախումներու ոգին, միշտ վերանորոգելով իր շարքերն ու գործունէութիւնը», ըսաւ Ս. Կարապետեան:

Ան շեշտեց, որ հակառակ մեր իրականութեան մէջ դժուար ու դառն տարբեր փուլերուն, Սիմոն Զաւարեանի շունչով ներշնչուած ուսանողներուն ոգիները երբեք յուսահատութիւն չճանչցան, այլ

ազգային թէ հանրային կաղացումներու եւ թերացումներու դիմաց քննադատական արի կեցուածք ճշդող, դաշնակցականի նախանձախնդութեամբ պահանջատէր ուսանողը պայքարի ու նուիրումի առաջին շարքերուն վրայ գտնուեցաւ, ազգային տենչերուն ու իրագործումներուն կառչեցաւ եւ հայ ժողովուրդի «յարատեւ կռիւ»-ը մշտարծարծ պահող գաղափարապաշտը հանդիսացաւ:

Սամիկ Կարապետեան ԶՈՄ-ին անդամակցիլը պարտաւորութեան կողքին համազօր նկատեց բախտաւորութեան. «Որովհետեւ ուսանողականը գերադաս մարմիններու տեւական գուրգուրանքին ենթակայ ըլլալով, յաճախ հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերուի զաւարեանականներու յանդուգն ելոյթներուն հանդէպ, ներողամտութեամբ կ՛ընկալուին անոնց յախուռն կեցուածքները, հասկացողութեամբ կը դիտուին անոնց չակերտեալ սխալները»:

Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ մերօրեայ ազգային թէ միջազգային անհուն դժուարութիւններուն` նշելով, որ ազգի մը արդիւնաւէտ առաջնորդութիւնը պէտք է հաստատուած ըլլայ գործնական ընթացքի վրայ, եւ ոչ թէ ուռուցիկ խօսքերու, իրապաշտ անկեղծութեան վրայ,  եւ ոչ թէ սխալ խոստումներու: «Այլապէս ներկան յեղափոխութիւն պիտի չըլլայ ալ, իսկ մենք պիտի դադրինք հանդիսանալ յեղափոխութիւնը յեղափոխութեան մէջ»:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` ՀՅԴ ԶՈՄ-ի հիմնադրութիւնը, պատմութիւնը եւ նախկին եւ ներկայի  ԶՈՄ-ի յանձնախումբերու աշխատանքը ներկայացնող:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վաչէ Նաճարեան ուղղեց Կեդրոնական կոմիտէին խօսքը` նշելով, որ Սիմոն Զաւարեանը` Դաշնակցութեան խիղճը, որ յատկանշուեցաւ իբրեւ գաղափարապաշտութեան, բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու եւ անսակարկ նուիրումի եզակի ու գլխագիր Մարդը, Պէյրութի մէջ 120 տարի առաջ հիմը դրաւ ուսանողական միութեան մը, որ ոչ միայն եղաւ ուսանողական կառոյց, այլ` գաղափարական հնոց` լեցուն խիղճով, տեսլականով ու պայքարի շունչով եւ լոյսով, որմէ ալ ծնաւ ԶՈՄ-ը:

Ան ըսաւ, որ այդ միութիւնը պարզապէս ուսանողական ակումբ մը չէր, այլ` Զաւարեան այդ կառոյցին մէջ դրած էր իր ամբողջ հոգեւոր եւ գաղափարական տեսլականը:

«Այսօր 120 տարի ետք ԶՈՄ-ը անգամ մը եւս կը կանգնի ժամանակի քննութեան առջեւ` իբրեւ գաղափարով ապրած, պայքարով սնած միութիւն մը, որ ինքզինք կը վերանորոգէ իր հիմնադիրին շունչով», ըսաւ Վ. Նաճարեան`  հաստատելով, որ պատմութեան մէջ հազուագիւտ են այն կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները, որոնք ունին երկար տարիներու ժառանգ եւ աշխատանք, ինչպէս որ է Դաշնակցութեան պարագան, նաեւ 120 տարուան պատմութիւն ունեցող ուսանողական միութիւններ, որոնք, հակառակ ժամանակի բոլոր դժուարութիւններուն, տակաւին կը գոյատեւեն եւ կ՛աշխատին ներշնչուելով իրենց հիմնադիրին գաղափարներով:

Զաւարեան ուսանողական միութեան համար անմար ջահ մըն է նախ այս 120 տարիներու ժառանգը, հիմնադիրին կտակը, որ կ՛ըսէ. «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է», եւ հիմնադիրի տիպարը` իբրեւ լուռ գործիչ զինուոր: Զինուոր մը, որ խօսքը չէր շռայլեր, այլ` գործով կը քարոզէր եւ որուն խօսքը իր զոհաբերութեան շարունակութիւնն էր, որուն բարոյական կեցուածքը Դաշնակցութեան խիղճը դարձաւ:

Նաճարեան նկատել տուաւ, որ ԶՈՄ-ը ականատես եղաւ համաշխարհային զոյգ պատերազմներուն, Ցեղասպանութեան արհաւիրքին, Լիբանանի քաղաքացիական տագնապին, Հայաստանի վերանկախացման խմորումներուն, Արցախի զարթօնքին ու անկումին եւ այդ բոլորը, իր ուսերուն վրայ, ուսանողական խիզախ ոգիով կրեց եւ ապրեցաւ: Ան եղաւ ուսանողական կուռ կառոյց, սակայն միայն ուսանողական չմնաց, այլ եղաւ նաեւ քաղաքական դպրոց եւ գաղափարական դարբնոց:

«ԶՈՄ-ը եղած է եւ պէտք է շարունակէ մնալ անցեալի դաշնակցական ժառանգին պատուանդանը եւ միաժամանակ ապագայի ճանապարհը լուսաւորող ջահը, որովհետեւ ան իր պատմութեան ժառանգորդը չէ միայն, այլ իր հիմնադիրին մարմնաւորած դաշնակցական խիղճին, որ եթէ մնայ պատմութեան մէջ, պիտի դառնայ արձան, եւ երբ ապրի իր ներկայով եւ ապագայով, պիտի դառնայ յարատեւ պայքար», շեշտեց Նաճարեան` հաստատելով, որ ԶՈՄ-ական ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ գաղափարի խօսքը վառ պահող դաշնակցական ուսանող, որ կը վերածուի գործի մարտիկի, որ երբ ճակատագիրը կը խամրի, ան կը վերածուի փարոսի եւ առաջնորդողի:

Շարունակելով իր խօսքը` Նաճարեան դիտել տուաւ, որ ԶՈՄ-ը նման յոբելենական հանդիսութիւններով առիթը չէ օգտագործած յիշատակելու իր յաղթանակները եւ իրագործումները, այլ` եղած է իրեն համար ուխտը վերանորոգելու, իր առաքելութեան եւ կամքը շարունակել կարենալու Զաւարեանի հոգեւոր ժառանգութիւնը` աւելցնելով, որ մեր ազգի ներկայ ոչ փայլուն պատմութեան այս փուլին, ԶՈՄ-ը պէտք է ըլլայ բեւեռ մը, որ կը ներգրաւէ հաւատացեալ ուսանողութիւնը, որ պիտի շարունակէ լուռ պայքարը, վերածելու հայ ուսանողութիւնը գաղափարական շարժումի յառաջամարտիկի: ԶՈՄ-ի պատգամը պէտք է ըլլայ հրամայական, շարունակելու ըլլալ գաղափարական հնոց, ո՛չ միայն մտածողութեան, այլեւ` գործի, ո՛չ միայն քննադատութեան, այլեւ` ստեղծագործութեան, ո՛չ միայն մասնակցութեան, այլեւ` առաջնորդութեան:

Վաչէ Նաճարեան հաստատեց, որ ԶՈՄ-ը այսօր մեր երիտասարդութեան մղիչ ուժն է` ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլեւ` ամբողջ հայութեան համար: ԶՈՄ-ական երիտասարդութիւնը իր գիտակցութեամբ եւ ուսումով կրնայ յառաջացնել գաղափարական թարմութիւն, որ անհրաժեշտ է որեւէ կուսակցութեան մը գոյատեւման համար:

«Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակը թող չըլլայ միայն յիշատակ, այլ մեկնակէտ նոր մտածողութեան, նոր նախաձեռնութիւններու, նոր ուսանողութեան մը, որ կը կրէ ի՛ր ժողովուրդին խիղճը ի՛ր ուսերուն վրայ, ինչպէս Զաւարեանն էր:

Եկէ՛ք ուխտենք այսօր` ապրելու ձեր անունին արժանավայել կերպով: Եկէ՛ք դարձէք  Զաւարեաններ ոչ թէ անունով, այլ նկարագիրով: Եկէք շարունակէք աշխատիլ ու պայքարիլ ի պատիւ Զաւարեանի խիղճին», եզրափակեց Վաչէ Նաճարեան:

Ապա երկու զաւարեանականներ` Սարգիս Եագուպեան եւ Եւա Ղազարեան տուեալներ ներկայացուցին ԶՈՄ-ի նահատակներուն մասին` Գաբրիէլ Անսուրեանի, Յակոբ Յովհաննէսեանի, Մեսրոպ Վարդանեանի, Հրանդ Տէր Յովհաննէսեանի, Վիգէն Պետրոսեանի եւ Մհեր Ջուլհաճեանի, նաեւ յիշեցին Յովհաննէս Թերզեանը, Ոսկան Թօփալեանը, Վահան Վարդանեանը, Սերժ Թովմասեանը, Սարգիս Ֆուճուրեանը, Վարդգէս Տէր Կարապետեանն ու Ներսէս Խիւտավերտեանը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով հաստատեց, որ 120 տարիներու փոթորկոտ կենսափորձ մը իր ուսերուն, 1904-ին Լիբանանի մէջ հիմնուած դաշնակցական առաջին ուսանողական միութիւնը այսօր կը նայի դէպի աշխատանքի, պայքարի եւ նուաճումներու նոր ապագայի: Ան ըսաւ, որ  Սիմոն Զաւարեանի հիմնած այս ուսանողական միութիւնը ամբողջ 120 տարի եւ աւելի իր գործունէութեամբ եւ յարաճուն ճառագայթումով ոչ միայն դերակատար եղաւ Լիբանանի դաշնակցական կառոյցին եւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ, այլ նաեւ յաջողեցաւ դառնալ համադաշնակցական կեանքի եւ համահայկական մտածողութեան զարգացման կարեւոր դերակատարներէն մէկը ու, հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներուն, մնաց ամուր, յարատեւ պայքարի ուղիին հետեւող, անզիջող, խիզախ, մարտունակ եւ գործունեայ, իր շարքերէն նահատակներ տուաւ համահայկական պայքարի զոհասեղանին, դարձաւ մեր ժողովուրդին կողմէ փնտռուած ու յարգուած շարժիչ ուժ, իսկ Դաշնակցութեան մէջ վերածուեցաւ գաղափարական հնոցի:

«ԶՈՄ-ը առաջին հերթին գաղափարական միաւոր է, ուր հայ ուսանողը եկած է իր ազատ կամքով գործելու ազատութեան, անկախութեան, ընկերային արդարութեան, հաւասարութեան, ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի, խտրականութեան մերժումի, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ազատագրութեան պայքարի, հայկականութեան եւ հայրենիքի պահպանման գաղափարներուն շուրջ համախմբուելու եւ զանոնք պաշտպանելով մեր հաւաքական կեանքին մէջ իրականութիւն դարձնելու եւ այդ գաղափարները տարածելու ի խնդիր», շեշտեց Բագրատունի:

Նշելով, որ ոչ մէկ համախմբում, քաղաքական կազմակերպութիւն կրնայ գոյատեւել, երբ կը զիջի գաղափարը` ան ըսաւ, որ ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան գաղափարի, միտքի եւ գաղափարական հարստութեան պահպանման հիմնական ներդրողն է, անոր պաշտպանը եղած է ու այդպէս պիտի մնայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նաեւ շեշտեց, որ երբ յեղափոխութիւնը զէնքի լեզուն է, մեր ուսանողութիւնը դեռ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ այդ լեզուն գիտցած է գործածել, եւ անոնցմէ շատեր ինկած են զէնքի հասկացողութեամբ յեղափոխական գործին մէջ: «Եւ երբ յեղափոխական նեղ ըմբռնումով զէնքը անհրաժեշտ եղած է Լիբանանի մէջ մեր ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպութեան, մեր ընկերները նաեւ եղած են հոս ու ինկած ժողովուրդին ինքնութիւնը պահպանելու պատնէշին վրայ: ԶՈՄ-ականը նոյն հաւատքով եղած է Արցախ, ազատագրութեան կռիւի ընթացքին թէ Արցախը թուրքին յանձնելու դաւադրութեան դէմ ծառանալու համար: Ու ԶՈՄ-ականի արիւնը շաղախուած է Արցախի հողին, եւ նահատակները կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ», յայտնեց ան:

Լուսարձակի տակ առնելով այն, որ Դաշնակցութեան զէնքը գաղափարական զէնքն է իր ամէնէն լայն ըմբռնողութեամբ` Բագրատունի հաստատեց, որ ԶՈՄ-ը Դաշնակցութեան յեղափոխական մտածողութեան լաւագոյն զինապահեստը եղած է ու պիտի մնայ անկասկած: Մեր կեանքը, մտածողութիւնը, ստրկամտութիւնն ու այլոց ծառայելու սովորամոլութիւնը հիմնովին յեղափոխելու ընդհանրական ճիգին առաջին խրամին զինուորը ըլլալու կոչուած է ԶՈՄ-ը, որուն իւրաքանչիւր ամեակ իրեն հետ պարտի բերել նոր հորիզոններ, նոր թիրախներ եւ նոր նուաճումներ:

«120-ամեակի աւարտը նշող Զաւարեան ուսանողական միութիւնը եւ դուք` ընկերներ, հսկայ պատասխանատուութեան դէմ յանդիման կանգնած էք այսօր` ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ զարգանալով յառաջ երթալու, պատնէշները քանդելու եւ մանաւանդ` սովորական դաշնակցական չըլլալու», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով խիզախ, անվհատ, անզիջող ըլլալու, մարտունակ, անկախ ու խիզախ մտածողութեամբ դատելու, վանելու հիասթափութիւնը, մերժելու կատարուած իրողութեանց հետ հաշտուիլը:

«Երիտասարդութիւնը կը շարժէ լեռները:  Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի վերածուիլ ժայռի, որ կը վանէ հարուածները ու կը շպրտէ խճաքարերը:  120 տարի փոթորիկներուն դիմացող Դաշնակցութեան ԶՈՄ-ը ձեզմով եւ գալիք սերունդներով պարտի ճառագայթել, նոր բարձունքներ նուաճել, դիմանալ, դիմադրել, ի հարկին նորը կառուցելու համար, աւելի լաւը ամրացնելու համար քանդել հինը, որպէսզի անպայման հասնինք մեր նպատակին, վերադառնանք տուն, հայրենի տուն, Արարատով ու Արցախով Հայաստան:  Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան, ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութեամբ», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` կոչ ուղղելով. «Հերթը ձերն է, դո՛ւք էք ապագան:  Մի՛ դանդաղիք ձեր պատասխանատուութեանց ստանձնման մէջ:  Պարտաւոր էք գալու եւ ղեկը ստանձնելու:  Մի՛ տատամսիք»:

Հանդիսութիւնը յեղափոխական երգերով հարստացուց Սուրէն Աճէմեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգով:

Նախորդը

Աթէնքի Մէջ Հանդիպում Կայացաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Յունաստանի Վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի Միջեւ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. Հայաստանի Անկախութեան 107-Ամեակի Ոգեկոչում Հայաստանի Ա. Անկախութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողին Առջեւ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?