ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը 15 մայիսին կազմակերպեց դասախօսութիւն մը Հայ երաժշտութեան մէջ օգտագործուող ժողովրդական նուագարաններուն մասին:
Դաստիարակչական յանձնախումբի անունով բացման խօսքը արտասանեց Սիւզի Նաշալեան: Ան շեշտը դրաւ հայապահպանման գրաւականներէն հանդիսացող երաժշտութեան վրայ եւ ըսաւ. «Հայ երաժշտութիւնը եւ հայկական նուագարանները կը դառնան հայ ժողովուրդի անբաժան ընկերները: Կ՛երգեն հայրենասիրութիւն, կը մղեն պատերազմներ, կը խրախուսեն պայքարներ, կը ծաղկեցնեն հարսանիքներ եւ կ՛օրօրեն մանուկներ»:
Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան դասախօս Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեանը, որ բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ն ու ՀՕՄ-ի տարած երախտարժան աշխատանքը նախ սփիւռքահայ զանազան գաղութներու մէջ, ինչպէս նաեւ յետ երկրաշարժի ու Արցախեան շարժման օրերուն` հայրենիքի մէջ:
Ան դիտել տուաւ, որ ձեռնարկին ընթացքին պիտի ապրինք մեր նուագարաններու մտերմութեան մէջ, անգամ մը եւս միասնաբար պիտի լսենք անոնց գեղեցիկ հնչողութիւնը` հայ վարպետներու կատարմամբ: «Կարելի չէ պատկերացնել հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու կեանքը առանց իր ազգային մշակոյթին, ան շատ ինքնատիպ է եւ իւրայատուկ», հաստատեց բանախօսը: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ձայնագրութեան եւ նոթագրութեան չգոյութեան պատճառով, հայոց հեթանոսական երաժշտական մշակոյթէն գրեթէ բան չէ հասած մեզի, բացառութիւն են Վահագնի Ծնունդը, Արտաշէս արքայի եւ Աղուանից Սաթենիկ իշխանուհիի պատումը եւ «Ծամթել» բանահիւսական պատառիկները, իսկ մեզի հասած երաժշտական առաջին մեղեդիները հայոց հնադարեան շարականներն են` 4-րդ դարէն 13-րդ դարու ընթացքին ստեղծուած:
Դասախօսը դիտել տուաւ, որ Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ ոչ միայն Հայոց այբուբենի հիմնաքարը դրին, այլ նաեւ եղան առաջին շարականագիրները: Եւ երաժիշտ հոգեւոր հայրեր շարունակեցին զարգացնել հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը` հասցնելով 10-րդ դարու Նարեկացիի եւ 12-րդ դարու Ներսէս Շնորհալիի գագաթները: Ան յայտնեց, որ ասոնց զուգահեռ մենք ունեցած ենք գուսանական արուեստը, որուն մէջ ներգրաւուածները ոչ միայն երգիչներ էին, այլ նաեւ հեղինակները իրենց երգած երգերու բառերուն եւ երաժշտութեան: Կամիլա Երկանեան-Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ ուրիշ է պարագան ժողովրդական երգին, որուն ստեղծումն ու տարածումը իր իւրայատկութիւնը ունի` աւելցնելով, որ անոնց հեղինակները յայտնի չեն: Քրիստափոր Կարա-Մուրզա, Մակար Եկմալեան եւ Կոմիտաս եղան առաջին երգահաւաքներն ու զանոնք մշակողները, եթէ անոնք չըլլային, այդ երգերը պիտի մոռցուէին ու կորսուէին:
Հայ երաժշտութեան մէջ օգտագործուող ժողովրդական եւ աշուղական նուագարանները ներկայացնելով` բանախօսը անդրադարձաւ անոնց պատրաստութեան նիւթերուն` տալով անոնց ձայնային տարաբնոյթ հնչերանգները: Անշուշտ մէկ ժամը անբաւարար պիտի ըլլար անդրադառնալու բոլոր նուագարաններուն ու լսել մեծաթիւ կատարումներ, սակայն դասախօսը փորձեց ներկայացնել անոնցմէ ամէնէն ընդհանրացածները` հեռատեսիլին վրայ մեծ վարպետներու կատարումով:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան բանախօսութեան, լիցքաւորուեցան վարպետներու կողմէ հայկական ազգային նուագարաններու երաժշտութեան կատարումներով եւ խնդրեցին, որ նման դասախօսութիւններ նորէն կազմակերպուին: