Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Ռազմիկ» յանձնախումբին, ուրբաթ, 24 մայիս 2025-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած «Ռազմիկ» բացառիկի շնորհահանդէսը:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ռազմիկ» յանձնախումբի անդամ Ճորճ Տէմիրճեան եւ ըսաւ, որ քանի մը տարուան բացակայութենէ ետք այս տարի լոյս կը տեսնէ «Ռազմիկ» պարբերաթերթը, որ նուիրուած է Ցեղասպանութեան 110-ամեակին:
Ան նկատել տուաւ, որ նմանօրինակ աշխատանքներ կը հանդիսանան լաւագոյն միջոցներէն մէկը` Հայ դատին կառչած մնալու, առիթ տալու հայ երիտասարդութեան քննական միտքով մտածելու եւ շարադրելու իրենց գաղափարները, իրենց գրիչով տարածելու Հայ դատի պահանջատիրութեան կարեւորութիւնը:
«Այս բացառիկով մենք կը հաստատենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը առաջնահերթ է բոլորիս համար: Մենք` իբրեւ ապագայ սերունդի ղեկավարներ, չենք ուրանար Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վճռակամ ենք շարունակելու մեր արդար դատի հետապնդման պայքարը», ըսաւ Տէմիրճեան:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Սէրուժ Խանճիհանեան, որ խօսեցաւ նման հրատարակութեան մը կարեւորութեան մասին` դիտել տալով, որ այսօր դէմ յանդիման ենք բազում վտանգներու, որոնք դարձեալ կը սպառնան շեղել հայ երիտասարդը իր ազգային սկզբունքներէն, որոնցմէ հիմնականներէն է` Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը, ուստի ՀՅԴ ԼԵՄ-ը նախաձեռնեց նման հրատարակութիւնը, որպէսզի լիբանանահայ երիտասարդութիւնն ու աշակերտութիւնը առիթ ունենան իրարու միտքերուն ծանօթանալու եւ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հայ դատը այժմէական պահելու: Ան անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրի այժմէականութեան, Հայ ժողովուրդին բռնի տեղահանութեան, մշակութային ցեղասպանութեան վտանգին, թրքական արտադրութիւններու դէմ պայքարին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգի առաջնահերթ պահպանման:
Հայ աշակերտին ու Հայ դատին անդրադառնալով` Խանճիհանեան նշեց. «Դատ մը այժմէական պահելու համար պէտք է քայլ պահենք աշխարհին հետ, իսկ աշխարհին հետ քայլ պահողը երիտասարդութիւնն է: Երիտասարդութիւնը տարիքն է թռիչքի, ստեղծագործ երեւակայութեան: Անկէ կը ծնի նորարարութիւնը, գիւտը եւ յեղափոխութիւնը: Երիտասարդութիւնը ներկան ու ապագան է: Ան Հայ դատի մղիչ ուժն է, որ պիտի այժմէականացնէ զայն` տուեալ ժամանակաշրջանին յատուկ, քայլ պահելով աշխարհի յառաջդիմութեան եւ բանականութեան եղանակին հետ»:
Ան ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով ԼԵՄ-ը կու գայ բոլորը զգաստութեան հրաւիրելու` շեշտելով, որ ներկայ իրավիճակը պէտք է յեղաշրջուի: «Ասիկա իրականացնելու համար բոլորս պատասխանատու ենք: Պատասխանատու են դաստիարակները, բժիշկները, գիտնականները, քաղաքագէտները, մշակները, բանուորները, ուսանողներն ու աշակերտները, երիտասարդներն ու պատանիները: Այս բոլորին գիտակցելէ ետք, կարելի չէ թոյլ եւ լուռ մնալ կատարուող իրադարձութիւններու ի տես: Մեր դիմաց ունինք երկու ուղի` կա՛մ մեր սեփական ձեռքով թաղենք մեր դատը եւ հայուն ազգային դիմագիծը, կա՛մ շարունակենք մեր պայքարը: Վճռականութեամբ կը յայտարարենք, որ երիտասարդութիւնը անպայման կ՛ընտրէ պայքարը», եզրափակեց ան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ աշակերտութիւնն ու երիտասարդութիւնը գոհունակ եւ հպարտ են վստահաբար, որովհետեւ իրենց աշխատանքին արգասիքը համախմբած է բոլորը եւ կը ճառագայթէ բոլորին մօտ:
«Ռազմիկ» պարբերաթերթին մասին խօսելով` բանախօսը նշեց, որ ան կը շարունակէ մնալ երիտասարդութեան համար գաղափարական ու քաղաքական մտածողութեան լիցքաւորման հնոց, տարիներ շարունակ «Ռազմիկ»-ը հայ կեանքին մէջ շարժում ստեղծող եւ զարթօնքի գաղափարը արծարծ պահող խօսնակ եղած է:
«Երիտասարդութեան բանբերը ըլլալու կողքին «Ռազմիկ» հրաւիրած է մեծ թիւով անհատներ եւ զրուցած ու արծարծած է հայ կեանքը յուզող զանազան խնդիրներ, ռազմավարական նպատակներ եւ ընդհանրապէս նորահաս սերունդներու կազմաւորման համար անհրաժեշտ գաղափարներ», ըսաւ ան:
Հաւաթեան գնահատեց «Ռազմիկ»-ի վերաշխուժացումը` Լիբանանի դիմագրաւած տարբեր տագնապներուն պատճառով արձանագրուած որոշ դանդաղեցումէն ետք, մանաւանդ որ այսօր երիտասարդ տղոց խոստմնալից խումբ մը, հաւատալով այս առաքելութեան յոյժ կարեւորութեան, ինքնավստահօրէն նետուած է հրապարակ եւ, հակառակ հրապարակագրութեան, ստեղծագործութեան եւ ընթերցանութեան դէմ օրէ օր բարձրացող խոչընդոտներուն, հոսանքն է վեր թիավարելու եւ հայ կեանքին մէջ երիտասարդական խօսքն ու պատգամը ամրագրելու շնորհակալ ու օգտաշատ աշխատանքի լծուած է:
«Ռազմիկ» բացառիկի բովանդակութեան մասին խօսելով` Յ. Հաւաթեան ըսաւ, որ հաւաքաբար պիտի չվայելէինք այս հրատարակութեան հպարտութեան պահը, եթէ երբեք գոյութիւն չունենային հայկական կրթօճախները: Ամէն բանէ առաջ մեր հայ վարժարաններն են մեր միջավայրին հայկական դիմագիծ, նկարագիր ու հայկականութիւն փոխանցող կառոյցները: Կարելի չէ պատկերացնել նաեւ միութենական առողջ ու աշխուժ մթնոլորտ առանց մեր վարժարաններու դերակատարութեան:
«Հայ աշակերտը եւ Հայ դատը, Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը, մշակութային ցեղասպանութեան վտանգը եւ թրքական արտադրութիւններու դէմ պայքարը արժանացած են մեր աշակերտութեան քննարկման եւ հոն տեղ գտած հաստատումները եւ այդ հաստատումներուն համար փոխանցուած հիմնաւորումները յօդուածները օժտած են, անկախ երիտասարդութեան յատուկ ընդվզումի եւ պոռթկումի արտայայտութիւններէ, առարկայական մօտեցումով եւ տուեալներու ճի՛շդ գնահատումով հարուստ բովանդակութեամբ», աւելցուց ան` շեշտելով, որ պէտք է ականջալուր ըլլանք հոն տեղ գտած միտքերուն:
Իր խօսքը աշակերտութեան ուղղելով` Հաւաթեան ըսաւ. «Ձեր խօսքը եւ գործը թող ընթանան համերաշխ եւ համահունչ, փորձեցէք համախմբել ձեր բոլորին կարողութիւնները եւ տաղանդները, որպէսզի դառնաք ուժ, հայկական անխորտակ ուժ: Դուք մեր ազգին ու անոր լինելութեան ու գոյատեւման, արարման ու նոր յաղթանակներու կերտման պատրաստ բանակ դառնալու բոլոր տուեալները ունիք: Քալեցէ՛ք յառաջ…»:
Աւարտին, ներկաներուն բաժնուեցան օրինակները «Ռազմիկ» բացառիկի, որուն մէջ ԼԵՄ-ականներու յօդուածներուն կողքին տեղ գտած են գրութիւնները լիբանանահայ 12 վարժարաններու աշակերտներու, որոնք քննական միտքերով արտայայտուած են Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը վառ պահելու անհրաժեշտութեան մասին:
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած «Ռազմիկ» բացառիկի բովանդակութիւնը կ՛ընդգրկէր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի խօսքը, ԼԵՄ-ի «Բաց նամակը» Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութեան մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան եւ ԼԵՄ-ական ընկերներու յօդուածներ, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ՀՅԴ ԼԵՄ-ի նախաձեռնութիւններուն մասին տեղեկատուութիւն եւ ժամանց:
Լիբանանահայ վարժարաններէն իրենց մասնակցութիւնը բերած են հետեւեալ աշակերտները`
Ազգային միացեալ վարժարանէն` Քրիսթինա Պապուքեան, Սապին Պիթար եւ Սօսէ Խաչատուրեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն` Նաթէլ Հաւաթեան եւ Քրիստ Դարբինեան, Ազգ. Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճէն` Նազէ Այնթապեան եւ Գաբրիէլ Հաւաթեան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն` Մեղրի Գասապեան եւ Հայկ Ժերդիտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն` Յովհաննէս սրկ. Պայտունեան եւ Տեսիլք Վահէ սրկ. Ֆիլիքեան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն` Սինթիա Հայէք, Մէյրի Էքմէքճեան եւ Լոռի-Կասիա Սալիպեան, Անարատ յղութեան Հայ կաթողիկէ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն` Քրիստ Ազէզեան: Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն` Միհրան Ամպարճեան եւ Սերժ Հայրանեան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն` Ալիք Ազնաւուր եւ Վիգէն Տէմիրճեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն` Կարուժ Արոյեան, Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան Այնճարէն` Սթեֆանի Տանիէլ եւ Գեռակ Պագգալեան, ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճէն` Փաթիլ Փափազեան եւ Սէլին Աթաշբարայեան:
Իսկ ԼԵՄ-ական ընկերներէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ներսէս Ապրիլեան, Ճորճ Տեմիրճեան, Կարէն Հերկելեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Յակոբ Գիզիրեան, Գէորգ Մարգարեան, Ալին Այեանեան, Մեղրի Սալպաշեան եւ Լոռի Յովսէփեան: