«Ազդակ»-ի տնօրէնութւնը ընդունեց այցելութիւնը Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան նախագահ, Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանին եւ տոքթ․ Վաչէ Վասիլեանին։ Հիւրերուն կ՛ընկերանար Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան։
Պերճ Աբգարեան նախ հաստատեց, որ իրենց առաքելութիւնը 4-րդ անգամ ըլլալով աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Լիբանանի մէջ, եւ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա․ վեհափառ հայրապետին, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէ այս ծրագիրը։
Այնուհետեւ Պերճ Աբգարեան հաստատեց, որ լիբանանահայութեան նկատմամբ իրականացուած բժշկական օժանդակութիւնները ինք կը բնութագրէ ոչ թէ իբրեւ պարտաւորութիւն կամ պարտականութիւն, այլ ծառայութիւն։
Հանդիպումը առիթ էր խօսելու առաքելութեան կատարած օժանդակութիւններուն մասին, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ։
Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան աշխատանքներուն մասին «Ազդակ» տոքթ․ Վաչէ Վասիլեանի հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք յաջորդիւ։