Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ Բժշկական Առաքելութեան. Ատամնաբուժական Նոր Սենեակի Բացում ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» Կեդրոնին Մէջ

Յունիս 3, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Հայ բժշկական առաքելութեան, նախաձեռնութեամբ տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանի եւ օժանդակութեամբ «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին, 23 մայիս 2025-ին, յեմիջօրէի ժամը 4:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ատամնաբուժական բաժանմունքի չորրորդ սենեակի բացման արարողութիւն:

Ատամնաբուժական սենեակի բացման արարողութենէն եւ քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան` 2022 թուականէն ի վեր  «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ անոնց կատարած մարդասիրական ծառայութեան համար,  մատնանշելով, որ այս քայլը հարազատ վկան է այն իրողութեան, որ միութիւններ թէ կազմակերպութիւններ չեն կրնար իրենց առաքելութիւնը իրագործել առանց բարերարներու նեցուկին:

Աւագեան ըսաւ. «2022, 2023, 2024 եւ 2025 տարիները մեր կեդրոնին համար եղան յատուկ տարիներ, որովհետեւ Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութիւնը իր ներկայութեամբ եւ ժողովուրդին ցուցաբերած հոգատարութեամբ յաւելեալ փայլ մը աւելցուց կեդրոնին մատուցած ծառայութիւններուն վրայ»:

Տնօրէն Նազելի Աւագեան մատնանշեց նաեւ, որ բժշկական խնամքի, դեղորայքի յատկացումին զուգահեռ` կեդրոնը արեւային վահանակներով ու ատամնաբուժական 4-րդ աթոռով մը օժտելու, ինչպէս նաեւ կեդրոնը նորոգելու ծրագիրները իրենց դրական անդրադարձը ունեցան  կեդրոնի գործունէութեան վրայ: Ան երախտագիտական խօսքերով  եզրափակեց իր խօսքը եւ հաստատեց, որ  «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը  դարձաւ բժշկական առաքելութեան տունը եւ շնորհիւ առաքելութեան բարոյական թէ նիւթական աջակցութեան` լոյսի եւ յոյսի ճառագայթներ սփռեցուեցան մեր գաղութին մէջ:

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի յանձնախումբին անունով անգլերէն լեզուով խօսք առաւ ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան, որ դրուատեց Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան ծառայութիւնը, լուսարձակի տակ առաւ վերջին տարիներուն բժշկական առաքելութեան` կեդրոնին մէջ ունեցած ներդրումները` դեղորայքի ապահովում,  արեւային վահանակներու տեղադրում,   կեդրոնի նորոգութիւն եւ արդիական ոճով ատամնաբուժական սենեակի մը  բացում: Տոքթ. Էճիտեան յիշեց նաեւ պատուիրակութեան սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանան այցելութիւնը ու ըսաւ. «Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, Ֆրեզնոյի բժշկական պատուիրակութիւնը, անտեսելով տեսակ-տեսակ խոչընդոտները, յաջողեցաւ իրագործել իր առաքելութիւնը եւ եղաւ կեդրոնին ու լիբանանահայ գաղութին կողքին: Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան»:

Հանդիսութեան աւարտին սրտի խօսք արտասանեց Ֆրեզնոյի հայ բժշկական առաքելութեան անդամ տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեան,  որ ըսաւ. «Երախտիքի խօսք ունիմ ըսելիք բժշկական առաքելութեան նախագահ Պերճ Աբգարեանին,  «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին եւ առաքելութեան անդամ ատամնաբուժ տոքթ. Վաչէ Վասիլեանին,  որուն հետեւողական ճիգերուն շնորհիւ` մենք գիտցանք կեդրոնի ատամնաբուժական բաժանմունքին կարիքները եւ կարողացանք բաժանմունքը օժտել արդիական նոր աթոռով մը»: Ծրագիրի նախաձեռնող տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեան անդրադարձաւ «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտին տեսլականին, որուն նպատակներէն է բժշկական բարձրորակ խնամք մատուցել հայ համայնքի զաւակներուն եւ իբրեւ արդիւնք` բժշկական առաքելութիւնը «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնէն ներս իրագործեց ատամնաբուժական սենեակի մը բացման ծրագիրը»: Տոքթ. Ալթըպարմաքեան խօսքը աւարտեց շնորհակալական խօսքեր ուղղելով «Գլարա Մարկոսեան» ֆոնտի մարդասիրական ծրագիրներուն հաւատացող եւ անոնց ի նպաստ գործող բոլոր անհատներուն:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ուենցաւ կարկանդակի հատում:

Նախորդը

Պու

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». «Մաքլարեն» 25 Տարի Ետք Կը Գրաւէ 1-2 Դիրքերը` Պարսելոնայի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?