ՀՅԴ ԶՈՄ-ի 120-Ամեակին Հանդիսութեան Լուսարձակի Տակ Առնուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Ուսանողութեան Դերակատարութեան Կարեւորութիւնը
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը կիրակի, 25 մայիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 120-ամեակը: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի խօսքը արտասանեց Սամիկ Կարապետեան, որ անդրադարձաւ ԶՈՄ-ի ծննդոցին, որ տեղի ունեցաւ «Աշխարհիկ սուրբ»-ին շնորհիւ, իսկ անոր առաջին սերունդի ներկայացուցիչները եղան Ցեղասպանութենէն ճողոպրածները, իսկ յաջորդող սերունդները տուին նահատակներ թէ՛ Լիբանանի...




















