Չորեքշաբթի, 21 մայիս 2025-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ, ամերիկաբնակ բարերար տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմագեանին եւ տոքթ. Պերճ Աբգարեանին ներկայութեան տեղի ունեցաւ Ռոպոթիքսի (ինքնագործ մարդասարքութեան) դասարանին պաշտօնական բացումը:
Դպրոցի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէն Անի Բագրատունի, որ ներկայացուց բարերարն ու տոքթ. Պերճ Աբգարեանը` յայտնելով, որ անոնք միաժամանակ բժիշկներ են եւ, մարդասիրական ոգիէն մղուած, յաճախ կ՛այցելեն Լիբանան իրենց մասնագիտական ծառայութիւնը մատուցելու հայ գաղութին:
Բարերար տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմագեան յայտնեց, թէ քայլերգին ունկնդրութեան պահուն ինք յուզուեցաւ, որովհետեւ երգը զինք տարաւ դէպի իր մանկութեան օրերը, երբ ինքն ալ աշակերտ եղած ատեն երգած էր իր դպրոցին քայլերգը. ան ըսաւ. «Այս յիշողութիւնը ոչ միայն ջերմութիւն ներշնչեց մէջս, այլ նաեւ խոր զգացում մը, որ անցեալը, ներկան ու ապագան միախառնուած են կրթական այս սուրբ առաքելութեան մէջ»:
Բացման հանդիսութենէն ետք Անի Բագրատունի ըսաւ. «Երբ արհեստագիտութիւնը օրէ օր նոր հորիզոններ կը բանայ մարդկութեան դիմաց, երկու տարի առաջ անհրաժեշտ նկատեցինք, որ մեր քոլեճի աշակերտները եւս քայլ պահեն ժամանակակից գիտութեան հետ, մուտք գործեն նորարարութեան դաշտ, ստանան արհեստագիտական ժամանակակից կրթութիւն եւ ձեռք բերեն գործնական հմտութիւններ: Անցնող տարիներուն մեր քոլեճի բոլոր ուսուցիչները հետեւեցան ռոպոթիքսի մարզումներու, անոնցմէ երկու պատասխանատու ուսուցիչները աւելի մասնագիտացան, որպէսզի հետեւին եւ զարգացնեն աշակերտներուն կարողութիւններն ու հմտութիւնները: Մեր ծրագիրը իրագործուեցաւ շնորհիւ ամերիկաբնակ «Քլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմագեանին (Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա) 50,000 տոլար նուիրատուութեան: Տոքթ. Վարուժան այսօր մեր մէջ կը գտնուի, անձամբ պաշտօնական բացումը կատարելու 2023-ին հիմնուած ու կահաւորուած այս դասարանին»:
Տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմագեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ նման դասարանին մտայղացումը ամէնէն հեռատես գաղափարն է, եւ անիկա պիտի ծառայէ իբրեւ գիտական ու ստեղծարար միտքի ջերմոց, ուր աշակերտները ոչ միայն պիտի ծանօթանան ռոպոթաշինութեան սկզբունքներուն, այլ նաեւ պիտի սորվին խումբով աշխատիլ, միասին մտածել եւ լուծումներ գտնել տարբեր խնդիրներու: «Իմ ամէնէն մեծ փափաքս է, որ մեր աշակերտները դառնան ոչ միայն գիտելիքներով զինուած, այլ նաեւ յաջողակ եւ արժէքաւոր մարդիկ, որովհետեւ իսկական յաջողութիւնը միայն անձնական ձեռքբերումներով կարելի չէ գնահատել, այլ այն պատասխանատուութեամբ, որով մարդը կը վերադառնայ իր համայնքին, կ’օգնէ ուրիշներուն եւ կը դառնայ բարութեան շղթայի օղակ», ըսաւ բարերարը: Ան աւելցուց. «Ես կը գնահատեմ աշակերտներուն համարձակութիւնը. այսօրուան աշխարհին մէջ ամէնէն կարեւոր յատկանիշներէն մէկը ինքնավստահութիւնն է. մեր պատանի սերունդը իր ինքնավստահ կեցուածքով եւ նորարար մտածողութեամբ, ոգեշնչման աղբիւր է: Ես կը հաւատամ, որ այս պատանիները պիտի դառնան ապագայի այն երիտասարդ ջահակիրները, որոնք հայ համայնքը պիտի առաջնորդեն դէպի աւելի լուսաւոր ու արդիւնաւէտ ապագայ»:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ տոքթ. Պերճ Աբգարեան, որ իր ուրախութիւնն ու նոյն ատեն յուզումը արտայայտեց. «Այս օրը կենդանի վկայութիւնն է այն ճշմարտութեան, որ հեռաւոր Ամերիկան եւ Լիբանանը միացած են ամրապնդելու հայ հոգին, հաւատքն ու յարատեւութիւնը: Մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունի, որ լիբանանահայը զգայ, թէ ինք մինակ չէ: Զգայ, որ մենք կը մտածենք իրեն հետ, իր խօսքը մեր սրտին մէջ տեղ ունի, իսկ իր մտահոգութիւնները` մեր մտահոգութիւններն են: Այս համոզումով, մենք շարունակ կը փորձենք գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել մեր ազգի զաւակներուն` բժշկական ծառայութեամբ, հոգածութեամբ ու սիրով»:
Անկէ ետք Անի Բագրատունի քոլեճի հայատառ ստեղնաշարէն մէկական օրինակ նուիրեց տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմագեանին եւ տոքթ. Պերճ Աբգարեանին:
Բարերար մարդոց աջակցութիւնը մեզի կը յուշէ, որ հաւատք-տեսլական համախմբումով կարելի է կերտել լուսաւոր ապագայ: