Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Դ. Փուլի Մասնակիցները Ստացան Իրենց Հաստատագիրները

Յունիս 4, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 24 մայիս 2025-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրին Դ. փուլի մասնակիցները ստացան իրենց հաստատագիրները:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու Ա., Բ. եւ Գ. փուլերուն մասնակիցները:

13 աշակերտներ Լիբանանի հայկական վարժարաններէն, որոնց շարքին` Ազգային Միացեալ վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, ինչպէս նաեւ` Հայկազեան համալսարանէն, միացան այս ծրագիրին եւ աշխուժ կերպով հետեւեցան նախաձեռնութեան պարփակած բոլոր մանրամասնութիւններուն:

«Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ» ծրագիրի պատասխանատու Արշօ Պալեան իր արտասանած խօսքով անդրադարձաւ ծրագիրին մասնակիցներուն կատարած աշխատանքին` արժեւորելով անոնց հետեւողականութիւնը:

«Դ. փուլի բոլոր մասնակիցներուն աշխատանքն ու հետեւողականութիւնը բարձր գնահատելի էին: Ձեր կատարած բոլոր աշխատանքներուն եւ այցելութիւններուն մասին պատրաստած ձեր գրութիւնները լոյս տեսած են այսօրուան «Ազդակ»-ի թիւով:

Մեր ակնկալութիւնն է սակայն, որ հրատարակուած ձեր տպաւորութիւնները ըլլան առաջին քայլը, եւ ձեր ստորագրութիւնները շարունակուին մեր սիրելի օրաթերթին էջերով լոյս տեսնել` արտայայտելու համար ձեր խօսքը, միտքը, գաղափարն ու կարծիքները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս աշխատանքը անկարելի պիտի ըլլար իրականացնել` առանց «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ ծրագիրին նպաստող բոլոր օգնականներուն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին աջակցութեան, դպրոցներուն եւ դասախօսներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը` աշակերտներուն մասնակցութեան:

Ա. Պալեան ներկայացուց նաեւ այդ օրուան հաւաքին երկրորդ նպատակը, որն էր`  «Երիտասարդ գրողներու – աշխատակիցներու» ծրագիրը, որ կ՛ենթադրէ ամսական դրութեամբ հանդիպումներ ունենալ եւ քննարկել տարբեր տեսակի այժմէական նիւթեր, ունենալ վարժանիստեր, որոնց լոյսին տակ պիտի ծնին գրութիւններ:

Այդ գրութիւնները հետագային առանձին յաւելուածով մը հրատարակելու առաջադրանքով եւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներուն խօսքն ու պատգամը տեղ հասցնելու նպատակով պիտի աշխատինք:

Այս առիթով «Ազդակ»-ի տնօրէն, գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ իբրեւ օրաթերթ «Ազդակ»-ի խմբագրած սովորական եւ ելեկտրոնային թիւերուն կողքին, անոր իրականացուցած տարբեր գործառոյթներուն, ինչպէս` առցանց լսարաններուն, թուայնացման աշխատանքներուն, խմբագրական քննարկում-ժողովներուն, այլ հաստատութիւններու հետ գործակցութեան, «Ազդակ»-ի արխիւի մատենագիտութեան պատրաստութեան:

Շ. Գանտահարեան շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի բազմաթիւ ծրագիրներու կողքին կայ նաեւ մարդուժի պատրաստութեան ծրագիրը, որ «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրն է:

«Այս ծրագիրին առաջադրանքն երիտասարդ մեր մարդուժը պատրաստել եւ զայն կապել թերթին, եւ ասիկա կարեւորագոյնն է: Եթէ մենք վաղուան մարդուժը չպատրաստենք, կրնանք ուղղուիլ դէպի լճացում, որ օգտակար չէ որեւէ աշխատանքի, հաստատութեան կամ օրաթերթի համար», ընդգծեց ան:

Շ. Գանտահարեան անդրադարձաւ այն հետաքրքրական իրականութեան, որ լրագրութեան վարժողական ծրագիրի Դ. փուլը արդէն իսկ աւարտած է: «Սա կը նշանակէ, թէ չորս հանգրուան, իւրաքանչիւրը` 7-8 ամսուան տարողութեամբ գործնական, տեսական, յօդուածագրութիւն, թղթակցութիւն, հարցազրոյց, վիտէոյի պատրաստութիւն, հսկայ աշխատանք է: Հետեւողական կերպով գործնական աշխատանք կատարուած է, եւ այդ մասին հրատարակուած են մասնակիցներուն մտածումներն ու տպաւորութիւնները եւ պատրաստած գրութիւնները: Ձեր գրութիւնները հրատարակուեցան, այսինքն դուք բոլորդ առիթը ունեցաք ձեր մտածումը, գաղափարն ու դիտանկիւնը կիսելու ընթերցող լսարանին հետ: Շատ կարեւոր է ասիկա, եւ հաւատացէք, որ նախորդ ամիսներու ընթացքին ձեր նախապատրաստական աշխատանքն է, որ կարելի դարձուց հրամցնելու այդ հրատարակութիւնը», հաստատեց ան:

Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ապագայ լրագրողներ» լրագրողական վարժողական ծրագիրի ձեւաչափը պիտի փոխուի եւ փորձ պիտի կատարուի չորս փուլերուն ընթացքին պատրաստուած երիտասարդները վերստին համախմբել: «Այսինքն դուք երէկ իբրեւ ապագայ լրագրող, այսօր իբրեւ երիտասարդ գրող կամ աշխատակից` այս նոր ծրագիրին մասնակիցները պիտի ըլլաք: Նոր ծրագիրը կ՛ենթադրէ հաւաքուիլ թեմայի մը շուրջ, բացատրութիւններ ստանալ, քննարկում կատարել եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ ձեր եզրակացութիւնները, ըմբռնումներն ու տեսակէտները գրաւոր արտայայտել: Ի վերջոյ այդ գրութիւնները պիտի հրատարակուին յատուկ յաւելուածով, եւ անիկա պիտի ըլլայ ձեր թերթը, որ նաեւ առցանց պիտի տարածուի: Այս ծրագիրին համար շատ կարեւոր է հետեւողականութիւնը: Իսկ քննարկուելիք նիւթերը պիտի ըլլան այժմէական նիւթեր, իսկ այդ նիւթերու առաջարկները պիտի ստանանք նաեւ ձեզմէ, որպէսզի մեր վարժանիստերուն ընթացքին անոնք քննարկենք եւ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք` տեսակէտներ յայտնուին ու հրատարակուին», հաստատեց ան:

Շ. Գանտահարեան յայտնեց, որ այս մէկը օգտակար պիտի ըլլայ հայ երիտասարդին հրապարակագրական կազմաւորումին համար եւ ապա թերթին` իբրեւ կենարար նոր աւիւն:

Ան բարձր գնահատեց Դ. փուլի շրջանաւարտները, որոնք աշխուժ մասնակցութիւն բերին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր աշակերտներուն, որոնք մասնակցեցան ծրագիրին, նաեւ` դպրոցներուն, որոնք քաջալերեցին անոնց մասնակցութիւնը, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին, որ օժանդակեց ծրագիրին իրականացման, ինչպէս նաեւ` ծրագիրին գործադրութեան հսկող պատասխանատուներուն:

«Մեր միակ ակնկալութիւնը ձեր հետեւողականութիւնն ու խանդավառութիւնն է` այս գործին, որուն արդիւնքները օգտաշատ պիտի ըլլան բոլորիս համար», եզրափակեց ան:

Ապա տեղի ունեցաւ հաստատագիրներու յանձնում:

Դ. փուլի մասնակիցներն էին` Էնտրիւ Քէօմպէճեան, Արեւիկ Գազանճեան, Սելին Պէրպէրեան, Ծիլա Գարտաշեան, Հրայր Գասպարեան, Գէորգ Մարգարեան, Լիւսի Գասեմճեան, Քրիստափոր Թազեան, Թիֆընի Իտ, Նորա Գէորգեան, Սէրլի Նեմշեհիրլեան, Մեղրի Սալպաշեան եւ Քարլա Ռուպէլեան:

Նշենք, որ հաստատագիրներու յանձնումին առիթով «Ազդակ»-ի 24 մայիս 2025-ի թիւին մէջ լոյս տեսան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ստորագրութիւնները կրող գրութիւններ

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայ Ժողովուրդ` Ողջ Լուսարար

Յաջորդը

Կարգը Հասաւ Եկեղեցիին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Եւ Արուեստից Վարժարաններու Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?