«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Հայաստանի «Ճինիշեան» ձեռնարկին եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հետ, 2024-2025 տարեշրջանին յաջողութեամբ գործադրեց «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրին լիբանանեան տարբերակը: Ծրագիրը որդեգրուած էր Հայաստանի մէջ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կողմէ 2005-էն սկսեալ իրագործուած օրինակելի փորձառութենէն, որ ներգրաւած է հայրենի հազարաւոր աշակերտներ:
Նոյեմբեր 2024-ին մեկնարկած ծրագիրը համախմբեց 11 լիբանանահայ վարժարաններէ 33 աշակերտներ, որոնք աւելի քան վեց ամիսներու ընթացքին վերապատրաստուեցան քննական մտածողութեան, հիմնաւորուած փաստարկի, հրապարակային խօսքի եւ կարծիքներու հանդուրժողական փոխանակման մէջ:
Շաբաթական աշխատանոցները` կազմակերպուած «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ, ամբողջովին արեւմտահայերէնով էին` միաժամանակ նպաստելով արեւմտահայերէնի վարժ եւ ժամանակակից գործածութեան: Ամսական դրութեամբ հայկական վարժարաններու մէջ, հանրութեան բաց բանավէճերու շնորհիւ` աշակերտները առիթ ունեցան կիրարկելու իրենց ստացած գիտելիքներն ու հմտութիւնները:
Մրցակցային փուլերէն ետք ընտրուեցան վեց աւարտական մասնակիցներ` ներկայացնելու Լիբանանը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք եզրափակիչ փուլին:
Ընտրուած աշակերտներն էին` Յովիկ Չերչեան (Ազգային Միացեալ վարժարան), Նազօ Պետիկեան (Ազգային Միացեալ վարժարան), Արինա Ուաննէս (Եղիշէ Մանուկեան ազգային քոլեճ), Սէրլի Տեմիրճեան (Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան), Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան (Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան), Սելին Քէօսէեան (ՀԲԸՄ վարժարաններ):
Նախքան Հայաստան մեկնիլը` 3 մայիս 2025-ին, ըներակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանին եւ ծրագիրի պատասխանատուներուն, մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց խումբը եւ բարձր գնահատեց «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի այս նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով նման ծրագիրներու կարեւորութիւնը հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման մէջ: Հիմնարկի տնօրէնը դեսպանին ներկայացուց ծրագրին ձեռք բերած իրագործումները` անդրադառնալով, թէ ան ապագայի առողջ մտածելակերպով երիտասարդներ պատրաստելու կողքին, կը միտի նաեւ նոր թափ տալ արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութեան` իբրեւ գաղութային գոյատեւման հիմնական ազդակ:
Լաւապէս պատրաստուելէ ետք, 6 մայիսին վեց աշակերտներէ բաղկացած խումբը, գլխաւորութեամբ հիմնարկի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանի, մեկնեցաւ Երեւան` մասնակցելու «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» բանավէճի եզրափակիչ փուլին: Անոնք դիմաւորուեցան Հայաստանի «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» ծրագիրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեանի եւ հիմնարկի անձնակազմին կողմէ:
Այս այցելութիւնը, սակայն, սահմանափակուած չէր միայն մրցաշարքով: Այս առիթով աշակերտները այցելեցին` Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ հերոսամարտի յուշահամալիր, Ս. Էջմիածին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, ԹՈՒՄՕ կեդրոն, Խոր Վիրապ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի, Սեւան, Սաղմոսավանք, Օհանավանք, Գառնի եւ Գեղարդի վանք: Անոնք հանդիպեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Գայիանէ Մածունեանին, մասնակցեցան վարժողական զրոյցներու, նաեւ տեսակցեցան արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի տնօրէն Ազնիւ Ստեփանեանի հետ, մասնակցեցան դաշտային այցելութիւններու` ծանօթանալու «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի հովանաւորած բարգաւաճման ծրագիրներուն, եւ այցելեցին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու եւ խոնարհելու ժամանակակից հերոսներու շիրիմներուն առջեւ:
Խումբը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեանին, Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Արմէն Յակոբեանին, ինչպէս նաեւ` «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի վարչութեան անդամ Ռեպեքա Պարնզի եւ երիցական եկեղեցւոյ փոխատենապետ Պերրի Քրիչի հետ:
Բանավէճի եզրափակիչ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ 9-11 մայիսի միջեւ, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ «Անի Փլազա» պանդոկին մէջ: Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ ծրագիրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան, որ անդրադարձաւ ծրագրի 21-ամեայ յաջողութիւններուն` նշելով, որ այս տարի յատկանշական է Ջաւախքի կողքին լիբանանահայ աշակերտներու մասնակցութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ հայրենիքի մէջ նոր փորձառութիւն պիտի ըլլայ արեւմտահայ լեզուով բանավէճի մասնակցութիւնը: Ապա խօսք առաւ Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակին` այս իւրայատուկ առիթին համար, որուն ճամբով լիբանանահայ աշակերտներ առիթը ունեցան այցելելու հայրենիք` շփում ունենալու հայրենակից քոյր եղբայրներու հետ եւ ձեռք բերելու եզակի փորձառութիւն:
Մօտ 100 աշակերտներ` Հայաստանի տարբեր շրջաներէ, Ջաւախքէն եւ Լիբանանէն, բանավիճեցան այժմէական հարցերու շուրջ, ինչպէս` «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութիւն», «Արհեստական բանականութիւնը կրթութեան մէջ», «Ամուլսարը պէ՞տք է շահարկուի», «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալու համար հարկաւո՞ր է բնակիլ Հայաստան» եւ «Արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն հասնելու համար տնտեսական պատժամիջոցներ կիրարկելը անընդունելի է» թեմաներով:
Լիբանանի «Պէյրութ 1» եւ «Պէյրութ 2» խումբերը գնահատուեցան իրենց արդիւնաւէտ եւ արեւմտահայերէնով ինքնավստահ ելոյթներուն համար:
«Պէյրութ 1»-ին մաս կը կազմէին` Նազօ Պետիկեան, Սէրլի Տեմիրճեան, Արինա Ուաննէս:
Արդիւնք` 255-262` ի շահ «Երեւան 4» դպրոցի:
«Պէյրութ 2»-ին մաս կը կազմէին` Յովիկ Չերչեան, Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան, Սելին Քէօսէեան: Արդիւնք` 273-260 յաղթանակ, անցում երկրորդ փուլ:
Երկրորդ փուլին «Պէյրութ 2» խումբը բանավիճեցաւ«Ամուլսարը պէ՞տք է շահագործուի» նիւթին շուրջ` ներկայացնելով բնապահպանական հիմնաւորուած փաստարկներ: Խաղը աւարտեցաւ 283-280 արդիւնքով` ի շահ «Երեւան 1» դպրոցին:
Ծրագրի պատասխանատուները, բանավէճերու դատական կազմերը եւ ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին Լիբանանի բոլոր մասնակիցներուն մասնագիտական, ազդեցիկ եւ հրապուրիչ ելոյթները:
Ծրագրի աւարտին տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն, վկայագիրներու, յուշանուէրներու եւ մետալներու բաշխում: Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան ընդգծեց այս նախաձեռնութեան 21-ամեայ յաջողութիւնը եւ խրախուսեց աշակերտները` ծառայելու ազգին ու հայրենիքին: Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան վեր առաւ մասնակիցներուն նուիրումը պատերազմական պայմաններու մէջ եւ նշեց, որ այս վեց աշակերտներէ բաղկացած խումբը պիտի դառնայ ծրագիրին ընդլայնման հիմնաքարը:
Նշենք, որ «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» 2024-2025 ծրագիրը իրագործուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան աջակցութեամբ եւ «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Լիբանանի եւ Հայաստանի գրասենեակներու համակարգումով: