Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ

June 3, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ
Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ

Մայիս ամիսը, Աստուածամօր նուիրուած ըլլալու կողքին, հայերու համար յատուկ նշանակութիւն ունի: Արդարեւ, փոխան  Մայրերու օր  տօնելու, լման ամիս մը` մայիսը,  նուիրած ենք մեր մայրերուն` յիշելու եւ յիշեցնելու, թէ մօր դերը որքա՛ն հիմնական է զաւակներու դաստիարակութեան, առողջ ընտանիքի  մը պատրաստութեան,  հայեցի սերունդի մը կազմաւորման եւ հետեւաբար` ազգի մը կերտումին մէջ:

Մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ վառ պահելու համար մօր դերը եւ անոր նկատմամբ երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով «Շնորհակալութիւն ձեզի, մեր մայրեր» նշանաբանով երեքշաբթի, 27 մայիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպած  էր մայրերու յատուկ ձեռնարկ մը` Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ: Հայաշէնցի մայրերուն ուղղուած հրաւէրին ընդառաջած էին բազմաթիւ մայրեր եւ մեծ մայրեր:

Սարդարապատեան յաղթանակի յիշատակութեան նախօրէին կազմակերպուած սոյն ձեռնարկը նաեւ յետմահու շնորհակալութիւն էր 107 տարի առաջ  մեր նահատակներու մայրերուն, որոնց հայեցի դաստիարակութեան արգասիքը եղող  սերունդին  կը պարտինք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծումը:

Ձեռնարկի բացման խօսքին մէջ  վեր առնուեցաւ մօր պարտականութեան  եւ կարեւորութեան յատկանիշները, 21-րդ դարու տարատեսակ դժուարութիւններուն յաղթահարելու եւ պարտաճանաչ ու գիտակից սերունդ պատրաստելու անոր կարողականութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Արեգ» թատերական դպրոցը,  որ  ներկայացուց մայրերու եւ Սարդարապատի յաղթանակին նուիրուած թատերական երկու պատկերներ:

Տուտուկի վրայ մայրերու նուիրուած կտորներ նուագեց Պարոյր Նալպանտեան,  իսկ Սօսի Տէր Խաչատուրեան ասմունքեց մօր նուիրուած բանաստեղծութիւններ:

Գեղարուեստական յայտագիրի մասնակիցները ոգեւորեցին ներկաները` խոստանալով հաւատարիմ մնալ մայր Հայաստանին եւ եռագոյն դրօշին:

Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ ներկաներու «Սարդարապատ» յաղթերգի յոտնկայս կատարումով:

Ապա ներկաներուն  նուիրուած  վարդերով, հիւրասիրութեան մը շուրջ վերջ գտաւ այս համեստ, սակայն իմաստալից ձեռնարկը:

Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ
Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ` Հայաշէնի Մէջ
Նախորդը

Հայերէն Գիրքը Փոքիկներուն Աշխարհին Մէջ

Յաջորդը

Պու

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Ապահովական Խորհուրդի Եւ ՄԱԿ-ի Անդամ Երկիրներու Դեսպաններուն

November 10, 2026
ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը
Գաղութային

ՀՅԴ Երիտասարդականը Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Բարձրաձայնեց Հայ Պատանդներու Եւ Արցախի Հայաթափման Հարցերը

November 10, 2026
Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին
Գաղութային

Մըզհերի Հոգեւոր Լսարանը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանին

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.