Ուրբաթ, 23 մայիս 2025-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Ընտանիքներու համաշխարհային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-բանավէճ, կազմակերպութեամբ` Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ ընդգծեց ընտանիքի անհրաժեշտութիւնը. «Սրբազան կառոյց է հայ ընտանիքը իր աստուածատուր առաքելութեամբ: Ան մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է: Հայ ընտանիքը ճակատագրական դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները: Հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն», ըսաւ ան: Հարպոյեան դիտել տուաւ, որ վերջին տասնամեակին ընտանեկան եւ ընկերային մեր կեանքին մէջ բացթողումներ արձանագրուեցան: Հայ ընտանիքին առողջ կեանքը մասամբ ապառողջ վիճակ պարզեց` օտար խառն ամուսնութիւններու եւ անբարոյ կենցաղի վրիպումներու պատճառով:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց Պէյրութի պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահը` մասնագէտ ամուսնական կեանքի եւ ընտանեկան հովուական առաքելութեան, Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանը` «Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկ»-ի տնօրէն, ընկերային ծառայող եւ մօտէն հետեւող այսօրուան ընտանիքներուն իրավիճակին եւ Ազնիւ Փոլատեանը` հոգեբան, իր կարգին մօտէն հետեւող ընտանիքներու ներկայ հոգեբանական իրավիճակին:
Բանավէճին քննարկուեցան զանազան մարտահրաւէրներ եւ թեմաներ, որոնք այսօրուան ընտանիքներու իրականութիւնը կը ներկայացնեն, մանաւանդ անդրադարձ կատարուեցաւ մոլութիւններուն, դաւաճանութեան, անտարբերութեան, կանանց իրաւունքին եւ անգործութեան պատճառով տիրած իրավիճակներուն:
Գրիգոր եպս. Պատիշահի մօտեցումը հոգեւոր էր եւ պահպանողական, Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան առօրեայ կարիքներն ու գործնական քայլերը լուսարձակի տակ առաւ, իսկ Ազնիւ Փոլատեան ներկայացուց այսօրուան ընտանիքներուն իրավիճակը եւ անոնց դարմաններուն վերաբերող խորհուրդներ տուաւ:
Շուրջ 45 վայրկեան տեւած բանավէճին ընթացքին բոլորը համաձայն գտնուեցան ընտանիքին գերագոյն արժէք հանդիսանալուն եւ շեշտեցին ընտանիքի սրբութեան, փոխադարձ յարգանքի, իրարու ունկնդրութեան եւ սիրոյ կարեւորութիւնը:
Ապա գեղարուեստական յայտագիրով Շաքէ Պաղտասարեան մեներգեց «Հայոց կանայք», «Հայու աչքեր» եւ «Մի՛ մոռանար քո ազգին» երգերը` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:
Աւարտին, տեղւոյն ժողովրդապետ եւ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան հոգեւոր վարիչ Սահակ վրդ. Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն ու ներկաներուն եւ խրատեց ընտանիքի սրբութիւնը ապրիլ` սահմանելով հեռախօսի գործածութեան ժամանակները եւ աւելի ուղղակի հաղորդակցութեան ձեւին առիթ տալը: Ապա ան ընտանիքներու սրբութեան համար աղօթք բարձրացուց. այն աղօթքը, որ ներկաներուն մուտքին բաժնուած էր, որպէսզի կարողանան յաճախ աղօթել եւ չմոռնալ, որ միայն Աստուած է, որ կրնայ ընտանիքը հաստատ պահել: Գերապայծառին «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը, մեկնարկ տալով` Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Ընտանեկան յանձնախումբին»: