Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ. 100 Դպիր-Դպրուհիներու, 15 Կիսասարկաւագներու Եւ 6 Սարկաւագներու Հաւաքական Ձեռնադրութիւն
Վեհափառ հօր կողմէ 2025 թուականը հռչակուած էր որպէս «մարդուժ պատրաստելու տարի»: Առ այդ, եւ Հոգեգալստեան տօնին առիթով, կիրակի, 8 յունիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ձեռնադրութիւն` 100 դպիր-դպրուհիներու, 15 կիսասարկաւագներու եւ 7 սարկաւագներու, ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Պատարագի ընթացքին սրբազան հայրը, նախքան խորան բարձրանալը, կատարեց 100 դպիր-դպրուհիներու ձեռնադրութիւնը...




















